ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս հերթական անգամ ժամադրուած էին համայնքային շրջանակները՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ։ Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Մայր եկեղեցւոյ մէջ արդէն զգալի էր եռուզեռ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էին Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Քալէնտէրեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։ Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն։ Աւելի վերջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր երանաշնորհ Տ. Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին մօտ, որ կը գտնուի Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հաւաքոյթին եւս նախագահեց Ընդհանուր Փոխանորդը, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ հոգեւոր հայրերը։ Սեղանակիցներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, զանազան սերունդներէ կեդրոնականցիներ եւ հիւրեր։ Մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Ասլանեան եւ իր ընկերները, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Օրուան յայտագրին շրջագծով ելոյթներով հանդէս եկան Յարութիւն Էպէօղլու եւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու այս առթիւ բացատրութիւններ տուաւ Տոլափտէրէի իրենց տարածքի արժեւորման ծրագրին շուրջ։ Ըստ իր բացատրութիւններուն, այդ տարածքին վրայ պիտի կատարուի շինարարութիւն մը, որ պիտի տեւէ շուրջ երկու տարի։ Այդ գործընթացի աւարտին տարածքին վրայ պիտի կառուցուի շէնք մը, որ պիտի արժեւորուի որպէս պանդոկ։ 25 տարուան ժամանակաշրջանի մը աւարտին շէնքին սեփականութեան իրաւունքը պիտի պատկանի Ղալաթիոյ խնամակալութեան, իսկ ընթացքին պիտի առնուին վարձավճարներ։
Սիրոյ սեղանի տեւողութեան յայտագրին խանդավառ մասնակցութիւն բերին նաեւ Կեդրոնականի աշակերտները։ Տայք Միսիսօղլուի հանդիսավարութեամբ անոնք արտասանութիւններ ու երգեր ներկայացուցին հանդիսատեսներուն։ Աշակերտները նաեւ սրահին մէջ տողանցեցին պաստառներով, որոնք յիսուն տարի առաջուան իսթանպուլահայ կրթական կեանքին վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներ կը ցոլացնէին եւ այդ տուեալներուն լոյսին տակ բնականաբար բոլորը մտածելու կը հրաւիրուէին այսօրուան անհամեմատելի իրականութեան շուրջ։ Տղաքը այս բոլորը ներկայացուցին «Յիշենք անցեալը, կերտենք ապագան» կարգախօսով, միշտ շետշելով հայ դպրոցի առաքելութեան կարեւորութիւնն ու անփոխարինելի նշանակութիւնը։
Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին հազիւ թէ կէսը հանգանակուեցաւ երէկուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին, յամենայնդէպս սա համայնքային շրջանակներուն կողմէ կարեւոր զօրակցութեան մը դրսեւորումը եղաւ Կեդրոնականի ընտանիքին համար։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքով եւ աղօթքով։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024