ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հագ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն շա­բա­թա­վեր­ջին ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։ Իս­թան­պու­լի մէջ ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ։ Էր­տո­ղան բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րին հետ տե­սակ­ցե­ցաւ Եըլ­տը­զի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, «Մա­պէյն» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ, ուր զրոյ­ցը տե­ւեց շուրջ եր­կու­քու­կէս ժամ։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րին հետ մէկ-­տե­ղուե­ցաւ Տոլ­մա­պահ­չէի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, վար­չա­պե­տա­րա­նի գրա­սե­նեա­կի եր­դի­քին տակ։ Այս եր­կու տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր խնդիր­ներ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը։ Իս­թան­պու­լի մէջ շեշ-տըւե­ցաւ, թէ Թուր­քիա եւ ԱՄՆ հա­սա­րա­կաց թշնա­մի կը հա­մա­րեն ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ), ՓՔՔ, Էլ Նուս­րա եւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին Ան­գա­րա եւ Ուա­շինկ­թըն լիա­կա­տար փո­խըմբռն­ման մէջ են ներ­կայ հանգ­րուա­նին։ Կող­մե­րը հա­մա­կար­ծիք են, որ­պէս­զի կան­խեն ա­նոնց շար­ժում­նե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցին այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ոչն­չաց­ման հա­մար։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն մի­ջեւ ներ­կա­յիս ո­րոշ տար­բե­րու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նի ՓԵՏ-ի կա­պակ­ցու­թեամբ, որ ՓՔՔ­-ի Սու­րիոյ շա­ռա­ւի­ղը կը նկա­տուի։ Շա­բա­թա­վեր­ջի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին թրքա­կան կող­մը յա­մա­ռօ­րէն ընդգ­ծած է, թէ այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւնն ալ կը նկա­տէ սպառ­նա­լիք։ Յա­մե­նայն­դէպս, Ճօ Պայ­տըն խու­սա­փած է իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ՓԵՏ-ի ա­նու­նը նշե­լէ։ ԱՄՆ-ի փոխ-նա­խա­գա­հը նշած է, թէ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ան­ցեա­լի մէջ փոր­ձած է հաս­նիլ խա­ղա­ղու­թեան մը, սա­կայն այդ գոր­ծըն­թա­ցը ձա­խո­ղած է եւ ՓՔՔ ու­րիշ այ­լընտ­րանք մը չէ թո­ղած թրքա­կան կող­մին հա­մար։

Ճօ Պայ­տը­նի Թուր­քիա այ­ցե­լու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր հանգ­րուա­նի մը զու­գա­դի­պե­ցաւ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի խմո­րում­նե­րուն ա­ռու­մով։ Ար­դա­րեւ, վեր­ջին շրջան­նե­րուն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը մատ­նան­շուի, որ ԱՄՆ-ի կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թիւ­նը մտա­դիր է ցա­մա­քա­յին զօր­քեր մտցնել Սու­րիա եւ Ի­րաք։ Մինչ այդ, Ռու­սաս­տան ար­դէն նոր ռազ­մա­խա­րիսխ մը ստեղ­ծած է Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս, Գա­միշ­լիի մէջ, որ կը գտնուի գրե­թէ Թուր­քիոյ սահ­մա­նին վրայ։ Մինչ այդ, նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կ՚ըն­թա­նան նաեւ Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը կազ­մա­կերպ­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ, մինչ Թուր­քիա կը ջա­նայ ար­գի­լել այդ ժո­ղո­վին ՓԵՏ-ի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Ներ­կա­յիս ա­մե­րի­կեան կող­մին հիմ­նա­կան նպա­տակն է Մու­սու­լը ձեր­բա­զա­տել Ի­ՇԻՊ-էն։ Ճօ Պայ­տը­նի Թուր­քիոյ շփում­նե­րուն հետ նոյ­նա­ժա­մա­նակ ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըրն ալ յայտ­նեց, որ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով ա­ւե­լի ներդ­րում կ՚ակն­կա­լեն Թուր­քիա­յէն։

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն կա­պա­կա­ցու­թեամբ այս օ­րե­րուն զգա­լիօ­րէն թափ ստա­ցած է նաեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան եր­թե­ւե­կը։ ԱՄՆ-ի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Բաց աս­տի, Ճոն Քե­րի տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն հետ։ Ռիա­տի մէջ ան ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման թա­գա­ւո­րին կող­մէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016