ՄԵՏԻԱՅԻ ԴԵՐԸ ԷԱԿԱՆ…
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի թրքերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիս-քննարկման վերջին ատենախօսն էր NTV-ի լրատուական բաժնի գլխաւոր խմբագիր Մեթէ Չուպուքճու, որ գործը մեկնաբանեց մամլոյ սպասաւորի մը աչքով։ Ան թրքական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներս արտաքին քաղաքական նիւթերու վերաբերեալ յայտնի մեկնաբան մըն է, համապատասխան ծրագրերու պատրաստութեան առումով հեղինակութիւն մը։ Չուպուքճու միշտ մօտէն հետեւած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, նոյնիսկ անգամ մը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հաղորդման մը բերումով թիրախը դարձած՝ Ատրպէյճանի հակազդեցութեան։
Ֆիլմի փրէօմիէրէն վերջ, այս ասուլիսին ժամանակ բարձրախօսը իրեն յանձնուեցաւ թէեւ բաւական ուշ, սակայն ան յաջողեցաւ կենդանի պահել ունկնդիրներուն կեդրոնացումը։ Բոլորը լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցան Չուպուքճուի խօսքին, հակառակ անոր՝ որ ան արտայայտուեցաւ երկու վաստակաւոր դիւանագէտներէ վերջ։ Դիւանագէտներու եւ քաղաքական գործիչներու բազկերակը լաւ զգալու ընդունակութեամբ եւ վարպետ լրագրողի մը բնորոշ յատկանիշները միացնելով՝ ան թէ՛ արժեւորեց ֆիլմը եւ թէ իր դիտարկումները բաժնեց հանդիսատեսներուն հետ, մէջբերելով նաեւ յուշեր։
Ելոյթի սկիզբին Մեթէ Չուպուքճու վերյիշեց դէպի Հայաստան իր առաջին այցելութիւնը՝ 1993 թուականին։ Այդ մէկը երեք ընկերներով կատարուած շատ դժուարին ուղեւորութիւն մը եղած էր։ Մոսկուայի վրայով կատարուած երկարատեւ ճամբորդութեան մը աւարտին Երեւան հասած էին մութ գիշեր մը։ «Երբ Թուրկուտ Էօզալ մահացաւ, մենք Երեւանի մէջ էինք։ Բարեբախտաբար, յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար Անգարա մեկնելու ժամանակ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մեզի առաւ իր օդանաւը ու մենք փրկուեցանք վերադարձի ճանապարհին ալ նոյն դժուարութիւնները կրելէ», ըսաւ ան։
Ըստ Չուպուքճուի, երբ 1993 թուականին առաջին անգամ Հայաստան կ՚այցելէին, լաւ չէին ճանչնար երկիրը, հիմնաւորեալ տեղեկութիւն մը չունէին անոր մասին։ Նախապաշարումներն ալ, այդ պահու դրութեամբ, ազդեցութիւն կը գործէին իրենց վրայ։ Տեղացիներուն մօտ եւս, փոխադարձաբար, զգալի էին նոյն տրամադրութիւնները։ Երբ այդ ատեն առաջին անգամ այցելած էին նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը, տակաւին չէին գիտեր, թէ այդ մէկը ինչպէ՛ս պիտի որակէին՝ Թուրքիոյ մէջ ներկայացնելու համար։ Չուպուքճու շարունակեց.
«Վերջին անգամ այդ նոյն յուշարձանէն ուղիղ եթերով սփռում կատարեցինք 2014 թուականին։ Այլեւս շատ աւելի դիւրին ու հանգիստ նախադասութիւններ կը կազմենք։ Մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մետիայի մերձեցման ձեւը։ Օրինակ՝ հեռատեսիլով ցոյց տա՞լ ամէն տարի 23 Ապրիլի գիշերը Երեւանի մէջ թրքական դրօշակի հրկիզման դրուագը, թէ ոչ... Նպաստ մը կ՚ապահովե՞նք այս ձեւով։ Մետիան ընդհանրապէս կը կողմնորոշուի ըստ յարաբերութիւններու ընթացքին։ Թուրքիոյ մէջ մետիան կը հետեւի քաղաքականութեան, բայց այս առումով ալ կան փոփոխութիւններ։ Ֆութպոլային դիւանագիտութեան շրջանին Երեւանի փողոցներուն մէջ օտար չէին նկատուեր թրքական մետիայի ներկայացուցիչները։ Որպէս քաղաքացիական հասարակութեան մէկ մասնիկը՝ շատ կարեւոր է մետիայի դերակատարութիւնը։ Թէկուզ որոշ դժուարութիւններով, սակայն ես նկարահանումներ ըրած եմ նաեւ սահմաններուն վրայ։ Սահմանի պարագան ունի լուրջ կարեւորութիւն։ Թուրքիա մեծ երկիր մըն է։ Ինքնավստահութեան տէր երկիր մը չի կրնար սահմանը փակել՝ ինքզինքը ուրիշներուն կապելով։ Մետիային առաջատար դերակատարութիւն մը կը վիճակի՝ ժողովուրդներու միջեւ կապերը պահելու առումով, եթէ նոյնիսկ բացակայի դիւանագիտութիւնը։ Ժողովուրդները ունին աւելի ջերմ կապեր ու զիրար աւելի լաւ կը հասկնան»։ Ան կանգ առաւ նաեւ այս գործընթացին մէջ Հրանդ Տինքի ունեցած ազդեցութեան վրայ։
Մեթէ Չուպուքճուի խօսքով վերջացան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գըլ-խաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի վարած այս ասուլիսի չորս ատենախօսներուն արտայայտութիւնները։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը։ Այս փուլին անմենահետաքրքրականն էր Արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան փոխ-ընդհանուր տնօրէն Էլիֆ Իւլկէնի արտայայտութիւնը։ Ան նախ նշեց, որ ներկայացուած ֆիլմը հաւնած է ու զայն կը համարէ առարկայական գործ մը։ Սա կը համարուի տեսողական նշում մը, ծանօթագրութիւն մը՝ տուեալ նիւթին առընչութեամբ։
Էլիֆ Իւլկէն աւելի վերջ անդրադարձաւ անցեալ տարուան ու նշեց, թէ իրենք 2015 թուականը նկատած են մեծ քննութեան մը ժամանակաշրջանը։ Թուրքիա անցեալ տարի մեծ քննադատութիւն մը չէ առած իր հիմնական միջազգային գործընկերներէն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հարթութեան վրայ ստեղծուած ազատ բանավէճի մթնոլորտը ամրապնդած է անոր դիրքերը։ Ըստ իրեն, Թուրքիա 2015-ը կրցած է յաղթահարել շնորհիւ քաղաքացիական հասարակութեան մօտ ապրուած վէճերուն, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ քաղաքացիական հասարակութիւնը պետութեան կողքին գտնուած է։ Իւլկէն աւելի վերջ մատնանշեց, որ թրքական պետութեան ոճը փոխուած է այս հարցին շուրջ եւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մօտեցումներն ալ կարեւոր դեր խաղացած են այս ուղղութեամբ։ Ան վերապահութեամբ ակնարկեց 2015-ին հրապարակուած Համահայկական հռչակագրին, մասնաւորապէս անոր բովանդակութեան մէջ Սեւրի համաձայնագրին կատարուած յղումին բերումով։ Էլիֆ Իւլկէնի խօսքով, ակնկալութիւնը այն էր՝ որ 2015-էն վերջ կարգը պիտի գար բնականոնացման, սակայն ներկայիս այս ուղղութեամբ կը պակսի եռանդը։
Հարցում-պատասխանի բաժնէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս ներկաները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ։