ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԸ

Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նի Սուր թա­ղա­մա­սէն ներս անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն պայ­քար մղել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քով ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ար­դէն օ­ղա­կի մէջ առ­նուած են եր­կու թա­ղա­մա­սե­րէ ներս։ Ոս­տի­կան­նե­րուն ա­ռըն­թեր ոս­տի­կան զօ­րաց միա­ւո­րում­ներն ալ կը մաս­նակ­ցին այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց շրջագ­ծով կ՚ապ­րուին բա­խում­ներ։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ փո­րուած խրա­մա­տե­րուն մէջ լա­րուած ծու­ղակ­ներն ալ կ՚ոչն­չա­ցուին անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ։

«Սթար» օ­րա­թեր­թի այ­սօ­րուան հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց թի­րախ դարձ­նել նաեւ շրջա­նի սրբա­վայ­րե­րը։ Նա­խա­պէս Քուր­շուն­լու մզկի­թը հրկի­զած ա­հա­բե­կիչ­նե­րը հի­մա ալ սկսած են ի­րենց հա­մար որ­պէս խա­րիսխ օգ­տա­գոր­ծել Ս. Կի­րա­կոս հա­յոց ե­կե­ղե­ցին եւ քաղ­դէա­ցի­նե­րու ե­կե­ղե­ցին։ Ըստ նոյն աղ­բիւ­րին, ա­ւե­լի ա­ռաջ ստու­գուած էր, թէ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կը ձգտին ե­կե­ղե­ցի­նե­րը վնա­սե­լով՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը վե­րագ­րել անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն։ Մինչ այդ, ա­նվտան­գու­թեան ու­ժե­րը ի­րենց յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը կը շա­րու­նա­կեն ու շրջա­նի պատ­մա­կան բաղ­նի­քին առ­ջեւ յայտ­նա­բե­րած են 400 քի­լօկ­րամ պայ­թու­ցիկ նիւթ։ 

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016