ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի կը շարունակէ դէպի Եւրոպա իր ուղեւորութիւնը, որ առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան։ Այս շրջագծով Հասան Ռուհանի երէկ այցելեց Վատիկան, ուր Առաքելական պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին կողմէ։ Շուրջ 40 վայրկեան տեւած է զրոյցը, որու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուհանիի այցելութեան համար ու շեշտած՝ իր խաղաղութեան ակնկալութիւնը։ Տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակում։ Ռուհանի Քահանայապետին նուիրած է ձեռագործ գորգ մը եւ գիրք։ Սրբազան Պապն ալ Ռուհանիին յանձնած է աւանդական քահանայապետական նուէրը՝ Սուրբ Մարթինի պատկերով մետայլ մը եւ բնապահպանութեան վերաբերեալ գիրք մը։
Ֆրանսիսքոս Ա. Պապէն հրաժեշտ առնելէ վերջ Վատիկանի մէջ Հասան Ռուհանի տեսակցեցաւ նաեւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։
Հասան Ռուհանիի ուղեւորութեան յաջորդ՝ եզրափակիչ հանգրուանը կը հանդիսանայ Փարիզը։ Էլիզէի պալատէն ներս ան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի կողմէ։ 1999 թուականէն ի վեր Թեհրանէն նման մակարդակով այցելութիւն մը չէ տրուած Փարիզ։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս երէկ երկրի Ազգային ժողովին մէջ յայտնեց, թէ բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին ամբողջ շարք մը կարեւոր քաղաքական խնդիրներ ու մասնաւորապէս ուշադրութիւն կ՚ընծայուի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադրութեան վրայ։ Ըստ Ֆապիուսի, առանձին ուշադրութիւն պիտի ցուցաբերուի նաեւ տնտեսական համագործակցութեան զգալի ընդլայնման նկատմամբ։ Փարիզի մէջ նախատեսուած է նաեւ Ռուհանիի հանդիպումը ֆրանսացի գործարար շրջանակներու եւ ձեռներէցներու հետ։
Հասան Ռուհանիի Իտալիա այցելութեան ընթացքին կնքուած էին աստղաբաշխային գումարներով պայմանագրեր։ Հաւանական է, որ նոյնը կրկնուի նաեւ Ֆրանսայի մէջ, մանաւանդ, որ Իրան մտադրութիւն ունի աւելի քան հարիւր օդանաւեր գնելու՝ «Էրպիւս» ընկերութենէն։