ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Պա­րաք Օ­պա­մա­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին ան Էր­տո­ղա­նին վշտակ­ցու­թիւն յայտ­նեց՝ Իս­թան­պու­լի եւ Տիար­պա­քը­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Իր զօ­րակ­ցու­թեան պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով՝ Օ­պա­մա յայտ­նեց, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը կը պա­խա­րա­կէ այդ յար­ձա­կում­նե­րը։ Իր կար­գին, Էր­տո­ղանն ալ Օ­պա­մա­յին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ վշտակ­ցու­թեան ու ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թեան բե­րու­մով։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա կանգ ա­ռին «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման եւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­մէն տե­սակ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ վճռա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու վրայ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն այս շա­բա­թա­վեր­ջին Թուր­քիա պի­տի այ­ցե­լէ՝ Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ շօ­շա­փե­ցին այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­լիք զա­նա­զան նիւ­թե­րուն շուրջ, նե­րա­ռեալ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016