ԱՆՆԻԿ ԺԻՐԱՐՏԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն այսօր կը ժամանէ Երեւան։ Զարգացման ու ֆրանսախօսութեան հարցերով պատասխանատու ֆրանսացի պետական քարտուղարին Հայաստանի շփումները կը տեւեն երկու օր։
Աննիկ Ժիրարտէն Երեւանի մէջ կը տեսակցի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի հետ։ Ան կ՚այցելէ նաեւ Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանը, ուր ուսանողութեան հետ կ՚ունենայ կարծիքի փոխանակումներ։ Ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը հանդիպի նաեւ Հայաստանի ֆրանսախօս գործիչներուն հետ։
Այցելութեան ծրագրին շրջագծով Ժիրարտէն ծաղկեպսակ մըն ալ կը զետեղէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ, ուր կը զրուցէ նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։