Վահան Տէրեան. Ցաւատանջ Սիրոյ Հանճարեղ Երգիչը
Յունուարի 7-ին հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ անմեռ յիշատակը իր հանճարեղ բանաստեղծներէն Վահան Տէրեանի (Տէր-Գրիգորեան, 1885-1920)։ 96 տարի առաջ, 7 Յունուար 1920-ին, վաղաժամ իր վերջին շունչը փչեց Հայաստանի Ջաւախքի արժանաւոր այս զաւակը, որուն Պատգամը մինչեւ այսօր կ՚արձագանգէ հայոց սերունդներու մտքին եւ սրտին մէջ։
Վահան Տէրեան ծնած էր 28 Յունուար 1885-ին, Ախալքալաքի Գանձա գիւղին մէջ, Սուքիաս Քահանայ Տէր Գրիգորեանի ընտանեկան յարկին տակ։
Մարմնապէս վատառողջ ծնունդ էր եւ միայն երեսունհինգ տարի ապրեցաւ Վահան Տէր-Գրիգորեան, բայց 1908-ին լոյս ընծայած իր «Մթնշաղի անուրջներ» բանաստեղծութեանց գրքոյկով իսկ՝ Վահան Տէրեան արժանաւորապէս իր բարձրադիր գահը գրաւեց հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներու անմահութեան պանթէոնին մէջ, իբրեւ սիրոյ եւ մթնշաղի, քնքշանքի ու թախիծի, անուրջի եւ մահուան, Երկիր Նայիրիի եւ «բորբ արեւ»ի հանճարեղ երգիչը։
Յատկապէս ազգայինն ու համամարդկայինը իբրեւ մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն ընկալելու եւ ապրելու իր խորհրդաւոր յուզաշխարհով՝ Վահան Տէրեան հայոց սերունդներուն տուաւ նոր երգ, այլեւ՝ պատգամ։
Այդպէ՛ս, Վահան Տէրեան ըս-տեղծագործեց եւ հայ գրականութեան պարգեւեց բանաստեղծութիւններ, որոնք իրենց թարմ շունչով, խոր զգայնութիւններով, երաժշտական կշռոյթով, պատկերներու գրաւչութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, վճիտ ու հեզասահ հայերէնով նոր դարաշրջան բացին հայոց քնարերգութեան մէջ։
Եւ զարմանալի չէ, որ արեւելահայ բանաստեղծութեան նորարար հսկաները՝ Յովհաննէս Թումանեան ու Աւետիք Իսահակեան, այլեւ ու մանաւա՛նդ Եղիշէ Չարենց իրենց հպարտութեան աղբիւրը գտան Տէրեանի մէջ։ Իսկ հայ երիտասարդութիւնը իր ամէնօրեայ երգին վերածեց Տէրեանի տաղանդաւոր գրչին տակ այնքան սրտայոյզ պատկերներով, խոհերով ու երաժշտականութեամբ վերծանուած վիշտն ու թախիծը, բնութիւնն ու մարդը, կինն ու անուրջը, Նայիրեան Երկիրն ու հուրէ դարը, կեանքի քնքշանքն ու մահուան անդորրը…
Կենսագիրներու վկայութեամբ՝ քահանայ հօր ներշնչանքը մեծ դեր ունեցաւ Վահան Տէրեանի ուսումնատենչութեան եւ խոր-հըրդապաշտութեան մէջ։
Ուսումնատենչութիւնը զինք տարաւ Մոսկուա եւ Սէն Փեթերսպուրկ, ուր մասնագիտացաւ լեզուաբանութեան եւ պատմագիտութեան մէջ։
Իսկ խորհրդապաշտութիւնը զինք մղեց դէպի գրականութիւն. պատանի տարիքէն սկսաւ ոտանաւորներ գրել։ Թոքախտը երիտասարդ տարիքէն սկսաւ հիւծել Վահան Տէրեանի մարմինը, մինչեւ որ 1920-ին վաղահաս մահը վերջակէտ դրաւ անոր տառապանքին։ Բայց որովհետեւ հպարտ էր նկարագրով, իրեն բաժին հանուած դաժան կենսափորձն ու ճակատագիրը Տէրեան տարաւ անխռով՝ սիրոյ զեղուն քնարականութեամբ երգելով։
Ժամանակը եկաւ հաստատելու, որ Վահան Տէրեան ի վերուստ կոչուած էր դառնալու հայ քնարերգութեան ամենէն աւելի յիշուող, հայ մարդոց սրտին մէջ ամենէն աւելի սիրոյ եւ հպարտ մարդասիրութեան յոյզեր արթնցնող ու վառ պահող բանաստեղծը։
Նախնական իր կրթութիւնը գիւղի վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, Տէրեան յաճախեց եւ աւարտեց Ախալքալաքի պետական վարժարանը։ Ապա՝ անցաւ Թիֆլիզ, որ 19-րդ դարավերջին հայոց մշակութային եւ ազգային-յեղափոխական ամենէն աշխոյժ կեդրոններէն էր։ է Պատանեկութիւնը նոր թեւակոխած Տէրեանի համար, Թիֆլիզը հանդիսացաւ գեղարուեստական ու գաղափարական մկրտութեան իրա՛ւ աւազան մը, որուն բարեբեր օրհնանքը երկար չկրցաւ վայելել, որովհետեւ հայրը 1899-ին զինք տարաւ Մոսկուա եւ արձանագրեց Լազարեան ճեմարա-նի աշակերտ։
Այդ օրերէն իսկ ապագայ մեծ բանաստեղծը դրսեւորեց ինքնամփոփ, մելամաղձոտ եւ մտերիմներու շրջանակէն դուրս անհամարձակ տղու վարմունք, որ ժամանակի թաւալումին եւ թոքախտի յայտնաբերման հետ աւելիով շեշտուեցաւ։ Նոյնիսկ երբ հազիւ երիտասարդ ան միացաւ ռուսական Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան ու լծուեցաւ գաղափարական-յեղափոխական աշխոյժ գործունէութեան, Վահան Տէրեան լրիւ չթօթափեց ներասոյզ եւ մարդոց շրջապատին մէջ լռակեաց տղու իր հակումները։
1906-ին աւարտեց Լազարեան ճեմարանը եւ ընդունուեցաւ Մոսկուայի համալսարանինԼեզուագիտութեան եւ պատմագիտութեան բաժանմունքը, ուր ո՛չ միայն խորացուց հայ լեզուի եւ մշակոյթի իր գիտական ճանաչողութիւնը, ո՛չ միայն հմտացաւ եւրոպական եւ արեւելեան լեզուներու գործածութեան, այլեւ՝ բառին ամենէն կենսատու իմաստով յափշտակուեցաւ ֆրանսացի խորհրդապաշտ (սենպոլիստ) բանաստեղծներով, որոնց գեղարուեստական ու ոճաբանական բարձրորակ նորարարութիւնը բախտորոշ դեր ունեցաւ Տէրեան բանաստեղծի ինքնուրոյն ուղին հունաւորելու մէջ։
Մոսկուայի համալսարանի ուսանողութեան այդ շրջանին է, որ Վահան Տէրեան 1908-ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծութեանց երախայրիքը՝ «Մթնշաղի անուրջներ» 80 էջնոց փոքրածաւալ գրքոյկը, որ ատենի հայ գրական աշխարհին կողմէ, Մոսկուայէն մինչեւ Թիֆլիզ ու Պոլիս, բայց յատկապէս ընթերցողներու երիտասարդ շրջանակին մօտ, արժանացաւ ջերմագոյն ընդունելութեան։
Ուսման զուգահեռ Վահան Տէրեան նուիրուեցաւ Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցական գործունէութեան՝ Ալեքսանդր Ծատուրեանի, Պօղոս Մակինցեանի ու մարքսական կողմնորոշումով երիտասարդ այլ գրողներու եւ մտաւորականներու հետ ձեռնարկելով «Գարուն» պարբերականի հրատարակութեան։ Իսկ երբ նիւթական անձկութեան հետեւանքով դադրեցաւ «Գարուն»ը, Տէրեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ նորաստեղծ «Պանթէոն» հրատարակչականին՝ թարգմանական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով։ Այս շրջանին արգասիքը եղան անգլիական, ֆրանսական, ռուսական եւ վրացական գրականութեան կարգ մը գլուխ-գործոցներու տէրեանական թարգմանութիւնները, որոնք իրենց տեսակին մէջ գեղարուեստական բարձրորակ թարգմանիչի պատուանդանին եւս արժանացուցին Տէրեանը։
1912-ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ հատորը՝ «Բանաստեղծութիւններ» անունով։
Հայրենի հողէն հեռու եւ օտարներու մտերմութեան մէջ ապրելով՝ Տէրեան իւրովի հետեւեցաւ ու արձագանգեց սեփական ազգի ազատագրական պայքարի վերիվայրումներուն։ Խորքին մէջ Տէրեան նոյնացուց իր սեփական հիւանդութեան հետ եկող՝ մօտալուտ մահուան անխուսափելիութեան ճակատագիրը հայ ժողովուրդի լինելութեան սպառնացող վտանգներու՝ ազգային դատապարտուածութեա՛ն ճակատագրին հետ։ Ուրիշներէն տարբեր ըլլալու եւ սեփական ցաւին մէջ հպարտօրէն իր ուղին շարունակելու այդ ապրումէն բխեցաւ կեանքին ու մարդոց առաւել սիրով փարելու Տէրեանի անանձնականութիւնը։
1913-ին, աւարտելով Մոսկուայի համալսարանը, Վահան Տէրեան անցաւ Սէն Փեթերսպուրկ, ուր աշակերտեց մեծ հայագէտ Նիկողայոս Մառի՝ առաւել խորացնելով հայերէն լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան իր գիտութիւնը։ Այս շրջանին աւելիով խորացաւ Տէրեանի մտերմութիւնը ռուս մեծանուն բանաստեղծ ու գաղափարակից Մաքսիմ Կորքիի հետ. միասին անոնք ձեռնարկեցին հայկական բանաստեղծութեան ծաղկաքաղի մը ռուսերէն թարգմանութեան եւ առանձին հատորով հրատարակութեան։
Միաժամանակ Տէրեան մխրճուեցաւ կուսակցական գործունէութեան մէջ։ Յատկապէս 1917-ի համառուսական յեղափոխութենէն ետք, պոլշեւիկ քարոզիչի առաքելութեամբ, Տէրեան շրջագայեցաւ Թիֆլիզի, Սոխումի եւ Ախալքալաքի միջեւ՝ ամէնուր քարոզելով «Լենինեան գաղափարներ»ը։ Իսկ թոքախտը աստիճանաբար ծանրացաւ եւ քայքայեց առողջութիւնը։ Տէրեան ստիպուեցաւ առողջարան մտնել՝ բուժուելու համար։ Բայց երբ պոլշեւիկները հասան իշխանութեան գլուխ՝ Տէրեան անմիջապէս հեռացաւ առողջարանէն եւ փութաց Մոսկուա, ուր նորահաստատ կառավարութեան խորհրդականը դարձաւ Ազգութեանց հարցերով։ Այդ պաշտօնին վրայ Տէրեան գործեց մինչեւ 1919-ի վերջերը, երբ թոքախտը այլեւս ուժասպառ դարձուց զինք եւ ան ստիպուեցաւ Թուրքէստան երթալ բուժման համար, ուր Օրէնպուրկի առողջարանին մէջ առյաւէտ փակեց իր յոգնաբեկ աչքերը 7 Յունուար 1920-ին։
Վահան Տէրեանի գործերը բազում հրատարակութեանց արժանացած են Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ։ 1956-ին լոյս տեսաւ Տէրեանի ամբողջական գործերուն մեծադիր հատորը՝ մէկտեղելով «Մթնշաղի անուրջներ», «Փշէ պսակ», «Գիշեր եւ յուշեր», «Ոսկէ հեքիաթ», «Ոսկեշղթայ», «Կատուի դրախտ», «Երկիր Նայիրի» եւ «Հոկտեմբերեան երգեր» բանաստեղծական գործերը, այդ շարքերէն դուրս գրուած բանաստեղծութիւնները, թարգմանութիւնները, յօդուածներն ու նամակները։
Հայու ցաւատանջ ճակատագրին հետ նոյնացած, այլեւ իւրովի շնչաւորած հանճարեղ բանաստեղծն է Վահան Տէրեան:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ