ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ

Զուի­ցե­րիոյ Տա­ւոս քա­ղա­քին մէջ այ­սօր կը բա­ցուի Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցի նաեւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան այս առ­թիւ կը տե­սակ­ցի մի­ջազ­գա­յին ներդ­րող­նե­րու հետ եւ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Տա­ւո­սի հիմ­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Աշ­խար­հի ելմ­տա­կան բարդ ի­րադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Տա­ւո­սի մէջ կը քննար­կուին Չոր­րորդ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման հար­ցե­րը։ Մին­չեւ Յու­նուա­րի 23-ը պի­տի շա­րու­նա­կուին հա­մա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար հինգ հա­րիւր հո­գի կը մաս­նակ­ցի աշ­խար­հի հա­րիւր եր­կիր­նե­րէն։ Մի­ջազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը նկա­տի կ՚առ­նեն նաեւ փախս­տա­կան­նե­րու եւ գաղ­թի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րը, աշ­խար­հատն­տե­սա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, հա­մաշ­խար­հա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը, ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւ­նը, կրթու­թիւ­նը, սե­ռա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ կլի­մա­յի փո­փոխ­ման նիւ­թե­րը։

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն, Գաղ­թի մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ո­ւի­լիըմ Լէյ­սի Սվինկ, Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Փի­թըր Մաու­րէր եւ բազ­մա­թիւ ե­րե­ւե­լի դէմ­քեր կը մաս­նակ­ցին հա­մա­ժո­ղո­վին։ Աշ­խար­հի քա­ռա­սուն եր­կիր­նե­րէ յա­ռա­ջա­տար ղե­կա­վար­ներ ալ հա­սած են Տա­ւոս։ Ա­նոնց կար­գին կը գտնուին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի, Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս, Յու­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լոս, Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաուք, Գա­նա­տա­յի Վար­չա­պետ Ճաս­տին Թրիւ­տօ եւ այլք։ Տա­ւո­սի մէջ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ հիմ­նա­կան դէմ­քե­րէն մին ալ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆըն է։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016