«ԿՈՄԻՏԱՍԸ ՀԵՐՈՍ Է»
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Քրիստոֆ Պենտերեցքի, որ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ, երէկ այցելեց Կոմիտասի թանգարանը։ Ծանօթ է, որ Պենտերեցքի մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադրութեան 10-ամեակին ձօնուած յոբելենական շքեղ համերգին։ Թանգարանի մէջ երէկ կատարած շրջայցին ընթացքին ալ իրեն ուղեկցեցաւ յիշեալ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեան։ Թանգարանի պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ Պենտերեցքի իրականացուց երէկուան շրջայցը եւ իր թարմ տպաւորութիւններուն լոյսին տակ յայտնեց, որ Կոմիտաս հերոս մըն է Հայաստանի մէջ։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յառաջիկայ շրջանին Հայաստանի մէջ կրնայ կազմակերպուիլ այս մեծ երաժիշտին ձօնուած փառատօն մը՝ Պենտերեցքիի օրերու ձեւաչափին մէջ։