ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

Այ­սօր՝ 21 Յու­նուա­րին Մեծն Բրի­տա­նիոյ նշա­նա­ւոր քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն՝ Օքս­ֆոր­տի նոյն­քան նշա­նա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կը մեկ­նար­կէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի խնդիր­նե­րուն նուի­րուած հա­մա­ժո­ղով մը, ո­ր կը կրէ  «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» խո­րա­գի­րը: Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Օքս­ֆոր­տի նման համ­բա­ւա­ւոր եւ­րո­պա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մը մէջ լրիւ ի­մաս­տով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի ոչ թէ միայն որ­պէս ու­սում­նա­սի­րու­թեան «ա­ռար­կա­յ», այլ որ­պէս հիմ­նա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թեան լե­զու, քա­նի որ բո­լոր նիս­տե­րը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով պի­տի ըլ­լան, այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ հա­ւա­քը մի­տուած է ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­մա­ն:

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կա­նանք հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կեն­սու­նա­կու­թեան հար­ցին հետ կա­պուած բազ­մա­թիւ խնդիր­ներն ու լու­ծում­նե­րու ո­րո­նու­մը լուրջ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած են, եւ Սփիւռ­քի առ­նուազն շարք մը ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, գրող­ներ ու սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ա­պա­գա­յով հե­տաքրք­րուած ան­ձեր այս նիւ­թով զբա­ղած են: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն UNESCO-ի «վտան­գուած լե­զու­նե­ր­»ու ցան­կին մէջ յայտ­նուած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գան այ­սօր մա­մու­լի ու հա­սա­րա­կա­կան զրոյց­նե­րու հիմ­նա­կան հար­ցե­րէն մէ­կը դար­ձած է։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրող մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ լուրջ մտա­հո­գուած է ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի եր­կու հիմ­նա­կան ճիւ­ղե­րէն մէ­կուն պահ­պան­ման եւ զայն սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու հար­ցով:

 Ան­շուշտ կան շարք մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ. օ­րի­նակ՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան բաժ­նին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք լրջօ­րէն սկսած են ու­սում­նա­սի­րուիլ, օ­րի­նակ՝ Սփիւռ­քի դպրոց­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը որ­պէս լե­զու դա­սա­ւան­դե­լու եւ ա­նոր հետ կա­պուած բազ­մա­կող­մա­նի հար­ցե­րը ու լու­ծում­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն, մա­մու­լին:

 Բայց եւ այն­պէս, 21-րդ դա­րու պար­տադ­րուած ու կա­մայ թէ ա­կա­մայ ստեղ­ծուած քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­ներն ու հան­գա­մանք­նե­րը ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գա­յին վրայ: Լե­զուն դա­սա­ւան­դե­լէն ու խօ­սե­լէն ան­դին, ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գան պայ­մա­նա­ւո­րուած է ա­րեւմ­տա­հա­յա­խօս մշա­կոյ­թի կեն­սու­նա­կու­թեամբ, որ կը պա­հան­ջէ՝ ի շարս այլ գոր­ծօն­նե­րու, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով մտա­ծող, ստեղ­ծող, գրող, հրա­տա­րա­կող փա­ղանգ մը:

 Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նեն կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, նման հար­ցե­րու շուրջ կեդ­րո­նա­նա­լու ու քննար­կե­լու մի­տու­մով գու­մա­րուած է այ­սօր ե­րե­կո­յեան Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ սկիզբ առ­նե­լիք հա­ւա­քը՝ Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ու «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կու­թեան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ:

 Հա­ւա­քը գի­տա­ժո­ղով մը չէ դա­սա­կան ի­մաս­տով, այլ պի­տի ու­նե­նայ «ար­հես­տա­նո­ցա­յի­ն»-աշ­խա­տա­նո­ցա­յին ձե­ւա­չափ մը, որ պի­տի մէկ­տե­ղէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն գրող­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, մա­մու­լի գոր­ծիչ­ներ եւ հրա­տա­րա­կիչ­ներ:

 Հա­մալ­սա­րա­նի պա­րու­նա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք այս հա­ւա­քը ա­ւե­լի գործ­նա­կան եւ աշ­խա­տան­քա­յին բնոյթ պի­տի ու­նե­նայ, քան թէ՝ գի­տա­կան կամ տե­սա­կան: Կարճ զե­կոյց­նե­րու եւ եր­կար քննար­կում­նե­րու ձե­ւա­չա­փով՝ հինգ հիմ­նա­կան նիս­տեր նա­խա­տե­ս-ւած են, իւ­րա­քան­չիւր հրա­ւի­րուած մաս­նա­կից ե­լոյթ մը պի­տի ու­նե­նայ, այ­նու­հե­տեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ընդ­հա­նուր քննար­կում­ներ ու խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ:

Մաս­նա­կից­ներ

Այս հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը Թուր­քիա­յէն, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, Եւ­րո­պա­յէն, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն կու գան, ինչ­պէս նաեւ՝ ներ­կայ են Հա­յաս­տան ապ­րող գրող­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, մա­մու­լի գոր­ծիչ­ներ եւ հրա­տա­րա­կիչ­ներ:

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչն է ըն­կե­րա­բան, Օքս­ֆոր­տ հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն Տքթ. Հրաչ Չի­լին­կի­րեա­ն, որ ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան ա­նուն մըն է հա­յա­գի­տու­թեան, ըն­կե­րա­բա­նու­թեան եւ աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րէն ներս: Ան գիր­քե­րու, մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ յօ­դ-ւած­նե­րու հե­ղի­նակ է, դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով յա­ճախ հան­դէս կու գայ զա­նա­զան ար­դիա­կան նիւ­թե­րով՝ մշա­կու­թա­յին-լու­սա­ւոր­չա­կան խնդիր­ներ, հա­յա­գի­տու­թիւն, Սփիւռ­քի եւ Հայ Ե­կե­ղե­ցւոյ հար­ցեր, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թեան ի­րա­վի­ճակ եւ այլն:

Հա­մա­ժո­ղո­վի հա­մա­կազ­մա­կեր­պիչն է Թէօ ֆան Լին­տ՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն­»ի Հա­յա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս: Ան հա­յա­գի­տա­կան կարգ մը աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ է՝ նուի­րուած Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիին, Գրի­գոր Մա­գիստ­րո­սին, Կոնս­տան­դին Երզն­կա­ցիին եւ հա­յոց պատ­մու­թեան, հայ գրա­կա­նու­թեան այլ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րու:

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Ռազ­միկ Փա­նո­սեա­ն, «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժ­նի մաս­նա­գէտ Ա­նի Կար­մի­րեա­ն, Ո­ւէզ­լեան (Wesleyan) հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Խա­չիկ Թէօ­լէօ­լեա­ն, մաս­նա­գէտ, գրաքն­նա­դատ, դա­սա­խօս Մարկ Նշա­նեա­ն, մաս­նա­գէտ, INALCO-ի (Ֆրան­սա­յի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կա­ճա­ռը) Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի վա­րիչ Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեա­ն, գրող, գրաքն­նա­դատ, դա­սա­խօս Գրի­գոր Պըլ­տեա­ն, բա­նաս­տեղծ, նկա­րիչ, ա­րուես­տա­գէտ Գրի­գոր Մոմ­ճեա­ն, հա­լէ­պա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­հի Մա­րուշ Ե­րա­մեա­ն, բա­նաս­տեղծ Լո­լա Գուն­տաք­ճեա­ն (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ժը­նե­ւի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Վա­լեն­թի­նա Քալ­ցո­լա­րի, բա­նաս­տեղ­ծու­հի Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեա­ն, Գա­նա­տա­յի «Հո­րի­զո­ն» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր, բա­նաս­տեղծ Վա­հագն Գա­րա­գա­շեա­ն, Հայ­կա­կան թուա­յին գրա­կա­նու­թեան հար­թա­կի վեր­լու­ծա­կան ծրա­գիր­նե­րու տնօ­րէն, UBS Ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տու­նէն Մար­տիկ Չո­լա­քեա­ն, Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Մար­դա­սի­րա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տե­սուչ Թով­մաս Սա­մուէ­լեա­ն, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Հա­յա­գի­տա­կան կրթա­կան գրա­սե­նեա­կի վա­րիչ, խմբա­գիր, գրա­կա­նա­գէտ Ժի­րայր Դա­նիէ­լեա­ն, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­ն, Պէյ­րու­թի «Ազ­դա­կ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Շա­հան Գան­տա­հա­րեա­ն, Հա­լէ­պէն Լե­ւոն Շա­ռո­յեա­ն, Մի­շի­կըն հա­մալ­սա­րա­նի (Անն Ար­պըր) Հա­յոց լե­զուի եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­խօս Փրոֆ. Գէորգ Պար­տաք­ճեան, մաս­նա­գէտ, գրաքն­նա­դատ, UCLA ի դա­սա­խօս Յա­կոբ Կիւլ­լիւ­ճեա­ն, «Նոր Յա­ռա­ջ­»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ժի­րայր Չո­լա­քեա­ն, Լոն­տո­նի Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց ծրագ­րի ղե­կա­վար Գրի­գոր Մոս­կո­ֆեա­ն, մաս­նա­գէտ, գրող Վար­դան Մատ­թէո­սեա­ն (Ար­ժան­թին), «Սար­գիս Խա­չեն­ց» մա­տե­նա­շա­րի հիմ­նա­դիր հրա­տա­րա­կիչ Ա­րամ Մեհ­րա­պեա­ն, մաս­նա­գէտ, դա­սա­խօս Ար­մէն Իւր­նեշ­լեա­ն (Պէյ­րութ), գրող, «Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջի խմբա­գիր Սա­գօ Ա­րեա­ն, լրագ­րող-ար­ձա­կա­գիր Քրիս­տիան Բա­տի­կեան:

ԾՐԱԳԻՐ

Հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը պատ­րաս­տած են ման­րա­մասն ծրա­գիր մը, ո­րու ժա­մա­նակ կը ներ­կա­յա­ցուի «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը» (այս նիւ­թով նա­խա­բա­նը կը փո­խան­ցէ Հրաչ Չի­լին­կի­րեան եւ կը վա­րէ նիս­տը):

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կայ «աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը» եւ հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը» հար­ցի շուրջ ե­լոյթ կ՚ու­նե­նան Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեա­ն, Ռազ­միկ Փա­նո­սեա­ն, Ա­նի Կար­մի­րեա­ն:

Հա­մա­ժո­ղով-աշ­խա­տա­նո­ցի ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած են նաեւ հե­տե­ւեալ նիւ­թե­րը. «Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան տագ­նապ­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը եւ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին մա­քա­ռում­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մշա­կոյ­թին ներ­կա­յին ու գա­լիք տաս­նա­մեակ­նե­րուն վրա­յ» (բա­նա­խօս­ներ՝ Խա­չիկ Թէօ­լէ­օ­լեան, Յա­կոբ Կիւ­լլիւ­ճեան, Սա­գօ Ա­րեան):

«Սփիւռ­քի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով մտա­ծե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու խնդիր­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը»: (Նիս­տի վա­րիչ՝ Թէօ ֆան Լինտ), մաս­նա­կից­ներ՝ Գրի­գոր Պըլ­տեան, Մա­րուշ Ե­րա­մեան, Քրիս­տիան Բա­տի­կեան, Լո­լա Գուն­տաք­ճեան, Մարկ Նշա­նեան, Գրի­գոր Մոմ­ճեան, Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեան):

«Կա­ռոյց­նե­րու եւ մի­ջոց­նե­րու խնդիր­նե­րը» (Այս նիւ­թով նիս­տի վա­րիչ՝ Ռազ­միկ Փա­նո­սեան)։

«Ինչ­պի­սի՞ կա­ռոյց­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ մի­ջոց­ներ պէտք են գա­լիք տա­սը, քսան, ե­րե­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կեն­սու­նակ պա­հե­լու հա­մա­ր» (օ­րի­նակ՝ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն): (Ար­մէն Իւր­նեշ­լեան, Վար­դան Մատ­թէո­սեան, Գրի­գոր Մոս­կո­ֆեան, Մար­տիկ Չո­լա­քեան):

«Ա­րեւմ­տա­հայ հրա­տա­րակ­չու­թեան հար­ցե­ր» (Նիս­տի վա­րիչ՝ Թոմ Սա­մուէ­լեան)։

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կիչ­նե­րու եւ հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րու ներ­կայ խնդիր­նե­րը ու ա­պա­գա­յի ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը» նիւ­թով բա­նա­խօս­ներ՝ Ա­րամ Մեհ­րա­պեան, Մար­տիկ Չո­լա­քեան, Լե­ւոն Շա­ռո­յեան:

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» հա­մա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ ա­ռան­ձին նիւ­թով անդ­րա­դարձ կայ նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով հրա­տա­րա­կուող մա­մու­լին:

«Ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լին այ­սօ­րուան ու վաղ­ուան հար­ցե­րը» խո­րագ­րով նիս­տը կը վա­րէ Խա­չիկ Թէօ­լէ­օ­լեա­ն եւ «Սփիւռ­քի մէջ հրա­տա­րա­կուող ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լին (ե­լեկտ­րո­նա­յինն ու հա­մա­ցան­ցա­յի­նը նե­րա­ռեալ) դի­մագ­րա­ւած ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րը եւ ա­պա­գա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը» քննար­կու­մին ե­լոյթ կ՚ու­նե­նան Մոն­րէա­լի «Հո­րի­զոն» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Վա­հագն Գա­րա­գա­շեա­ն, Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Շա­հան Գան­տա­հա­րեա­ն, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­ն, Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» եր­կօ­րեայ թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ժի­րայր Չո­լա­քեա­ն:

Հարկ է նշել, որ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի աշ­խա­տա­կից­նե­րը նոյն­պէս ներ­կայ են հա­մա­ժո­ղո­վին:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԱ­ՑՈՅՑ

ՈՒՐ­ԲԱԹ, 22 ՅՈՒ­ՆՈՒԱՐ 2016

Քննար­կում­ներ՝

1. Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կայ «աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը». աշ­խարհա­քա­ղա­քա­կան տագ­նապ­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը եւ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին մա­քա­ռում­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մշա­կոյ­թին ներ­կա­յին ու յա­ռա­ջի­կայ տաս­նա­մեակ­նե­րուն վրայ. (օ­րի­նակ՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կա­ցու­թիւ­նը եւ ա­րեւմ­տա­հա­յա­խօս հա­մայնք­նե­րու դի­մագ­րա­ւած բարդ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը):

2. Սփիւռ­քի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով մտա­ծե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու խնդիր­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը՝ (ա) գրո­ղին/ստեղ­ծո­ղին հա­մար. (բ) ըն­թեր­ցո­ղին/ունկն­դի­րին հա­մար:

3. Ինչ­պի­սի՞ կա­ռոյց­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ մի­ջոց­ներ պէտք են գա­լիք տա­սը, քսան, ե­րե­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կեն­սու­նակ պա­հե­լու հա­մար:

Շա­բաթ, 23 Յու­նուար 2016

4. Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կիչ­նե­րու եւ հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րու ներ­կայ խնդիր­նե­րը ու ա­պա­գա­յի ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը:

5. Սփիւռ­քի մէջ հրա­տա­րա­կուող ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լի (ե­լեկտ­րո­նա­յինն ու հա­մա­ցան­ցա­յի­նը նե­րա­ռեալ) դի­մագ­րա­ւած ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րը եւ ա­պա­գա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ «ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԵՒ «ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ» ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Մեծն Բրի­տա­նիոյ Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի Հա­յա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քը նա­խա­տե­սած է յա­ռա­ջի­կայ 21-23 Յու­նուար 2016-ին կազ­մա­կեր­պել գի­տա­ժո­ղով մը՝ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» ընդ­հա­նուր թե­մա­յով։

2015-ին, ե­րեք գի­տա­ժո­ղով­ներ տե­ղի ու­նե­ցան հա­յե­րէն լե­զուին ա­ռըն­չուած, ո­րոնց­մէ եւր­կու­քը Հա­յաս­տա­նի մէջ. ա­ռա­ջի­նը նիւթ ու­նէր հա­յե­րէ­նի եր­կու լե­զուա­ճիւ­ղե­րու մեր­ձեց­ման հիմ­նախնդի­րը. երկ­րոր­դը՝ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հա­յե­րէ­նի հիմ­նախն­դիր­նե­րը նկատի ու­նէր։ Իսկ եր­րոր­դը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան կող­մէ, INALCO-ի մաս­նակ­ցու­թեամբ, կը վե­րա­բե­րէր Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­թեան դաս­տիա­րակ­չա­կան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Նոյն թա­փը շա­րու­նա­կե­լով, Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նը 2016 տա­րին կը բա­նայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի աշ­խու­ժաց­ման հա­մար խորհր­դա­ծու­թեան եր­կօ­րեայ աշ­խա­տա­նո­ցա­յին գի­տա­ժո­ղով մը, զոր կազ­մա­կեր­պիչ-դա­սա­խօս­նե­րը՝ Հրաչ Չի­լին­կի­րեան եւ Թէօ ֆան Լինտ կը բա­նա­ձե­ւեն հե­տե­ւեալ կեր­պով.

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կեն­սու­նա­կու­թեան հար­ցին հետ կա­պուած բազ­մա­թիւ խնդիր­նե­րը եւ ա­նոնց լու­ծում­նե­րու ո­րո­նու­մը լուրջ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ են։ Առ­նուազն, Սփիւռ­քի ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան շարք մը գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կաններ, գրող­ներ ու սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ա­պա­գա­յով մտա­հոգ ան­ձեր այս նիւ­թով զբա­ղած են: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի «վտանգուած լե­զու­նե­ր­»ու ցան­կին մէջ յայտ­նուած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գան՝ այ­սօր մա­մու­լի ու հա­սա­րա­կա­կան զրոյց­նե­րու հիմ­նա­կան հար­ցե­րէն մէ­կը դար­ձած է։

Ան­շուշտ կան շարք մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան բաժ­նին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք լրջօ­րէն սկսած են ու­սում­նա­սի­րել օ­րի­նակ՝ Սփիւռ­քի դպրոց­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը որ­պէս լե­զու դա­սա­ւան­դե­լու ու ա­նոր հետ կա­պուած բազ­մա­կող­մա­նի հար­ցե­րը ու լու­ծում­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Բայց եւ այն­պէս 21-րդ դա­րու պար­տադ­րուած ու կա­մայ թէ ա­կամայ ստեղ­ծուած քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ի­րակա­նու­թիւն­ներն ու հան­գա­մանք­նե­րը ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին նաեւ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գա­յին վրայ: Լե­զուն դա­սա­ւան­դե­լէն ու խօ­սե­լէն ան­դին, ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գան պայ­մա­նա­ւո­րուած է ա­րեւմը-տա­հա­յա­խօս մշա­կոյ­թի կեն­սու­նա­կու­թեամբ, որ կը պահան­ջէ՝ ի շարս այլ գոր­ծօն­նե­րու, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով մտա­ծող, ստեղ­ծող, գրող, հրա­տա­րա­կող փա­ղանգ մը:

Նման հար­ցե­րու շուրջ կեդ­րո­նա­նա­լու ու քննար­կե­լու մի­տու­մով յա­ռա­ջի­կայ 22-23 Յու­նուար 2016-ին, Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ու «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «ար­հես­տա­նո­ցա­յի­ն» հա­ւաք մը, որ պի­տի մէկ­տե­ղէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն գրող­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, մա­մու­լի գոր­ծիչ­ներ եւ հրա­տա­րա­կիչ­ներ:

Հա­մալ­սա­րա­նի պա­րու­նա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք այս հա­ւա­քը ա­ռա­ւե­լա­բար գործ­նա­կան եւ աշ­խա­տան­քա­յին բնոյթ պի­տի ու­նե­նայ, քան՝ գի­տա­կան կամ տե­սա­կան: Կարճ զե­կոյց­նե­րու եւ եր­կար քննար­կում­նե­րու ձե­ւա­չա­փով՝ հիմ­նա­կան հինգ նիս­տեր նա­խա­տե­սուած են: Բո­լոր նիս­տե­րու լե­զուն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն պի­տի ըլ­լայ: Մաս­նա­կից­նե­րու զե­կոյց­նե­րէն ետք տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ընդ­հա­նուր քննար­կում­ներ ու խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ:

«Նոր Յա­ռաջ», Փա­րիզ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016