Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԼՈՒՐՋ, ԲԱՅՑ ԲՈՒԺԵԼԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայ ազգային գոնկրէս» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ բացատրութիւններ տուաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առողջական վիճակին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Տէր-Պետրոսեան ներկայիս բուժման համար կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, թէ Տէր-Պետրոսեանի հիւանդութիւնը լուրջ է, բայց բուժելի։ «Արդէն գտնուած են համապատասխան բժիշկները, որոնք կը զբաղին այդ հարցով։ Ես վստահ եմ, որ ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ», յայտնեց Լեւոն Զուրաբեան եւ աւելցուց, թէ չի կրնար խօսիլ յստակ ախտորոշման մասին։
Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016