ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ՁԱՅՆ
Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման ուղղեալ որոնումները կը շարունակուին միջազգային հարթութեան վրայ։ Ներկայիս այս շրջագծով անմիջական ուշադրութեան առարկայ է Ժընեւի մէջ նախատեսուած միջազգային խորհրդաժողովը, որ պիտի համախմբէ Սուրիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները։ Վերջին օրերուն որոշ չափով յապաղած այս համաժողովի յառաջիկայ օրերուն իրականացումը կը նախատեսուի, սակայն միջազգային դերակատարները կը դժուարանան հասարակաց յայտարարներ գտնել՝ տակաւին նախապատրաստական հանգրուանին։
Այս ամբողջին մէջ Թուրքիա եւս ունի վերապահութիւններ։ Անգարայի տեսակէտէ մտահոգիչ հիմնական հանգամանքը այն է, որ Ժընեւի խորհրդաժողովին մասնակցելու հաւանականութիւն ունի ՓԵՏ։ Ծանօթ է, որ թրքական կողմը ՓԵՏ-ն կ՚ընկալէ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Անգարա կը ձգտի արգելափակել ՓԵՏ-ի ներկայութիւնը Ժընեւի մէջ, մինչ Մոսկուա կը խրախուսէ։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ լարուածութիւնն ալ նշանակութիւն ունի այս հարցին մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս երէկ անդրադարձաւ այս խնդրին ու տեղեկացուց, թէ եթէ ՓԵՏ մասնակցի Ժընեւի խորհրդաժողովին, ապա Թուրքիա պոյքոթի պիտի ենթարկէ զայն։ «Ժընեւի մէջ ՓԵՏ ի՞նչ հանգամանքով սեղանի գլուխ պիտի նստի։ Կը փորձուի ջրոտել Սուրիոյ ընդդիմութիւնը», ըսաւ նախարարը ու շեշտեց, թէ ՓԵՏ-ն ալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է։
Հարկ է նշել, որ թրքական կողմը անհանգիստ է նաեւ Ժընեւի խորհրդաժողովէն թիւրքմէններու դուրս մնացած ըլլալուն բերումով։
Վերջին օրերուն Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով խտացեալ աշխատանք կը տանին Ժընեւի խորհրդաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ։