Սիլվա Կապուտիկեան. Սիրոյ Եւ Իմաստութեան Մայրական Շունչով Բանաստեղծը

Յու­նո­ւար 20-ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ ու խի­զախ մտա­ւո­րա­կան ­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեա­նի (1919-2006), որ հայ գրա­կա­նու­թեան պար­գե­ւեց մայ­րա­կան շուն­չով յա­գե­ցած ­Սի­րոյ եւ Ի­մաս­տու­թեան ինք­նա­տիպ յու­զաշ­խարհ մը։ ­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան հա­յոց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցած է ոչ միայն իբ­րեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ այն­քա՜ն սի­րո­ւած քնա­րեր­գա­կան քեր­թո­ւած­նե­րու ան­մո­ռա­նա­լի բա­նաս­տեղ­ծու­հին, այ­լեւ իբ­րեւ այն մտա­ւո­րա­կա­նը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հանո­ւած դա­ժա­նա­գոյն ար­հա­ւիր­քը ի­մաս­տու­թեամբ յաղ­թա­հա­րե­լու եւ պայ­ծառ գա­լի­քը նո­ւա­ճե­լու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ո­գե­ւո­րեց մեր սե­րունդ­նե­րը։

Ի վեր­ջոյ ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան ապ­րե­ցաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց, իր ըն­թեր­ցող­նե­րը յու­զեց ու ո­գե­ւո­րեց, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հայ կեան­քը հու­նա­ւո­րեց այն հա­ւատ­քով եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Իսկ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջե­րուն գրուած ­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեա­նի «­Խօսք իմ որ­դուն» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղ­ծու­հին ան­մի­ջա­պէս գրա­ւէ սիրտն ու միտ­քը մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։

Պատ­գամ ու­նէր նո­րա­յայտ բա­նաս­տեղ­ծու­հին եւ օժ­տո­ւած էր իր պատ­գա­մը ա­մե­նայն քնա­րա­կա­նու­թեամբ, պար­զու­թեամբ ու խո­հա­կա­նու­թեամբ սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լու, ­Հա­յու ­Հո­գին յա­ւերժ ջեր­մաց­նե­լու շնոր­հա­լի տա­ղան­դով՝

Լ­սի՛ր, որ­դիս, պատ­գամ որ­պէս

Սի­րող քո մօր խօ՜ս­քը սրտանց,

Այ­սօ­րո­ւա­նից յանձ­նում եմ քեզ

Հա­յոց լե­զո՜ւն հա­զա­րա­գանձ:

Կտ­­րել է նա, հանց աստ­ղա­լոյս,

Եր­կինք­նե­րը ժա­մա­նա­կի,

Շա­ռա­չել է խռո­վա­յոյզ

Ս­­լաց­քի հետ հայ­կեան նե­տի,

Ու ­Մես­րո­պի սուրբ հան­ճա­րով

Դար­ձել է գիր ու մա­գա­ղաթ,

Դար­ձել է յո՜յս, դար­ձել դրօ՜շ,

Պա­հել եր­թը մեր ա­նա­ղարտ…

Ն­­րա­նո՛վ է մրմրնջա­ցել

Հայ պան­դուխ­տը վէրքն իր սրտի,

Ն­­րա­նո՛վ է ո­րոր­տա­ցել

Կ­­ռո­ւի երգն իմ ժո­ղովր­դի,

Պա­հի՛ր նրան բարձր ու վճիտ,

Ա­րա­րա­տի սուրբ ձիւ­նի պէս,

Պա­հի՛ր նրան սրտիդ մօ­տիկ,

Քո պա­պե­րի ա­ճիւ­նի պէս,

Ու ո­սո­խի զար­կի­ցը սեւ

Դու պաշտ­պա­նի՛ր կրծքով նրան,

Ինչ­պէս մօ՜րդ կը պաշտ­պա­նես,

Թէ սո՛ւր քա­շեն մօրդ վրան,

Ու տե՛ս, որ­դիս, ո՛ւր էլ լի­նես,

Այս լուս­նի տակ ո՜ւր էլ գնաս,

Թէ մօ՛րդ ան­գամ մտքիցդ հա­նես,

Քո մա՜յր լե­զուն չմո­ռա­նա՛ս:

Ա­հա այս­պէ՛ս, իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն իսկ, կա­նա­ցի եւ մայ­րա­կան սի­րոյ, քնքշան­քի ու գե­ղեց­կու­թեան քնա­րեր­գուն ըլ­լա­լով հան­դերձ, ­Սիլ­-վա Կա­պու­տի­կեան դրսե­ւո­րեց իր պատ­գա­մին ողջ կեան­քով նո­ւի­րո­ւե­լու մտա­ւո­րա­կա­նի յանձ­նա­ռու­թիւնն ու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։

Նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ան­դաս­տա­նէն ներս ­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան ու­նե­ցաւ շռնդա­լից մուտք, երբ 1964-ին լոյս ըն­ծա­յեց «­Քա­րա­ւան­նե­րը դեռ քայ­լում են»։

Գ­­րա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թէ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան տար­բեր ու­ղի չէր կրնար ու­նե­նալ ­Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն մաս­նա­կից ­Բա­րու­նակ Կա­պու­տի­կեա­նի դուստ­րը, որ 20 Յու­նո­ւար 1919-ին ծնաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, իր ամ­բողջ կեան­քը ան­ցուց Ե­րե­ւա­նի մէջ, նոր դա­րու եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիով հնչե­ցուց հայ կնոջ ու մօր քնա­րա­կան ձայ­նը, նոյն­քան ար­դիա­կան ե­ղաւ ­Հայ Մտ­­քին առ­ջեւ հո­րի­զոն բա­նա­լու իր խո­հա­կա­նու­թեան եւ ի­մաս­տու­թեան մէջ, բայց ի՛նչ որ գրեց եւ հան­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ի՛նչ դիրք ալ գրա­ւեց՝ շա­րու­նակ հա­ւա­տա­րիմ մնաց վա­նե­ցի իր ար­մատ­նե­րուն եւ, այդ ճամ­բով, միշտ ներշնչ­ման աղ­բիւր ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­հա­ւիր­քա­կեդ­րոն յու­զաշ­խար­հը…

1935-ին լոյս տե­սած իր ա­ռա­ջին ո­տա­նա­ւո­րէն մին­չեւ 2002-ին լոյս տե­սած «Իմ կա­ծա­նը աշ­խար­հի ճա­նա­պարհ­նե­րին» մտո­րում­նե­րը, ­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան բե­ղուն գրիչ ու­նե­ցաւ։ Տաս­նեա­կա­ւոր գրքոյկ­նե­րու եւ հա­տոր­նե­րու ժա­ռան­գու­թիւն մը թո­ղուց մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւն ու­նէր. ա­ւար­տած էր Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի լե­զ-ւա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քը, ինչ­պէս նաեւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Կոր­քիի ա­նո­ւան գրա­կա­նու­թեան կա­ճա­ռը։

Կեան­քի ըն­կերն էր մեծն Յով­հան­նէս ­Շի­րա­զի։

1941-էն սկսեալ ­Հա­յաս­տա­նի Գ­­րող­նե­րու ­միու­թեան ան­դամ էր, իսկ 1945-ին ան­դա­մագ­րը-ւած էր ­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան։ ­Զոյգ հան­գա­մանք­նե­րով՝ եր­կար տա­րի­ներ գտնո­ւե­ցաւ պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­նե­րու վրայ. պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ իր տուր­քը վճա­րե­լու խորհր­դա­յին կար­գե­րուն, բայց ա­ռիթ­նե­րը ստեղ­ծեց, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր խղճի պարտ­քը կա­տա­րել հան­դէպ հա­յու­թեան։

Դէ­պի սփիւռ­քեան հա­յօ­ճախ­նե­րը կա­տա­րո­ւած իր պար­բե­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով եւ եր­բեմն եր­կա­րա­տեւ ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րով՝ Կա­պու­տի­կեան ոչ միայն մօ­տէն ճանչ­ցաւ ­Հայ­կա­կան Ար­տա­սահ­մա­նը եւ շատ բան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կեց խոր­հըր­դա­հա­յու իր նե­րաշ­խար­հին մէջ, այ­լեւ՝ հայ­րե­նի­քը ա­ւե­լի հա­րա­զատ ու ճա­նա­չե­լի դար­ձուց սփիւռ­քա­հա­յու­թեան։

Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ երբ զարթ­նու­մի ժա­մը հնչեց Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ճա­կատ­նե­րուն վրայ, 1980-ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն, ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չը հաս­տա­տա­կամ կանգ­նե­ցաւ Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նին միաց­նե­լու հա­մա­ժո­ղո­վըր­դա­կան շարժ­ման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ, իբ­րեւ անն­կուն դրօ­շա­կիր։

Ազ­գա­յին գոր­ծի­չի եւ ի­մաս­տուն մտա­ւո­րա­կա­նի իր մե­ծար­ժէք վաս­տա­կէն ա­ռաջ թէ վեր՝ ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նի է յատ­կա­պէս իր գրա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ։ Իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով իսկ, ­Կա­պու­տի­կեան բա­ցաւ կա­նա­ցի եւ մայ­րա­կան սի­րոյ, քնքշան­քի ու գե­ղեց­կու­թեան քնա­րա­կան ծով աշ­խարհ մը, ուր կեղծն ու սու­տը եր­բեք տեղ չու­նե­ցան։ Իր եր­գած ­Սէ­րը ա­ռանց ­Ցա­ւի չե­ղաւ, բայց տա­ռա­պան­քի մէջ խո­րա­ցած եւ ար­մա­տա­ւո­րո­ւած բիւ­րե­ղեայ ի­րա­ւու­թեամբ զա­տո­րո­շո­ւե­ցաւ։ Ա­հա՛ «Լ­­սիր, ­Սի­րե­լիս» խո­րագ­րուած իր խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը.

Քեզ պի­տի գաղտ­նիք բա­ցեմ ես հի­մա.

Ես կը գամ քեզ մօտ –

­Գու­ցէ խեն­թա­ցած սի­րուց ու բախ­տից,

Գու­ցէ խստա­դէմ, մռայլ, ինչ­պէս մահ.

Մինչ ոս­կոր­ներս յոգ­նած աշ­խար­հի

Սե­ւից ու ստից:

Սա­կայն ի­մա­ցիր,

Եր­բեք ես չեմ գայ քեզ մօտ դի­մա­կով.

Կը գամ ինչ­պէս կամ –

­Սի­րիր, ինչ­պէս կամ –­

Եւ, ա­ղա­չում եմ, դու էլ մի զու­գո­ւիր

Լու­սապ­սա­կով.

Ե­ղիր ինչ­պէս կաս,

Սի­րիր ինչ­պէս կաս։

Քե­զա­նից ա­ռաջ

Ցա­մա­քած, տրտում ջրհոր էր հո­գիս,

Դու ե­կար.

Եւ ես լցո­ւած եմ մի ծո­վի նման.

Բայց, ա­ղա­չում եմ,

Շո­ղուն խօս­քե­րով ինձ մի ա­մո­քիր.

Ա­տում եմ կեղ­ծը –­

Ինձ իս­կա­կանն է հար­կա­ւոր միայն։

Հր­­դեհ մի խա­ղայ –­

Ե­թէ կրակդ մա­րել է ի­րաւ.

Մի քա­շո­ւիր ցա­ւից –

­Խա­բո­ւե­լու ցա­ւը ա­ւե­լի է մեծ.

Ս­­տից շնչա­հեղձ այս աշ­խար­հի մէջ

Ա­րի գո­նէ մենք չխա­բենք ի­րար…

Ան­կեղ­ծու­թեան եւ Ի­րա­ւու­թեան, ­Սի­րոյ եւ Ի­մաս­տու­թեան եր­գիչն ու պատ­գա­մա­բերն է ­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան, որ 25 Օ­գոս­տոս 2006-ին, ան­ցա­ւոր մեր կեան­քին հետ հա­շո­ւե­յար­դար կա­տա­րած՝ առ­յա­ւէտ մեկ­նե­ցաւ մեր աշ­խար­հէն եւ գնաց միա­նա­լու հա­յոց ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան, մնա­ցող­նե­րուս միշտ յու­շե­լով, թէ՝

– «Դժ­­բախտ է այն մար­դը, որն այ­լեւս ո­չինչ չու­նի կորց­նե­լու:

– «Ազ­նիւ մար­դը չի գնում յար­մա­րու­թեան, վա­խե­նում է ար­դար ապ­րե­լու եր­ջան­կու­թիւ­նը կորց­նե­լուց:

– «­Կեան­քի բո­լոր տա­րի­ներն էլ հա­ւա­սար սի­րե­լի են, քա­նի որ կեանքն ինքն է սի­րե­լի»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016