ԵԽԽՎ-Ի ԲԱՆԱՁԵՒԵՐԷՆ ՄԻՆ ՄԵՐԺՈՒԱԾ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմրան նստաշրջանին շրջագծով երէկ օրակարգի վրայ եկան երկու բանաձեւեր, որոնք առընչութիւն ունէին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ։ Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքին այդ բանաձեւերէն մին մերժուեցաւ։ Այս մերժուած բանաձեւին հեղինակն էր անգլիացի պատգամաւոր Ռապըրթ Ուոլթըր։ «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներուն մէջ» խորագրեալ զեկոյցը չընդունուեցաւ եւրոպացի պատգամաւորներուն կողմէ։ ԵԽԽՎ-ի մօտ վաթսուն պատգամաւոր կողմ քուէարկեց այդ բանաձեւին, իսկ եօթանասունը՝ դէմ։ Հայկական կողմը լուրջ նշանակութիւն կը վերագրէ այս նախագծի մերժուելուն նկատմամբ։ Վերջին շրջաններուն ԵԽԽՎ-ի մօտ իրերայաջորդ շրջանառութեան մէջ մտած էին ատրպէյճանամէտ բանաձեւեր։ Երէկ մերժուածին առընթեր, պոսնացի պատուիրակ Միլիցա Մարքովիչի կողմէ պատրաստուած բանաձեւ մը արժանացաւ ԵԽԽՎ-ի հաւանութեան։ «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները դիտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» խորագրեալ զեկոյցը հաւանութեան արժանացաւ 98 կողմ եւ 71 դէմ ձայներով։ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանէն ներս գտնուող Սարսանկի ջրամբարը որպէս սպառնալիք ներկայացուած է այս նախագծին մէջ։ Մարքովիչ, որ չէ այցելած Լեռնային Ղարաբաղ, պնդած է՝ որ հայկական կողմը այդ ջրամբարը որպէս զէնք կ՚օգտագործէ, կը սպառնայ ատրպէյճանցիներուն ու զանոնք կը զրկէ գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու հնարաւորութենէն։ Հարկ է նշել, որ Ստեփանակերտ մշտապէս արտայայտած է իր պատրաստակամութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ համատեղ Սարսանկի ջուրերը օգտագործելու ուղղութեամբ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ, որ այս երկու հակահայ զեկոյցները պատրաստուած են բացառապէս Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան արդիւնքով։ Յամենայնդէպս, թէեւ երէկուան բանաձեւերէն մին մերժուած է, սակայն ԵԽԽՎ-է ներս հաւասարակշռութիւնները այդքան ալ բարենպաստ տեսք մը չունին հայկական կողմին տեսակէտէ։ ԵԽԽՎ-ի նորընտիր նախագահը ծանօթ է որպէս բացառապէս ատրպէյճանամէտ պատգամաւոր մը, մինչ նոր ընտրուած փոխ-նախագահներու շարքին կը գտնուի նաեւ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղդալեան։
Իր կարգին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ խորհուրդ տուաւ ուշադրութիւն չցուցաբերել ԵԽԽՎ-ի մօտ Սարսանկի ջրամբարին վերաբերեալ ընդունուած զեկոյցի սուտ նիւթերուն։
Հայաստանի մէջ քաղաքական մեկնաբաններ դիտել կու տան, որ ԵԽԽՎ-ի մօտ որոշ չափով չէզոքացուած են այն գործօնները, որոնք վնաս կը հասցնեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։
ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱՅԵԱՆԻ ԴԻՐՔԸ
Միւս կողմէ, ԵԽԽՎ-ի երէկուան քուէարկութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսայեան, որ մաս կը կազմէ ԵԽԽՎ-ի աշխատանքներուն մասնակից Թուրքիոյ պատուիրակութեան։ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, թէ Մարգար Էսայեան կողմ քուէարկած է Հայաստանի վերապահութեան առարկայ վերոյիշեալ երկու բանաձեւերուն համար։ Հարկ է նշել, որ այդ բանաձեւերը միաձայնութեամբ կը պաշտպանուէին Թուրքիոյ պատուիրակութեան անդամներուն կողմէ։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՊԱՀԱՆՋ
ԵԽԽՎ-ի իրադարձութիւնները արձագանգ գտան նաեւ Ուաշինկթընի մէջ։ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի կարգ մը անդամներ պահանջեցին, որպէսզի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի յստակ դիրքորոշում արտայայտէ ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ Ներկայացուցիչներու տան կարգ մը անդամները կոչ ուղղեցին, որպէսզի Քերի յստակ դիրքորոշում մը ցուցաբերէ ընդդէմ ԵԽԽՎ-ի հակաղարաբաղեան բանաձեւերուն։ Գոնկրէսականները պահանջեցին, որ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ Քերի յստակօրէն ի ցոյց դնէ այն հանգամանքը, թէ բանաձեւը միակողմանի է, ոչ ճշգրիտ ու կը վնասէ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ու կայունութեան։ Կոչ ուղղուած է նաեւ, որպէսզի ամերիկացի պետական քարտուղարը անմիջապէս գործողութիւններու ձեռնարկէ՝ ցոյց տալու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի յառաջատար դերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացէն ներս։