ՌԱԿ «ՊԱՅ­ՔԱ­Ր» Ա­ԿՈՒՄ­ԲԻ ԸՆ­ԿԵՐ­ՆԵՐ՝ ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏ­ՆԷ­ՇԻ ՎՐԱՅ

Յու­նուա­րի 5-ին, ՌԱԿ-ի Պէյ­րու­թի «Պայ­քա­ր» ա­կում­բը իր հա­ւա­տա­ւոր ան­դամ­նե­րուն ու հա­մա­կիր­նե­րուն կը ներ­կա­յա­նար վե­րա­կանգ­նող ո­գիով, նո­րա­նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու յան­դուգն կե­ցուած­քով ու գա­ղա­փա­րա­կան շրջա­նա­կի կար­գա­պահ գի­տակ­ցու­թեամբ:

Ակն­յայտ ի­րո­ղու­թիւն է, որ ՌԱԿ «Պայ­քա­ր» ա­կում­բի եւ ա­նոր հա­ւա­տա­ւոր ան­դամ­նե­րու ու հա­մա­կիր­նե­րու կու­սակ­ցանուէր գոր­ծու­նէու­թեան ո­լորտ­ներն ու սահ­ման­նե­րը մե­ծա­պէս ըն­դար­ձա­կուած են, եւ հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է դար­ձած ա­ռա­ւել մօ­տէն ու ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն նոյ­նինքն պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող իր ա­կում­բին կող­մէ, որ կո­չուած է ՌԱԿ-ի  հա­րա­զատ ար­տա­յայ­տիչն ու հա­յե­լին դառ­նա­լու կու­սակ­ցու­թեան շի­նիչ, բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծե­րուն, նպա­տակ­նե­րուն ու տես­լա­կա­նին:

Ա­հա՛ նման ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րով, անհ­րա­ժեշտ նկա­տուե­ցաւ «Պայ­քա­ր­»ին տալ ի­րեն յա­տուկ վա­յել­քով նո՛ր կո­րով, շունչ ու թափ, որ­պէս­զի գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­ներ կա­րե­նան մօ­տէն ի­րա­զեկ դառ­նալ ՌԱԿ-էն ներս տի­րող կա­ցու­թեան ու ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան դրսե­ւո­րու­մին:

Գնա­հա­տե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու ար­դար մտա­հո­գու­թեամբ, ըն­դա­ռա­ջե­լով «Պայ­քա­ր» ա­կում­բի վար­չու­թեան հրա­ւէ­րին, Նիւ Եոր­քէն Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեան ստանձ­նեց նա­խա­գա­հու­թիւ­նը «Խթման ե­րե­կո­յեա­ն» ձեռ­նար­կին: Ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ տա­րի­նե­րու նման ձեռ­նարկ­նե­րուն, «Պայ­քա­ր» ա­կում­բի ժրա­ջան ե­րի­տա­սարդ վար­չա­կան կազ­մը ինք­նա­տիպ մտայ­ղա­ցու­մը ու­նե­ցած էր նոր ձե­ւով ու բո­վան­դա­կու­թեամբ ներ­կա­յաց­նե­լու ՌԱԿ-ի կա­տա­րած դերն ու բազ­մա­պի­սի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ:

Հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Զալ­քա­յի Olivia’s Sky շքեղ ճա­շաս­րա­հին մէջ, ե­րե­կոյ­թին յա­տուկ ակն­կա­լուա­ծէն ա­ւե­լի բազ­մու­թեամբ: Ո­րո­շեալ ժա­մուն, կու­սակ­ցու­թեան բազ­մա­թիւ ղե­կա­վար­ներ, ան­դամ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ ծա­նօթ­ներ, ար­դէն տեղ գրա­ւած էին սրա­հին մէջ:

ՌԱԿ-ի հիմ­նը յոտն­կայս ունկնդ­րե­լէ ետք, բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ՌԱԿ «Պայ­քա­ր» ա­կում­բի փոխ-ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Յա­կո­բեա­ն, որ սեղմ, այլ բո­վան­դա­կա­լից գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց ՌԱԿ-ի ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րն ու նպա­տա­կը, տօ­նա­կա­տա­րու­թեան բնոյ­թը, օ­րուան նա­խա­գահ Վար­դի­վա­ռեա­նի ու­նե­ցած  դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ՌԱԿ-էն ներս եւ իր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը ուղ­ղեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցան սոյն ձեռ­նար­կի ի­րա­գործ­ման:

Ե­րե­կոյ­թին ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նին յա­տուկ հմայք տուին Րաֆ­ֆի Տօ­նէ­րեան եր­գե­հո­նի նուա­գակ­ցու­թեամբ եւ սփիւռ­քա­հայ եր­գիչ Րաֆ­ֆի Կե­պօղ­լա­նեան,  ո­րոնք մթնո­լոր­տը ճո­խա­ցու­ցին հայ­րե­նա­սի­րա­կան, սի­րա­յին հա­յե­րէն թէ օ­տար ծա­նօթ եր­գե­րով: Ա­պա բե­մա­հար­թակ հրա­ւի­րուե­ցաւ ՌԱԿ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան եր­կա­րա­մեայ նախ­կին ա­տե­նադ­պիր եւ ԹՄՄ­-ի Հիմ­նա­դիր­նե­րու մարմ­նի նախ­կին ա­տե­նադ­պիր Ար­տա­ւազդ Մել­քի­սէ­թեան, որ իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով հան­դի­սա­տես­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեա­նը, որ հե­ռա­ւոր Ա­մե­րի­կա­յէն յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ ներ­կայ կը գտնուէր Լի­բա­նան:

Յատ­կան­շա­կան էր Վար­դի­վա­ռեա­նի ե­լոյ­թը, որ ար­ժա­նա­ցաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քին: Ան նախ յայտ­նեց իր ան­հուն ու­րա­խու­թիւ­նը «Պայ­քա­ր» ա­կում­բի ժրա­ջան վար­չու­թեան, որ ո­գի ի բռին գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէին ի­րենց շուրջ հա­մախմ­բե­լու ե­րի­տա­սարդ ու կո­րո­վի ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք ա­մէն ճիգ ի գործ կը դնեն բարձր պա­հե­լու հա­մար ՌԱԿ-ի վարկն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը: Ա­պա ան ներ­կա­յա­ցուց ՌԱԿ-ի ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ու­ղե­գի­ծը: «ՌԱԿ-ը ոչ միայն ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, այ­լեւ ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցա­կան յստակ ու բնո­րոշ հա­յեացք­ներ եւ ա­ռա­ջադ­րանք­ներ ու­նե­ցող կու­սակ­ցու­թիւն, ո­րուն սնու­ցիչ աղ­բիւ­րը ու գո­յա­տեւ­ման խորհր­դա­նիշ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան Հա­յաս­տանն ու Մայր Ա­թո­ռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը», ը­սաւ Վար­դի­վա­ռեան ու տես­նե­լով ներ­կայ գտնուող ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­նե­րու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը, շա­րու­նա­կեց իր կուռ ու տպա­ւո­րիչ ե­լոյ­թը, շեշ­տը դնե­լով նո­րա­հաս գա­ղա­փա­րա­կից սե­րուն­դին վրայ, ո­րուն ան­դամ­նե­րը իբ­րեւ կու­սակ­ցա­կան­ներ պի­տի ըլ­լա­յին ազ­գա­յին  հե­տա­գայ մեր գոր­ծիչ­նե­րը: Այ­նու­հե­տեւ Վար­դի­վա­ռեան ըն­դար­ձա­կե­լով իր նիւ­թը, հա­մո­զիչ ու տրա­մա­բա­նա­կան մօ­տե­ցու­մով միա­ձու­լեց ՌԱԿ-ն ու ԹՄՄ­-ը իբ­րեւ եր­կու ան­քակ­տե­լի ամ­րա­կուռ օ­ղակ­ներ, ո­րոնք կը հե­տապն­դեն ու կը ձգտին նոյն նպա­տա­կին. հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, հա­յա­պահ­պան­ման եւ հայ ո­գիի պահ­պան­ման հա­մար ան­դադ­րում պայ­քար...:

Ա­պա իր խօս­քը ընդ­հան­րաց­նե­լով, Վար­դի­վա­ռեան ընդգ­ծեց, թէ մեր բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը բար­ւոք ու փայ­լուն ար­գա­սիք­նե­րու հասց­նե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ են տնտե­սա­կան նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, նոր ղե­կա­վա­րու­թեան ան­յա­պաղ ընտ­րու­թեան, նոր կո­րով, նոր ա­ւիւն է պէտք վե­րա­կանգ­նած տես­նե­լու հա­մար այն բո­լոր ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնք  միայն պա­տիւ կը բե­րէին իւ­րա­քան­չիւր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն ու­նե­ցող ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կա­նին:  Ան կոչ ը­րաւ տարտղ­նուած շար­քե­րը վե­րա­միաց­նե­լու եւ միու­թիւն ստեղ­ծե­լու ՌԱ­Կ­-ի շար­քե­րէն ներս, վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար կու­սակ­ցու­թեան ան­ցեա­լի լրջու­թիւ­նը եւ յար­գանք պար­տադ­րե­լու հա­մար մե­զի բա­րե­կամ ու այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն:  Նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ազ­գա­յին պա­հանջ­նե­րուն հաս­նե­լու թէ հայ­րե­նա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն կա­րե­նալ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է վե­րա­միա­ւո­րել մեր բո­լոր ու­ժե­րը անխ­տիր:

Մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծող Վար­դի­վա­ռեա­նի կուռ ե­լոյ­թէն ետք, սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան, մինչ վար­չա­կա­նու­հի­ներ կը բաշ­խէին վի­ճա­կագ­րա­կան տոմ­սակ­ներ, իսկ շա­հող­ներ կը ստա­նա­յին ար­ժէ­քա­ւոր նուէր­ներ:

Ե­րե­կոյ­թը իր ա­ւար­տին կը մօ­տե­նար, երբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան կար­կան­դա­կի հատ­ման ա­րա­րո­ղու­թի­ւի­նը, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ներ­կայ գտնուող ղե­կա­վար­ներ՝ Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեան, Ար­տա­ւազդ Մել­քի­սէ­թեան, Նշան Պա­րութ­ճեան եւ «Պայ­քա­ր» ա­կում­բի վար­չա­կան­ներ:

Ի­րա­պէս, ՌԱԿ «Պայ­քա­ր» ա­կում­բի կո­րո­վի ան­դամ­նե­րը ար­ժա­նի են ա­մէն դրուա­տի­քի ու խրա­խու­սան­քի, կազ­մա­կեր­պած ըլ­լա­լու հա­մար այս­պի­սի ու­շագ­րաւ հան­դի­սու­թիւն մը:

ՊԱՅ­ԾԻԿ ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016