Առնօ Բաբաջանեան. Սիրոյ Առինքնող Երաժշտութեան եւ Հայատրոփ Հնչիւններու Վարպետը

22 Յու­նո­ւա­րին, հայ մար­դու յի­շո­ղու­թեան պաս­տա­ռին, տի­րա­կան իր ձայ­նին­ ներ­կա­յու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ առ­նա­կան դէմ­քը հայ եր­գի եւ ե­րաժշ­տու­թեան­սի­րո­ւած վար­պետ­նե­րէն Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի։

Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դը Յու­նո­ւա­րի 22-ին կը նշծնն­դեան 95-րդ տա­րե­դար­ձը իր տա­ղան­դա­շատ ե­րա­ժիշ­տին, որ ճա­կա­տագ­րի ­բեր­մամբ միայն 62 տա­րի ապ­րե­ցաւ, բայց որ գիտ­ցաւ ու կրցաւ հինգ տա­րե­կա­նէն սկսեալ - հն­չիւն­նե­րու մո­գա­կան ու­ժով - մ­նա­յուն ու ան­վերջ եր­գա­հան­դէ­սի մը­ վե­րա­ծել ի­րեն տրո­ւած կեան­քի ժա­մա­նա­կը, ա­նոր իւ­րա­քան­չիւր վայր­կեա­նը։

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան ամ­բողջ աշ­խար­հին եւ ո­րո­շա­պէս հայ մար­դուն պար­գե­ւեց սրտի ու սի­րո­յ ա­ռինք­նող ե­րաժշ­տու­թիւն մը, որ էա­պէս ու ան­վի­ճե­լիօ­րէն հա­յատ­րոփ էր, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէ­ս ա­ռի­թով մը Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան ինք պի­տի ընդգ­ծէր, «ինչ էլ որ գրեմ, ստաց­ւում է հա­յե­ցի»…­

Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, լրագ­րո­ղի մը «նա ա­զատ ժա­մե­րում ին­չո՞վ է զբաղ­ւում» հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լով՝ վար­պե­տը ի՛նք խոս­տո­վա­նե­ցաւ, թէ «Ես ա­զատ ժա­մեր չու­նեմ եւ չեմ էլ ու­նե­ցել։ Ամ­բողջ կեան­քում նման եմ ե­ղել պա­շա­րո­ւած ամ­րո­ցի։ Ա­յո՛, ես պա­շա­րո­ւած եմ հնչիւն­նե­րով։ Քուն թէ ար­թուն՝ շո­շանք­նե­րի մէջ եմ։ Մի՛ զար­մա­ցէք, ե­թէ ա­սեմ, որ իմ տե­սած ե­րազ­ներն էլ հն­չիւն­նե­րի հետ են կա­պուած։ Այդ հնչիւն­նե­րից ես ընտ­րում եմ սրտա­հաճ­նե­րը եւ եր­գեր յօ­րի­նում­։ Ինձ հա­մար ա­զատ ժամ ու­նե­նալ՝ նշա­նա­կում է կտրո­ւել հնչիւն­նե­րից, որ նոյնն է՝ թէ հրա­ժեշտ տալ­ կեան­քին»։

­Ճիշդ այդ­պէ՛ս, Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր բո­լոր երկր­պա­գու­նե­րուն մէջ ան­պայ­ման կ­­՚արթնց­նէ Սի­րոյ ա­ռինք­նող ե­րաժշ­տու­թիւնն ու հա­յատ­րոփ հնչիւն­նե­րու դիւ­թան­քը։

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան ծնած է Ե­րե­ւան, 22 Յու­նուար 1921 թուականին։ Հա­զիւ հինգ տա­րե­կան մա­նուկ էր, երբ իր ­յա­ճա-­խած ման­կա­պար­տէ­զը այ­ցի ե­կած մեծ վար­պե­տը՝ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան, շնոր­հա­լի մա­նուկ­ներ յայտ­նա­բե­րե­լու իր փնտռտու­քին ըն­թաց­քին, խո­րա­պէս տպա­ւո­րո­ւած էր Առ­նո­յի դաշ­նա­կի կա­տա­րո­ղու­թեամբ եւ թե­լադ­րած դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, որ մա­նու­կը ան­պայ­ման նո­ւի­րո­ւի ե­րաժշ­տու­թեան։

Այդ­պէս ալ ե­ղաւ։

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ե­րաժշ­տու­թեան եւ միայն ինն տա­րե­կան էր, երբ ս­տեղ­ծեց իր ա­ռա­ջին ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծը՝ «­Պիո­նե­րա­կան մարշ»ը (քայ­լեր­գը), որ ան­մի­ջա­պէ­ս ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ժա­մա­նա­կի գրա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ ա­րո­ւես­տի ա­կա­նա­ւոր­ գոր­ծիչ­նե­րուն եւ քննա­դատ­նե­րուն։ Անձ­նա­պէս Չա­րենց իր հո­գա­ծու­թեան տակ ա­ռաւ մա­նուկ­ Բա­բա­ջա­նեա­նը՝ ա­նոր առ­ջեւ բա­նա­լով դռնե­րը Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցին կից ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցին։

Այ­նու­հե­տեւ՝ շնոր­հա­լի ե­րա­ժիշ­տը մաս­նա­գի­տա­կան իր ու­սու­մը ստա­ցաւ նախ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ, ա­պա՝ 1948-ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Մոս­կո­ւա­յի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցին դաշ­նա­մու­րի բա­ժի­նը, միա­ժա­մա­նակ իր ա­րո­ւես­տը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով Մոս­կո­ւա­յի­ Հա­յաս­տա­նի Կուլ­տու­րա­յի տան ա­րո­ւես­տա­նո­ցին մէջ։

Ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­ներն ու կեն­սա­գիր­նե­րը կ­­՚ընդգ­ծեն, որ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի ե­րաժշ­տա­կան կազ­մա­ւոր­ման վրայ ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցան Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան եւ Սեր­կէյ­ Ռախ­մա­նի­նով։ Այ­դու­հան­դերձ՝ շեշ­տա­կի ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ օժտուած տա­ղանդ մը ըլ­լա­լով՝ Բա­բա­ջա­նեան թէ՛ իբ­րեւ դաշ­նա­կա­հար եւ թէ՛ իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ինք­նա­տիպ դ­րոշ­մով ինչ­պէս իր կա­տա­րո­ղա­կան մեկ­նա­բա­նու­թեանց, նոյն­պէս եւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յօ­րի­նում­նե­րուն մէջ։

Ան ե­ղաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին սիրո­ւա՜ծ ե­րա­ժիշ­տը, ո­րուն «Վա­ղար­շա­պա­տի պա­րը», «­Հե­րո­սա­կան բալ­լադ»ը, «­Հայ­կա­կան ռապ­սո­դիան» եւ «­Դաշ­նա­մու­րա­յին ե­ռեակ»ը մին­չեւ այ­սօր լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լեն։ Նոյն­պէս եւ «­Կա­մուրջ­ներ», «­Գու­շա­կիր ցան­կու­թիւնս» ու «­Մի շտա­պիր» եր­գե­րու օ­րի­նա­կով քնա­րա­կան գոր­ծե­րը։ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան մեծ գործ կա­տա­րեց նաեւ թա­տե­րա­կան եւ շար­ժան­կա­րա­յին գլուխ-գոր­ծոց­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան դաշ­նա­ւոր­մա­ն աս­պա­րէ­զին մէջ։ Ի­րենց ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը մին-­չեւ այ­սօր կը պահ­պա­նեն «Իմ սիր­տը լեռ­նե­րում է», «Ա­ռա­ջին սի­րոյ եր­գը», «Եր­ջան­կու­թեան մե­խա­նի­կան» եւ «­Հարս­նա­ցուն հիւ­սի­սից» գոր­ծե­րու բե­մա­կա­նաց­ման հա­մար Բա­բա­ջա­նեա­նի ստեղ­ծած ե­րաժշ­տա­կան դաշ­նա­ւո­րում­նե­րը։

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան դաշ­նա­կա­հա­րը ինք­զինք կը գե­րա­զան­ցէր յատ­կա­պէս սե­փա­կան եր­գե­րու եւ ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մեկ­նա­բա­նու­թեան ժա­մա­նակ. դաշ­նա­մու­րի առ­ջեւ՝ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան կը վե­րա­ծուէր հայ եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան մո­գա­կան ու­ժը թե­ւա­ւո­րող հնչիւ­նա­յին կա­խար­դի, որ ի­րեն կա­պո­ւած կը պա­հէր ունկն­դիրն ու հան­դի­սա­տե­սը։

Վար­պե­տը 1956 թուականէն սկսեալ վերջ­նա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց Մոս­կո­ւա­յի մէջ, ուր եւ աչ­քե­րը­ փա­կեց 11 Նո­յեմ­բեր 1983 թուականին՝ գե­րե­լով մոս­կո­ւա­ցի­նե­րու հո­գին, իբ­րեւ Սի­րոյ եւ Հա­յաս­տա­նի­ մեծ եր­գիչն ու ե­րա­ժիշ­տը։

Սի­րոյ ա­ռինք­նող ե­րաժշ­տու­թեան եւ հնչիւն­նե­րու հա­յա­շունչ կա­խար­դան­քին ան­կորն­չե­լի նո­ւա­ճում­նե­րէն է Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի դաշ­նա­ւո­րած «Չքնաղ Ե­րազ»ը, ո­րուն բա­ռե­րը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն են սի­րո­ւած հե­ղի­նակ Ա­րա­մա­յիս Սա­հա­կեա­նի։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016