ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ
Սիրոյ ամենէն անպատշաճ ու անյարմար գործածութիւնը կը տեսնուի «եսասիրութիւն» բառին մէջ՝ ուր ո՜րքան խորթ կ՚երեւի «սէր»ը հոն։ Արդարեւ եսասիրութիւնը բոլորովին հակադրութիւն մըն է սիրոյ, բայց հոն կը յայտնուի որպէս բաղադրիչ այդ անհաճոյ բառին։ Եւ երբ յաճախ կ՚ըսենք, թէ՝ սէրը զոհողութիւն է, զոհել ու զոհուիլ, իսկ եսասիրութիւնը՝ բոլորովին հակառակ այս իրողութեան։
Ուստի մարդկային անձին ու արժանաւորութեան յարգանքը կը բխի սա սկզբունքին յարգանքէն.
«Թող իւրաքանչիւրը առանց բացառութեան նկատի առնէ իր մերձաւորը իբրեւ իր միւս անձը»։
Կարծեմ սիրոյ ամենայստակ ու բացայայտ մեկնութիւնը այս սկզբունքին մէջ կարելի է գտնել։
Այս կը նշանակէ՝ որ ամէն բանէ առաջ, պէտք է նկատի առնուի անձին կեցութիւնը եւ այն միջոցները, որոնք անհրաժե՛շտ են անոր՝ արժանավայել կեանք մը ապրելու համար։ Արդարեւ ո՛չ մէկ օրէնսդրութիւն պիտի կարենար առանձինն փարատել վախերը, նախապաշարումները, կանխակալութիւնները, հպարտութեան, մեծամտութեան, ինքնահաւանութեան եւ մանաւանդ եսասիրութեան կեցուածքները, որոնք արգե՛լք կը հանդիսանան եղբայրական ընկերութիւններու հաստատման։
Այս շեղած ու մոլորած վերաբերմունքները պիտի դադրին միա՛յն եղբայրսիրութեան շնորհիւ, որ իւրաքանչիւր մարդուն մէջ կը տեսնէ «մերձաւոր» մը՝ եղբայր մը, եւ կը զգայ ու կը խորհի անոր պէս, ինքզինք անոր տեղը համարելով, իր «միւս» երեսը նկատելով։ Ուստի մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ո՜րքան կարեւոր է, ո՜րքան անհրաժեշտ է «ուրիշ»ը՝ «իր միւս անձ»ին պէս զգալ, ըստ այնմ շարժիլ։
Ահաւասիկ անկեղծ, իրաւ սէրը հոս կը յայտնուի, հոս կեանք կ՚առնէ եւ կը սկսի գործել։ Քանի որ «սէր»ը կացութիւն մը չէ, այլ վիճակ մը՝ տրամադրութիւն մը, գործադրութիւն մը եւ շարժո՛ւմ մը։
«Ուրիշին մերձաւոր» եւ կամ «ուրիշին ի՛նք» դառնալը՝ անոր անկեղծօրէն, ժիրօրէն ծառայելը կը դառնայ ա՛լ աւելի հրամայական, երբ այդ «ուրիշ»ը աւելի ընչազուրկ է, ո՛ր մարզի եւ ո՛ր դիրքի մէջ ալ ըլլայ։ Այս նոյն պարտականութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ անոնք՝ որոնք մեզմէ տարբեր կերպով կը խորհին, կը խօսին կամ կը գործեն։ Քրիստոսի ուսուցումը կը հասնի մինչեւ իսկ մեզմէ պահանջելու ներումը վիրաւորանքներուն։ Ան սիրոյ պատուիրանը՝ որ Նոր Օրէնքին, Նոր Ուխտին պատուիրանն է, կը տարածէ բոլոր թշնամիներուն վրայ։
Աւետարանի ըմբռնած ազատագրումը անյարիր է թշնամիիդ ատելութեան հետ, բայց ո՛չ այն «ատելութեան» հետ, որ ունիս թշնամիիդ գործած չար արարքին հանդէպ։
Արդարեւ ըստ աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին՝ մարդիկ, քանի որ օժտուած են բանական միեւնոյն հոգիով, ապա ուրեմն անոնք բոլորը ունին նոյն բնութիւնը եւ նոյն ծագումը։ Ամբողջ մարդիկ կոչուած են մասնակցելու աստուածային միեւնոյն երանութեան. ամէնքը ուրեմն հաւասար արժանիքի եւ հաւասար արժանապատուութեան տէր են անխտիր։
Ուրեմն շատ պատճառներ կան զիրար սիրելու մարդիկ, բայց ո՛չ մէկ պատճառ՝ զիրար ատելու։ Այս իմաստով բնական հաւասարութիւն մը կայ մարդոց միջեւ եւ այս հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։
Եւ մարդուս ամենաբնական, ամենահարազատ իրաւունքը՝ սէ՛րն է։ Յատկապէս պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, թէ՝ ՍԷՐԸ ԻՐԱՒՈ՛ՒՆՔ ՄԸՆ Է, ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ։ Ուստի սէրը այն ազնիւ զգացումն է, որ մարդուս մէջ հաստատուած է իր ծնունդէն իսկ. բնածին է սէրը, «իրաւունք» մը՝ որմէ հրաժարիլ կարելի չէ՛։ Իսկ անիկա պարտք կամ պարտականութիւն չէ, քանի որ փոխադարձ կամ փոխանակելի հոգեկան երեւոյթ մը չէ՛, ընդոծին է եւ ինքնաբուխ։
Ուստի ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական ու էական իրաւունքներուն, կամ հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի, արտաքին երեւոյթի, գոյնի, ընկերային կացութեան, լեզուի, համոզումներու, հաւատալիքներու եւ կրօնի վրայ, պէ՛տք է զանցուի իբրեւ ներհակ Աստուծոյ ծրագրին։ Արդարեւ աշխարհ գալով, մարդ իր տրամադրութեան տակ չունի եւ չի՛ կրնար ունենալ ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր կեանքին գոյապահպանման, գոյատեւման եւ բարգաւաճումին համար։
Այս կը նշանակէ, որ անհատը միշտ կարիքը ունի «ուրիշ»ներուն։ Թէեւ կը յայտնուին զանազան տարբերութիւններ, որոնք կապուած են տարիքին, ֆիզիքական-մարմնական կարողութիւններուն, իմացական ու բարոյական ընդունակութիւններուն, փոխանակումներով ձեռք ձգուած շահերուն, հարստութիւններուն բաշխումին։ Սա կէտը պէտք է ուշադրութեամբ նկատի ունենանք. հաւասարութիւնը՝ տարբերութիւններու ներդաշնակութիւնն է։ Իսկ երբ տարբերութիւններու մէջ կարելի չ՚ըլլար ներդաշնակութիւն գոյացնել, ահաւասիկ այն ատեն անհաւասարութիւն կը ստեղծուի։
Եւ տարբերութիւններու մէջ ներդաշնակութիւն հաստատելու միակ միջոցը՝ սէրն է, որ իրաւունք մըն է մարդուն, այդ իրաւունքը գործածե՛լն է, այսինքն անվերապահ կերպով, անպայմա՛ն սիրել։ Սէրը տարբերութիւնները հաշտեցնող միա՛կ յօդն է։
Աշխարհի վրայ անօթութեան գոյութիւնը՝ մարդուն իրենց հանդէպ գործօն պատասխանատուութեան կո՛չ մըն է, ըլլա՛յ անհատապէս, ըլլա՛յ մարդկային մեծ ընտանիքին հետ իրենց համընկերութեամբ։ Ուրեմն, սէրը անջատապէս իրաւո՛ւնք մըն է, որ պէտք է գործադրուի, օգտագործուի, բայց իրերօգնութիւնը՝ պատասխանատուութիւն, քանի որ մարդուն ստեղծման պատճառը եւ կոչումը իրերօգնութիւն է։ Այս ալ կ՚արտայայտուի եւ կը բացայայտուի արդարութեան հաստատումով՝ անհատական եւ ընկերային բոլոր փոխյարաբերութիւններուն մէջ առա՛նց երբեք մոռնալու, թէ չկա՛յ արդար կառոյց, երբ չկան արդարութեան ձգտող մարդիկ։
Իրաւունքը գործածել՝ մարդկային արժանաւորութեան ստուգանիշն է, եւ ուրեմն սիրենք զիրար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 14, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024