ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ
23 Յունուար 2016, Շաբաթ օր, Սուրբ Սարգիսի տօնն է։
Ուստի կ՚արժէ վերյիշել, թէ ո՞վ էր Սուրբ Սարգիս։
Սուրբ Սարգիս ծնած էր քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, Կապադովիայի Քամիրքի շրջանը։ Ան եղած էր զինուորական եւ Կոստանդիանոս կայսրի թագաւորութեան շրջանին հասած էր մինչեւ զօրավարի աստիճանին։ Երբ Կոստանդիանոս կայսրին յաջորդեց Յուլիանոս Ուրացող կայսրը, եւ երբ Սարգիսը տեսաւ, որ կայսրը կ՚ուրանայ Քրիստոսը, եւ աշխարհիկ բարքերը դարձեալ թափանցած են բանակի եւ ժողովուրդի մէջ, հեռացաւ Բիւզանդիոնէն, եկաւ Հայաստան՝ Տիրան թագաւորի մօտ։ Իսկ երբ տեսաւ, որ իր ներկայութեան պատճառով Տիրան թագաւոր ինքն իրեն ապահով եւ ուժեղ չի զգար բիւզանդացիներու դիմաց, Հայաստանէն ալ հեռացաւ ու գնաց Պարսկաստան՝ ծառայելու պարսիկներու Շապուհ արքային։
Ինչպէս յայտնի է, այդ շրջանին երկու կարեւոր եւ ազդու ուժեր կային։ Արեւմուտքի մէջ Բիւզանդական կայսրութիւնը եւ Արեւելքին՝ Պարսկական կայսրութիւնը։
Այս երկու ուժերը, յաճախ, իրարու դէմ պատերազմներ կը մղէին, որպէսզի կարողանան հողային տարածութիւններ գրաւել իրարմէ եւ կամ Հայաստանի նման այս կամ այն երկիրը իրենց իշխանութեան տակ առնել։ Պարսիկներու արքան Շապուհ շուտով հասկցաւ, որ Սարգիս իր զինուորները քրիստոնէական ոգիով կը դաստիարակէ։ Ուստի ան պաշտօնապէս իր քով հրաւիրեց զայն, որպէսզի մեհեաններուն (=հեթանոսական տաճար, կուռքի սեղան) զոհեր մատուցանէ։ Սարգիս չանսաց Շապուհ արքայի հրամանին եւ մերժեց զոհ մատուցանել։ Այն ժամանակ զայրացած արքան սպաննել տուաւ Սարգիս զօրավարը։ Անկէ առաջ արդէն սպաննել տուած էր անոր որդին՝ Մարտիրոսը։
Իսկ Սարգիսի տասնչորս զինուորները, որոնք գիշեր ատեն ուզեցին անոր մարմինը տանիլ առանձին տեղ մը ու թաղել, անոնք ալ մահուան դատապարտուեցան եւ սպաննուեցան։
Մեր աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ հայոց եռամեծ Վարդապետը, անոր մարմինը աւելի վերջ տեղափոխած է Արագածի շրջանի Կարբիի մօտ գտնուող Ուշի գիւղը։ Ուշիի մէջ գտնուող Սուրբ Սարգիս զօրավարի գերեզմանը վերածուած է ուխտատեղիի, եւ կ՚ենթադրուի, թէ այնտեղ են անոր մասունքները։
Ահաւասիկ պատմութիւն մը Հայ Եկեղեցիի կեանքէն, սուրբի մը պատմութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը յիշուի եւ կ՚ապրուի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ այսօր ալ կը յուզէ, հոգիները կը հրահրէ երիտասարդութեան եւ հայ ժողովուրդին։ Ուստի այն երիտասարդները՝ որ մօտեցած են ամուսնութեան տարիքին եւ արդէն թեւակոխած են այդ տարիքը, Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակի տօնին, այս օրը, աղի բլիթ (=բոլորակ կակուղ հացիկ) կ՚ուտեն, ենթադրելով որ նոյն գիշերը իրենց երազին մէջ պիտի գայ երիտասարդ մը՝ Սարգիս զօրավարի կերպարանքով, որպէսզի իրենց ծարաւը յագեցնելու համար բաժակ մը ջուր տայ։ Այդպիսով անոնք կ՚ենթադրեն, որ այդ տարուայ մէջ իրենք պիտի կարենան երջանիկ ամուսնութիւն մը կնքել կամ որեւէ կերպով երջանկանալ։
Իսկ պարմանուհիներու (=երիտասարդ օրիորդներ)՝ երիտասարդ աղջիկներու անկողնի մօտ ափսէ մը ալիւր կը դնէին. եթէ Սուրբ Սարգիսը գիշերը այցելէր իրենց, անոր ձիու պայտը նշան կը դնէր այդ ալիւրին վրայ, եւ այդպիսով անոնք կը հաւատային, որ իրենց համար նոր կեանք, նոր բախտ կը սկսի։
Իմ շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, այս բոլորը անշուշտ աւանդութիւն է, այստեղ կրօնական կամ դաւանական հարցեր չկան, բայց քանի տակաւին երիտասարդութիւնը կը հաւատայ, թո՛ղ այդ հաւատքով ալ եկեղեցի գայ, անտարբեր չըլլայ հոգեւոր կեանքին, որպէսզի այդ հաւատքը իրենց մէջ կենդանանայ, ձեւաւորուի, զօրանայ՝ ուժեղանայ եւ իրենց համար Եկեղեցիի ծառայելու ամբողջական կերպ ու միջոց դառնայ։ Աւանդութիւնները կերպով մը, հաւատքը գործնականի վերածող գործօններ են…։
Սուրբ Սարգիս զօրավարի կեանքի հիմնական իմաստը անոր նուիրուածութի՛ւնն էր՝ նպատակասլացութիւնը, այն, որ ան չուրացաւ Քրիստոսը՝ քաղաքական վայրիվերումներու ժամանակ եւ ինքզինք զոհեց Քրիստոսի համար, ճշմարտութեան համար, իր հաւատքին համար եւ իր հաստատ համոզման համար։
Մեր ամէն մէկուն կեանքին մէջ ալ, սիրելի՜ բարեկամներ, եւ մանաւանդ մեր սիրելի՜ երիտասարդներու կեանքին մէջ հաւաստքը պէ՛տք է զօրանայ աշխատասիրութեան հետ։ Պէտք է երիտասարդ սերունդը անտարբեր չվարուի հոգեւոր կեանքի հետ, ճանչնայ իր Եկեղեցին, սիրէ եւ մասնակցի անոր առաքելութեան որեւէ կերպով՝ ամէն մէկը իր կարողութեան ու տարողութեան չափով։ Ոեւէ մէկէ չի սպասուիր այն՝ ի՛նչ որ իր կարողութենէն վեր է, չի պահանջուիր այն՝ ի՛նչ որ չունի, բայց իւրաքանչիւր անձ ալ պէտք է պատրաստակամութիւնը ունենայ տալու՝ այն ի՛նչ որ կրնայ տալ եւ նուիրէ իր տարողութեան չափով։ Արդարեւ զոհողութիւնը առաքինութիւն է եւ ազնուութիւն։ Տալը աւելի երանելի՜ է, քան առնելը։ Այս է կեանքին նպատակը եւ մարդուն սկզբնական կոչումը։ Եւ մանաւանդ երիտասարդներ պէ՛տք է ունենան կեանքի նպատակ մը, քանի որ առանց նպատակի սպրիլ՝ կեանքը ապրիլ չի նշանակեր…։
Այո, սիրելի՜ բարեկամներ, երիտասարդներ առանց նպատակի պէտք չէ՛ ապրին, պէ՛տք է հասուն տարիքէն յետոյ անպայմա՛ն նուիրուին գաղափարի մը, իտէալի մը՝ ունենան հեռանկար մը, որ մինչ այդ գտած պէտք է ըլլան եւ այդ ուղղութեամբ ալ բոլորանուէր կերպով աշխատին, որպէսզի յարատեւ ու անձանձիր աշխատանքի շնորհիւ կարողանան հասնիլ իրենց իտէալին՝ նպատակակէտի՛ն։
Ուստի կեանքի մէջ, այն մարդը կը հասնի յաջողութեան, որ յարատեւօրէն կ՚աշխատի, չի վհատիր եւ չի յուսալքուիլ. իսկ անոնք, որոնք թոյլ են, անզօր, տատանող, անվստահ եւ վարանոտ, անոնք անպայմա՛ն կեանքի ընթացքին մէջ կը շփոթին եւ կեանքի երկար պայքարին մէջ դասալիք կ՚ըլլան, ուղեգիծէն դուրս կը գլորին։ Յեղյեղուկ, անվճռական մարդիկ դատապարտուած են միշտ սայթաքելու, տապալելու եւ կիսատ ու անաւարտ ձգելու իրենց կեանքի պայքարը։
Շա՜տ են օրինակներ թէ՛ պատմութեան, եւ թէ ներկայի մէջ, թէ ի՛նչպէս մարդիկ իրենց սրբազան նպատակներուն եւ հաստատ, մշտնջենաւոր սկզբունքներուն համար նուիրած են իրենց ամբողջ կեանքը, զոհած ու զոհուած են, եւ նոյնիսկ իրենց կեանքի գինով պաշտպանած են իրենց հաւատալիքները եւ կեանքը տուած են իրենց նպատակներուն իրականացման ճանապարհին վրայ։ Այդպէս էին բոլոր այն մե՛ծ մարդիկ՝ որոնք իրենց առջեւ վսեմ եւ բարձր նպատակներ դրած էին եւ այդ նպատակին կը ծառայէին։
Այսօր ալ անհրաժե՛շտ է անդրադառնալ այդ վսեմ ու բարձր նպատակներուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 21, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024