ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն ջերմօրէն կը հիւրընկալուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս։ Երէկ, Լոս Անճելըսի մէջ ան պատարագեց եւ քարոզեց Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ հոգեւորականաց դասը Նորին Սրբազնութիւնը «Հրաշափառ»ի արարողութիւնով դիմաւորեցին իր ժամանումէն վերջ։ Ներկայ էին նախկին թեմակալ առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան եւ Հայաստանէն՝ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ «Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ ճաշասեղան մը սար-քըւեցաւ ի պատիւ Ընդհանուր Փոխանորդին։ Միայն հոգեւորականաց դասը մասնակցեցաւ այս ճաշկերոյթին, որու ընթացքին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ողջունեց Ընդհանուր Փոխանորդին այցելութիւնը։ Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը, որու ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան շարժառիթին կապակցութեամբ, իսկ աւելի վերջ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան այժմու առաջնահերթութիւններուն եւ թրքահայ համայնքային կեանքի ներկայ ընդհանուր ընթացքին շուրջ։ Իր խօսքէն վերջ Նորին Սրբազնութիւնը պատասխանեց նաեւ ներկայ հոգեւորականներու հարցումներուն։ Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ձեռաց խաչ մըն ալ նուիրեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին։ Լոս Անճելըսի կեցութեան օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անմիջականօրէն կը շրջապատուի նաեւ տեղւոյն նախկին պոլսահայ շրջանակներուն կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Լոս Անճելըս մեկնած է Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի վախճանման 25-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւններուն առթիւ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդած էին, թէ ան քաղաքս պիտի վերադառնայ յառաջիկայ Հինգշաբթի։