ՆԵՐՍԷՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ. «ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳԻՐՔԸ ՄԷԿ ԱՄԲՈՂՋՈԹԻՒՆ ԵՆ»
Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնին կից գործող Տեղեկատուական միջոցներու կեդրոնի տնօրէն, Հայաստանի Գրադարանային միութեան վարչութեան հիմնադիր նախագահ Ներսէս Հայրապետեանի հետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի զրոյցը առաւելաբար կը վերաբերի իր ղեկավարած կեդրոնի տարած աշխատանքներուն: Մասնագիտութեամբ գրադարանավար-մատենագէտ մեր զրուցակիցը, որուն ողջ մասնագիտական գործունէութիւնը կապուած է գիրքին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ին խօսեցաւ նաեւ ընթերցողգիրք այսօրուան յարաբերութիւններուն մասին՝ նշելով, որ գիրքը եւ մարդը մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ անբաժան երեւոյթ մըն են իրենց համադրութեան մէջ, ուստի պէտք է գտնել այն պատճառները, թէ ինչո՛ւ մարդը կը հեռանայ գիրքէն եւ վերացնելով այդ արգելքները՝ հարկ է մարդը մօտեցնել գիրքին: Մինչ ամերիկեան դեսպանատան գրադարանի ղեկավարութիւնը ստանձնելը՝ Ներսէս Հայրապետեան եղած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի փոխ-տնօրէնը, իսկ մինչ այդ ալ, դասախօսական աշխատանք ունեցած է Երեւանի Պետական մանկավարժական համալսարանի Գրադարանավարութեան եւ մատենագիտութեան բաժնին մէջ: Նաեւ անոր հիմնած Հայաստանի Գրադարանային միութեան նախաձեռնութեամբ ամէն տարի Ապրիլին տեղի կ՚ունենայ Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ կրկին գիրքը տարածելու, ընթերցանութիւնը քարոզելու միջոց մըն է: Ներսէս Հայրապետեան Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գրադարանին մէջ սիրով հիւրընկալեց մեզ եւ պատասխանեց մեր հարցումներուն:
-Պարոն Հայրապետեան, միշտ կը յիշեմ Ձեզ՝ գիրքերու, գրադարաններու աշխարհի մէջ էք, գրատարած, գրասէր գործունէութիւն կը տանիք, ուրկէ՞ կու գայ այդ անսահման սէրը գիրքի, գրադարանային գործի հանդէպ:
-Մանկութենէն, կու գայ եւ ի հարկէ՝ դպրոցէն: Ես դպրոցական տարիներուն զգացած եմ, որ գրադարանավար ծնած եմ, այդ մասնագիտութիւնը ընտրած եմ տակաւին դպրոցական տարիներէն: Տասներորդ դասարանի մէջ որոշած եմ, որ պէտք է դիմեմ Մանկավարժական համալսարանի Գրադարանագիտութեան եւ մատենագիտութեան բաժինը: Աւարտելէ ետք նոյն վայրին մէջ սկսած եմ աշխատիլ, այնուհետեւ՝ 1991-2003 թուականներուն եղած եմ Հայաստանի Ազգային գրադարանի փոխ-տնօրէնը:
-Իսկ յետոյ ստանձնած էք այս աշխատանքը՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ: Ի՞նչ է տեղեկատուական միջոցներու եւ պաշարներու կեդրոնի աշխատանքի բնոյթը:
-Տեղեկատուական միջոցներու եւ պաշարներու կեդրոնը գրադարան է՝ + նշանով: Առաջ աւելի շատ գրադարանը կը գերակշռէր, քան՝ առաւել նշանը, հիմա ելեկտրոնային, թուային եւ հեռակայ աշխատանքի ձեւերը աւելի տարածում ունին: Եթէ առաջ ամէն օր իմ մօտ, դեսպանատան գրադարանի մէջ օրական կ՚ունենայինք միջինը քսան այցելու, հիմա ի հարկէ, այդքան այցելու չկայ, բայց ատոր փոխարէն հիմա աւելի շատ կ՚օգտուին մեզմէ, քան՝ առաջ, որովհետեւ մենք մեր այցելուներուն, մեզմէ օգտուողներուն կը սպասարկենք առցանց դրութեամբ: Այսինքն, պայման չէ, որ այցելուն գայ, հասնի մեզ մօտ, որպէսզի օգտուի մեր պաշարներէն: 2010 թուականէն սկսեալ մենք եւ Հայաստանի մէջ գործող հինգ ամերիկեան անկիւնները մեր այցելուներուն անվճար եւ ազատ մուտք կու տանք դէպի eLibraryUSA տեղեկատուական շտեմարանները, որ մեծ հանգոյց մըն է եւ որու մէջ մուտք գործողը կրնայ աւելի քան երեսունհինգ տարբեր շտեմարաններէ օգտուիլ: Մեր հիմնական օգտուողները անգլերէն լեզուն սորվիլ փափաքողները, լեզուներու ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուողները, այլ մասնագիտութիւններ ուսումնասիրողներն են, ինչպէս՝ հասարակական գիտութիւններ, գործարարութիւն եւ այլն: Շտեմարանները մեծ ծրար մըն են, եւ մարդիկ, իրենց տունին մէջ նստած, կ՚օգտուին այդ հնարաւորութիւններէն: Որեւէ մէկը, որ կը դիմէ մեզի, պէտք է ըլլայ կամ ամերիկեան դեսպանատան գրադարանի, կամ ալ՝ իրեն մօտիկ գտնուող ամերիկեան անկիւնի օգտուողը: Մեր գրադարանը երկու գործառոյթ ունի. օրուան առաջին կէսը աւելի շատ դեսպանատան դիւանագիտական հատուածին համար կ՚աշխատինք, կը հետեւինք օրուան լրահոսին, ունինք յատուկ շտեմարաններ, որոնցմէ տեղեկութիւններ կը քաղենք, լրաքաղ կը հաւաքենք, իսկ օրուան երկրորդ կէսին մեր աշխատանքին կ՚աւելնայ նաեւ այցելուներու եւ օգտուողներու հետ աշխատանքը:
-Ովքե՞ր են հիմնական օգտուողները:
-Մեր հիմնական օգտուողները ուսանողներն են։ Օգտուողներու կարգին են նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, անգլերէնի ուսուցիչներ, կամ պարզապէս մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած են ամերիկագիտութեամբ կամ մեր գիրքերով, որոնք տեսակաւոր նիւթեր կը պարունակեն: Նոյնիսկ արդէն պայման ալ չէ, որ անձը, որ կ՚այցելէ մեր կեդրոնը, լաւ տիրապետէ անգլերէնին, կրնայ գալ, նայիլ մեր ամսագրերը, գիրքերը, զորս մենք կը ստանանք Միացեալ Նահանգներէն, օգտուիլ համացանցէն եւ այդ ամէն ինչը մեր կեդրոնը կը տրամադրէ ազատ ու անվճար հիմունքներով:
-Իսկ ի՞նչ են ամերիկեան կեդրոնները, որոնց աշխատանքի կառավարումը նոյնպէս Ձեր կեդրոնի հսկողութեան ներքոյ է:
-Ամերիկեան կեդրոնները աշխարհի մէջ սկսած են պաշտօնապէս գործել 2000 թուականէն ի վեր: Այսօր աշխարհի եօթանասուն երկիրներու մէջ կան ամերիկեան անկիւններ, որոնց թիւը կը հասնի 477-ի: Հայաստանի մէջ կայ հինգ ամերիկեան անկիւն (www.americancorners.am) մէկը՝ Երեւանի, միւսները՝ մարզերու մէջ, որոնք տեղաբաշխուած են Հայաստանի գրադարաններէն ներս, գրադարանի մէկ անկիւնը յատկացուած է ամերիկեան գրականութեան, մշակոյթին, կրթութեան, առհասարակ՝ ամերիկեան արժէքներուն: Զանազան տարիքի մարդիկ կը յաճախեն այդ կեդրոններ, անգլերէն լեզուով գրականութիւն կը կարդան, կ՚ուսումնասիրեն նորութիւններ, զանազան ձեռնարկներու կը մասնակցին: Բազմաթիւ ամերիկեան հեղինակներու ժամանակակից հրատարակութիւններ Հայաստանի գրադարաններու մէջ դժուար է գտնել, բայց ամերիկեան անկիւններուն մէջ անոնք կան: Երեւանի մէջ թերեւս հնարաւոր է գիրք մը, ամսագիր մը աւելի դիւրին գտնել, բայց մարզերը զրկուած են այդ հնարաւորութիւններէն։ Ահա ինչու մենք կը կարեւորենք մարզերու հետ աշխատանքը, եւ ամերիկեան անկիւններէն զատ կը գործակցինք նաեւ մարզային այլ գրադարաններու հետ, մարզերու մէջ գործող համալսարաններու գրադարաններուն հետ: Քանի որ ելեկտրոնային ընթերցիչները արդէն երթալով մեծ տարածում գտած են, եւ ուսանողները սիրով կ՚ընթերցեն շարժական սարքերով, մենք համալսարաններու գրադարաններուն նուիրած ենք ելեկտրական ընթերցիչներ, որոնց մէջ գրականութիւն բեռնուած է, ցանկութեան պարագային իրենք ալ կրնան բեռնել:
Կրկին գալով ամերիկեան անկիւններուն, ըսեմ, որ անցնող տարուան մէջ Հայաստանի ամերիկեան անկիւնները ունեցած են 67 հազարէ աւելի այցելութիւն, այսինքն ամէն օր աւելի քան 250 հոգի մտած է ամերիկեան անկիւններ, ինչ որ գրադարաններու՝ քիչ յաճախելիութեան այս պայմաններու մէջ շատ լաւ թիւ մըն է: Անկիւնները կը կազմակերպեն դասախօսութիւններ, համաժողովներ, ցուցահանդէսներ, խօսակցական ակումբներ, ամերիկեան ժապաւէններու ցուցադրութիւններ եւ քննարկումներ: Անոնք իւրօրինակ համայնքային մշակութային կեդրոններ են: Այս տարի Երեւանի ամերիկեան անկիւնը անգլերէն բեմադրութիւն պատրաստած է դպրոցականներու համար, որու բեմադրութեան գծով նաեւ Երեւանի մէջ բնակող սուրիահայ երախաներ մասնակցած են:
-Իբրեւ երկար տարիներ Հայաստանի գրադարանային ասպարէզի մէջ աշխատած մէկը, ինչպէս նաեւ այդ ասպարէզին շատ լաւ ծանօթ ըլլալով, ի՞նչ վիճակի մէջ կը տեսնէք Հայաստանի գրադարանները:
-Կ՚ուզեմ այս առիթով յիշել հեռաւոր 1994 թուականը, երբ ես Միացեալ Նահանգներ այցելած էի՝ հետազօտական եւ ուսումնական ծրագրերով՝ Իլինոյի համա-լըսարան եւ այդ այցի շրջանակներու մէջ, օր մը, կանգնած էի Լոս Անճելըսի Կեդրոնական հանրային գրադարանի հինգերորդ յարկին վրայ, մեր հայրենակցի՝ Սիլվա Նաթալի Մանուկեանին հետ, որ գրադարանի միջազգային լեզուներու բաժնի վարիչն էր, գրադարանն ալ շքեղ կառոյցի մը մէջ էր, իսկ ընթերցողները առտու կանուխ արդէն կը սպասէին դռներու քով, երբ դռները կը բացուէին, 200-300 հոգի մէկ անգամէն ներս կը մտնէր, ինչ որ գրադարանի մը համար երանելի բան մըն է: Տիկին Սիլվան ինծի ըսաւ՝ Ներսէս, երբ ես քեզի կը նայիմ, կը տեսնեմ ինքզինքս ասկէ քսան տարի առաջ, եւ այս պահուն, երբ դուն ինծի կը նայիս, կը տեսնես ինքզինքդ քսան տարի յետոյ: Քսան տարի յետոյ 2014 թուականն էր, այսինքն՝ մեր օրերը, ան կ՚ակնարկէր, որ քսան տարի առաջ իրենց գրադարանը նոյն պայմանները չէ ունեցած, ինչպէս այդ օրը, եւ նոյնքան ընթերցող չէ ունեցած, ինչպէս այդ ժամանակ, եւ Հայաստանի մէջ ալ քսան տարի յետոյ մօտաւորապէս նոյնը պիտի ըլլայ:
Չեմ կարծեր, թէ գրադարանային շէնքերու, շինութիւններու առումով եկած է այդ ժամանակը, որովհետեւ այսօր մենք մատներու վրայ կրնանք հաշուել գրադարաններ, որոնք տեղաւորուած են այսօրուան պահանջները բաւարարող կառոյցներու մէջ, բայց հնարաւորութիւններու առումով բեկուածքը, խզուածքը՝ մեր եւ Արեւմուտքի միջեւ, երթալով կը փոքրանայ: Այսինքն, մեր քովն ալ շատ արժանաւոր գործեր կ՚ընեն՝ թուայնացման առումով, նոր միջոցներ մէջտեղ կը բերեն եւ կը վերափոխուի գրադարանային գործը, որպէսզի յարմարցուի այսօրուան ընթերցողի պահանջներուն: Ընթերցողը, եթէ կը նայի գրադարանին եւ գրադարանը իրեն չ՚առաջարկեր այսօրուան արտադրանքը, ինք չի գար գրադարան: Գրադարանները պէտք է վերափոխուին, երթալով նոր գիրքերու թիւը կ՚աւելնայ, գիրքերը կը փոխուին, տպագիր գիրքը կը կրճատուի, թուային թեքստերը կ՚աւելնան եւ մարդիկ առաւել կ՚ուզեն զանոնք կարդալ: Ես, անշուշտ, չեմ ուզեր այդ մանրամասներու մէջ մտնել, թէ ին՛չ տեղի կ՚ունենայ, երբ ան ելեկտրոնային կարդայ կամ թուային կարդայ։ Այդ մէկը բոլորովին այլ թեմայ մըն է, բայց ընթերցանութիւնը այսօր ալ կայ, մատուցման ձեւերը կան, եւ եթէ գրադարանները պատրաստ են ընթերցող ընդունելու, ճիշդ քայլեր կ՚առնեն եւ ընթերցող կը շահին:
Երբ մենք Դեկտեմբերի սկիզբին Հայաստանի ամերիկեան անկիւններուն համար տարեկան ժողով կ՚ընէինք, արձանագրեցինք, որ ամերիկեան անկիւններու համար մեր ձեռք բերած նոր-նոր ուսուցողական գործիքները (եռաչափ պատկերներ կերտող գրիչներ, iPad-ի համար Osmo խաղային կցորդիչներ, Կանօ հաւաքուող համակարգչային չափարաններ) աշխարհի մէջ ասպարէզ իջած են 2013-2014 թուականներուն, եւ այսօր անոնք բոլորը կան Հայաստանի գրադարաններուն մէջ:
-Ամերիկեան դեսպանատունը ամերիկեան գրականութիւնը կը հասցնէ Հայաստան, իսկ հակառակը տեղի կ՚ունենա՞յ, հայ գիրքը կը հասցուի՞ հակառակ ուղղութեամբ:
-Այո՛, հակառակ ուղղութեամբ ալ աշխատանք կը տարուի: 2005 թուականէն ի վեր մեր գրադարանը միջնորդ կը հանդիսանայ Ուաշինկթընի Գոնկրէսի գրադարանի եւ Հայաստանի գիտական գրադարաններու միջեւ: Հայաստանի այն գրադարանները, որոնք գրքափոխանակութեան կապ ունին Գոնկրէսի գրադարանին հետ, եւ Գոնկրէսի գրադարանէն ալ կը պատուիրեն եւ իրենց հաւաքածոները կը հարստացնեն անգլերէն գրականութեամբ, այդ աշխատանքը կը կատարեն մեր միջոցով: Այսինքն, այստեղէն Միացեալ Նահանգներ կ՚երթայ նոր տպագրուած հայերէն գիրքեր: Ինչպէս ծանօթ է՝ Գոնկրէսի գրադարանը կը հաւաքէ աշխարհի ողջ գրականութիւնը, անկախ թէ ի՛նչ լեզուով է գիրքը, եւ Գոնկրէսի գրադարանի հայկական հաւաքածոն այս պահուն մօտաւորապէս 45 հազար կը կազմէ: Այդ հաւաքածոյի համալրման պատասխանատուն մեր հայրենակիցն է՝ պատմաբան Լեւոն Աւտոյեանը: Ինք յաճախակի կու գայ Հայաստան, եւ ամէն անգամ երբ որ գայ, մենք զանազան գրադարաններ կ՚այցելենք եւ գրքափոխանակութեան այդ ծրագրի շուրջ աշխատանք կը տանինք: Անցեալ տարի գրքափոխանակութեան ծրագրի գործօն մասնակիցներէն եղած են Երեւանի Պետական համալսարանի գրադարանը, Ակադեմիոյ գրադարանը, Ամերիկեան համալսարանի գրադարանը։ Ամէն մէկը իր չափով գրականութիւն ուղարկած է, եւ այս ձեւով մենք կրնանք հայ գիրքը ներկայացած ունենալ Ուաշինկթընի Գոնկրէսի գրադարանին մէջ, ինչ որ հայ գիրքի միջազգային շրջանառութեան լաւագոյն միջոցն է։ Եթէ քու գիրքդ Ուաշինկթընի Գոնկրէսի գրադարանին մէջ ներկայացուած է, ուրեմն շատ մարդիկ կրնան օգտուիլ անկէ: Եւ կայ կարեւոր կէտ մը եւս՝ Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ ուղարկուող գիրքերը ազատուած են փոստային վճարումներու բեռէն, ինչ որ մեծ առաւելութիւն մըն է գրադարաններու համար, հակառակ պարագային, անոնք պիտի չկարենային ուղարկել, փոխարէնը անոնք կը ստանան իրենց պատուիրած գիրքերը, առանց որեւէ մէկ դժուարութեան: Այս վերջին շրջանին նաեւ անհատ գրողներ, հեղինակներ կը դիմեն ինծի, որպէսզի իրենց գիրքերը նոյնպէս առաքուին Միացեալ Նահանգներէն, եւ ես այդ մէկը սիրով կ՚ընեմ: 2005 թուականէն սկսեալ, Հայաստանէն աւելի քան չորս հազար տպուած գիրք ու պարբերական հանդէս ուղարկուած է Գոնկրէսին գրադարանը:
-Այսինքն ձեւերը կա՞ն փափաքած գիրքը ունենալու, ստանալու։ Գիրքը այսօր անհասանելի բան մը չէ, եւ կարծես ամենեւին ալ այդ չէ պատճառը, որ մարդիկ չեն ընթերցեր:
-Եթէ ընթերցող չկայ, ուրեմն պատճառ մը կայ եւ ոչ թէ պէտք է դժգոհիլ, այլ պարզապէս՝ գործել: Մարդը իր բնոյթով գիրքին կապուած արարած մըն է, մարդն ու գիրքը մէկ ամբողջութիւն են, մարդը պիտի կարդայ, ան առանց կարդալու չի կրնար ապրիլ, եթէ մարդը չի կարդար, ուրեմն որեւէ բան սխալ է, պէտք է գտնել եւ ուղղել այդ սխալը:
-Այսօր կարծես, ժամանակակից տեղեկատուական միջոցներու զարգացման համընթաց աւելի հետաքրքրական դարձա՞ծ է գրադարանավարի մասնագիտութիւնը, քան առաջ էր, այդպէ՞ս է:
-Գրադարանավարի մասնագիտութիւնը միշտ ալ հետաքրքրական եղած է, բայց չեմ կրնար ըսել, թէ այսօր ան մրցունակ է, եւ չեմ կրնար ըսել, թէ ժամանակակից տասը լաւագոյն մասնագիտութիւններու կարգին ընդգրկուած է: Գրադարանավարութիւնը աշխարհի հնագոյն մասնագիտութիւններէն եղած է, որովհետեւ մարդը, երբ սկսած է գրել, գրածը մէկ կողմ դնել, մէկը պիտի ըլլար, որ այդ կաւէ գիրերը, յետոյ մագաղաթէ գիրերը, իսկ այսօր արդէն՝ թուային բովանդակութիւնները կառավարէր, օգնէր մարդոց՝ նաւարկելու եւ գտնելու իրենց ուզածը: Այսօր եթէ նոյնիսկ աւելի շատ թուային բովանդակութիւնը կայ, բայց միեւնոյնն է, մարդը միայնակ չի կրնար նաւարկել այդ հսկայական աշխարհին մէջ: Եթէ նոյնիսկ աշխարհի ամբողջ գրականութիւնը թուայնացուի եւ համաշխարհային Կուկըլ գրադարանի մը մէջ լեցուի, ինչ որ ի հարկէ, անհնար է, նոյնիսկ այդ ժամանակ անհնար է, որ մարդը փնտռէ եւ գտնէ իր ուզածը: Մարդոց կը թուի, որ եթէ ինք համացանց ունի, ուրեմն կրնայ հարց տալ եւ ստանալ իր ուզած պատասխանը, այդպիսի բան չկայ: Աշխարհի բոլոր գրաւոր նիւթերը, գիրքերը հանրամատչելի չեն, դուն կրնաս այդ նիւթին մասին իմանալ, բայց բուն նիւթին միշտ չէ, որ կրնաս հասնիլ, միշտ չէ, որ կրնաս մուտք ունենալ: Մեզի պէտք է այդ գիտելիքը, այն նաւավարը, որպէսզի մեզ անցընէ այդ խութերու վրայէն, մեզի համար նախնական աշխատանք կատարէ, որովհետեւ մէկ թեմայի վրայ հարցում կ՚ընես, հազարաւոր գիրք կը բերէ, ինչպէս կողմնորոշուիլ, կարիք կայ մասնագէտներու, որոնք այդ հազարաւորներու մէջ պիտի օգնեն ընտրել այն, ինչ որ անհրաժեշտ է: Խօսքը թէ՛ տպագիր եւ թէ ելեկտրոնային գրականութեան մասին է եւ գիրք կարդալու համար այսօր որքան դիւրին է տունը նստած համացանցի միջոցաւ կարդալը, նոյնքան կարեւոր է նաեւ միջավայրը, որուն մէջ դուն կ՚ընթերցես: Հանրային գրադարանի մէջ նստած ընթերցելն ալ իր դրական կողմերը ունի, մանաւանդ, երբ քու քովդ նստած է քու սերունդիդ գիտնականը, գրողը, ուսումնասիրողը եւ դուն կ՚ընթերցես անոնց ներկայութեամբ: Ժամանակին Հանրային գրադարանի մէջ կար այդ միջավայրը, մենք հոն կ՚երթայինք տեսնելու ժամանակի մեծերը եւ պատահական չէ, որ Արցախեան շարժումը տեղ մը, թեւով մը նաեւ Ազգային գրադարանէն, անոր միջանցքներէն ծայր առած է: Այսօր ալ կայ այդ միջավայրը, այսօր ալ գրադարանի մէջ կարելի է տեսնել երիտասարդ գիտնականներ, ուսումնասիրողներ, որոնց ժամանակը յաւուր պատշաճի իր գնահատականը պիտի տայ, եւ այնպէս չէ, որ թուային գրականութիւնը զարգացած է, տպագիրը ետ մղուած է, մենք միշտ կը թերագնահատենք ներկան՝ ի հաշիւ անցեալի, սակայն պէտք է նշել, որ տպագիր գիրքի հաւատարիմ ընթերցողը այսօր ալ կայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ