ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄԻԱՒՈՐՈՒՄԸ
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի թրքերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիս-քննարկման ընթացքին վաստակաւոր դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզի ելոյթն ալ հետաքրքրութեան առումով չէր զիջեր վաստակաւոր դեսպան Վոլքան Վուրալի խօսքին։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս Իւնալ Չեւիքէօզ գլխաւորած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը։ Անցնող շուրջ քսանհինգ տարուան տեւողութեան ան մասնակցութիւն բերած է Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ տեղի ունեցած գրեթէ բոլոր բանակցութիւններուն։ Իր վկայութիւններուն եւ այս գործընթացին մէջ ունեցած ներդրման շնորհիւ ոչ միայն կուտակած է մեծ փորձառութիւն, այլ նաեւ ունի լուրջ հոտառութիւն։
Ասուլիսին ժամանակ Չեւիքէօզ ելոյթին սկսաւ՝ հանդիսատեսներուն հետ բաժնելով ֆիլմին վերաբերեալ տպաւորութիւնները։ Ան ըսաւ, որ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն»ը թէեւ փաստավաւերագրական գործ մըն է, առաջին հերթին պէտք է դատուի իր առարկայականութեամբ, սակայն զայն կարելի է արժեւորել նաեւ գեղարուեստական տեսակէտէ։ Յայտնի դիւանագէտը ուշադրութիւն հրաւիրեց ժապաւէնի դիպուկ երեսակներէն մէկուն վրայ։ Արդարեւ, ֆիլմին մէջ ցոյց կը տրուէին ձեռքերը այն անձնաւորութիւններուն, որոնք մասնակցութիւն բերած էին իրենց վկայութիւններով։ Երբ անոնք տեսախցիկին դիմաց կը խօսէին, ոսպնեակը ատեն-ատեն կը կեդրոնանար իրենց ձեռքի շարժումներուն վրայ, մինչ երբեմն ալ այդ ձեռքերը կը միանային իրարու։ Չեւիքէօզ ֆիլմի պարփակած ընդհանուր պատգամին տեսանկիւնէն յատկանշական նկատեց այդ ձեռքերու վերամիաւորման դրուագները։ Ուստի ան մաղթեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդներն ալ, այդ ձեռքերուն օրինակով, ըլլան ամրօրէն վերամիաւորուած։ Սոյն պատգամի ազդու ձեւով փոխանցման կապակցութեամբ ատենախօսը շնորհաւորեց ֆիլմի հեղինակ Տիգրան Պասկեւիչեանը։ Վաստակաւոր դեսպանը շեշտեց նաեւ, թէ այս ֆիլմի ընդհանուր հէնքը եղած է բաւականաչափ բարդ եւ այդքան մեծ թիւով տեսակցութիւնները համադրուած են վարպետօրէն, ուստի շնորհաւորութեան արժանի է ամբողջ ստեղծագործական խումբը։ Ան մաղթեց, որ այս գործը բնորոշէ սկիզբ մը եւ յառաջիկային ալ արտադրուին նման գործեր։ Ըստ Չեւիքէօզի, նման մօտեցումներու պարագային կարեւոր պարտականութիւններ կը վիճակի քաղաքացիական հասարակութեան։ Հետեւաբար, քաղաքացիական հասարակութիւնները յամառ պէտք է ըլլան՝ պետական գործիչները հարկադրանքներու դէմ յանդիման թողելու համար։
Իւնալ Չեւիքէօզ աւելի վերջ դիտել տուաւ, որ Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ յառաջ տարուած է Վոլքան Վուրալի սկսած գիծը։ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններն ալ կառուցուած են այդ նոյն գործընթացի հիման վրայ։ Այդ բոլորը օր մը պիտի տան իրենց պտուղները։ Փորձառու դիւանագէտին խօսքերով, թուրք եւ հայ ժողովուրդները պատմութեան ընթացքին երկար ժամանակ ապրած են միասնաբար։ Խորհրդային Միութեան երկար գոյատեւումը զանոնք հեռացուցած է իրարմէ։ Բայց եւ այնպէս, ան սահմանի փակ մնալու երեւոյթը չհամարեց որպէս Խորհրդային Միութեան շրջանէն ժառանգուած արգելք մը։ Արդարեւ, 1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ բացուած էր հայ-թրքական սահմանը, որ արդէն ծանօթ պատճառներով փակուած էր 1993 թուականին։
Մեկնաբանելով ներկայ իրադրութիւնը՝ Իւնալ Չեւիքէօզ հանդէս եկաւ շատ ուշագրաւ բաղդատութիւններով։ Արդարեւ, այսօր Թուրքիոյ սահմանները բաց են այնպիսի հարեւան երկիրներու հետ, ուրկէ սպառնալիքներ կու գան իր ազգային անվտանգութեան դէմ։ «Հետեւաբար անընդունելի կը համարեմ Հայաստանի հետ սահմանին փակ մնալը», եզրափակեց իր խօսքը Չեւիքէօզ։
Վաղը մեր այս մանրամասն հաղորդումներու շարքը պիտի եզրափակենք՝ Մեթէ Չուպուքճուի խօսքի եւ ասուլիսի հարցում-պատասխանի բաժնի ամփոփումով։