ԱՆԳԱՐԱ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԻՆ
Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման որոնումներու մթնոլորտին մէջ Զուիցերիա վաղը պիտի հիւրընկալէ հերթական կարեւոր խորհրդաժողովը։ Այսպէս, Ժընեւի մէջ միջազգային յառաջատար դերակատարներու մասնակցութեամբ պիտի համախմբուին Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ Սուրիոյ զանազան ընդդմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչները։ Այս խորհրդաժողովի նախապատրաստական հանգուաններուն ապրուած շարք մը իրադարձութիւնները անհանգստութիւն պատճառած էին Թուրքիոյ։ Յամենայնդէպս, Անգարա Ժընեւի մէջ վաղը նախատեսուած խորհրդաժողովին ընդառաջ հասած է իր նպատակին։ Այսպէս, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս յայտարարեց, թէ ՓԵՏ չէ հրաւիրուած Ժընեւի բանակցութիւններուն։ Ֆրանսացի նախարարը այդ տեղեկութիւնը ստացած է ՄԱԿ-ի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տը Միսթուրայի կողմէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըրն ալ երէկ հաստատեց, թէ ՓԵՏ պիտի չմասնակցի Ժընեւի բանակցութիւններուն։
Մինչ այդ, Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ խտացեալ շփումներ տեղի կ՚ունենան Ժընեւի հաւաքին ընդառաջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Պոկտանով, որ միեւնոյն ժամանակ Քրեմլինի յատուկ ներկայացուցիչն է Մերձաւոր Արեւելքի գծով, հանդիպում մը ունեցաւ Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Թեֆթի հետ։ Կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը։ Զրուցակիցները նկատի առին Ժընեւի մէջ վաղը նախատեսուած հանդիպումը եւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման հնարաւորութիւններուն շուրջ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պատկան որոշման հիման վրայ։