Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը
19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար: Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ ալ զրկուած էին:
Հայ կնոջ ընկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարած առաջին գրագիտուհին եղած է Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901): Ան կը շեշտէր, որ կիները այրերու հաւասար կրթութիւն պէտք է ստանան: Տիւսաբ կ՚առաջարկէր, որ աղջիկներու կրթութիւնը հիմնական փոփոխութեան ենթարկուի, եւ անոնք ստանան տղոց հաւասար ուսում, որպէսզի հետագային կարենան ազատօրէն ասպարէզի ընտրութիւն կատարել: Շնորհիւ Սրբուհի Տիւսաբի նմաններուն արծարծած յառաջադէմ գաղափարներուն, հայ աղջիկներ Պոլսոյ մէջ սկսան թաղային վարժարաններ յաճախել: Հիմնուեցան նաեւ աղջկանց վարժարաններ:
1866 թուականի դրութեամբ՝ Պոլսոյ մէջ գործած է 46 հայկական վարժարան (երեսուներկու արական, տասնչորս իգական)՝ 4700 աշակերտ, 1472 աշակերտուհիներով: 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ երկսեռ վարժարաններ հիմնադրուած են նաեւ պատմական Հայաստանի բոլոր գաւառներու կեդրոններուն, ապա նաեւ գիւղերուն մէջ:
Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցին 1855 թուականին կը հիմնադրէ երկու անջատ դպրոցներ, որոնք գործել սկսած են 1855 թուականին, մէկը՝ մանչերու, միւսը՝ աղջիկներու:
Գրող, հասարակական գործիչ Պերճ Պռոշեան հիմնադրեց Շուշիի (1864թ.) եւ Երեւանի Գայանեան (1866թ.) դպրոցները: Հայ աղջիկներու համար բացուած առաջին դպրոցներէն է Շուշիի Մարիամեան (Մարիամ Հախումեան) օրիորդաց դպրոցը, որ հիմնադրուած է 1864 թուականին: Շուշիի Մարիամեան դպրոցը Արցախի մէջ սկիզբը դրաւ կանանց կրթութեան:
Էրզրումի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ 1870 թուականին հիմնադրուած է Հռիփսիմեան օրիորդաց դպրոցը, որ նախապէս կոչուած է Թարգմանչաց վարժարան, այնուհետեւ՝ Հռիփսիմեան վարժարան: Առաջին ուսումնական տարեշրջանին (1870-1871) այդ դպրոցը կը յաճախէին 291, իսկ 1882 թուականին՝ 400 աշակերտուհիներ: Վարժարանի ուսուցիչներէն եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ