ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՔՈՆԵԱՔ ԱՐՑԱԽԻ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ
Այս տարի կը լրանայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակը: Այս առիթով Արցախի կառավարութեան եւ «Երեւանի Արարատ քոնեաքի-գինիի-օղիի գործարան»ի ու «Ստեփանակերտի քոնեաքի գործարան»ի համագործակցութեամբ, պիտի թողարկուի տասը հազար շիշ՝ քսանհինգ տարեկան յոբելենական քոնեաք, իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է Լեռնային Ղարաբաղի Փոխ-վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան: Ըստ Աղաբէկեանի, վաճառքէն ստացուած ողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի կարողութիւններու բարձրացման: Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակագիրը ընդունած է 1991 թուականի Սեպտեմբերի 2-ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանի ընթացքին՝ ժողովրդական պատգամաւորներու կողմէ։