ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
Հայ Եկեղեցական ժողովներով հաստատուած կանոններ կը կազմաւորեն ու կը կանոնաւորեն եկեղեցական ընդհանուր համակարգը։ Արդարեւ կարելի չէ, որ որեւէ հաստատութիւն եւ կազմակերպութիւն գոյապահպանուի եւ գոյատեւէ առանց կանոնի։ Կանոններ կենսունակութիւն եւ արդիւնաբերութիւն կը պատճառեն ամէն հաստատութիւններու գործունէութեան՝ որոնցմէ է նաեւ եկեղեցին։ Ուստի կանոնաւոր եւ կարգապահութեամբ տարուած աշխատանքը կը հասնի իր նպատակին եւ կու տայ գործնական օգտակար արդիւնք։
Հայ Եկեղեցին ալ որոշած է իր կանոնները ժողովներով, որոնք կը կարգաւորեն անոր ընդհանուր առաքելութիւնը։
Գաղափար մը ունենալու համար կ՚ուզենք յիշել Հայ Եկեղեցւոյ ժողովները՝ որոնք որքան պատմական, նոյնքան ալ ունին կանոնական արժէք։ Եւ կը կարծենք, որ շատ մը հարցեր եւ խնդիրներ կարելի՛ է լուծել օրէնքը լաւ գիտնալով, օրէնքը լաւագոյն կերպով գործադրելով։
Եւ օրէնքը գործադրելու համար ալ, անոր մասին տեղեկութիւն ունենալու չափ, կարեւոր է զայն մեկնաբանել, այսինքն հասկնալ անոր նպատակը եւ իմաստը։
Ուրեմն թուականի կարգով յիշենք ժողովները։
1.- Աշտիշատի Ժողով՝ 352 թուականին՝ որ գումարեց Մեծն Ներսէս եկեղեցիի բարեկարգութեան եւ դաւանութեան համար։
2.- Շահապիվանի Ժողով՝ 444 թուականին, որ Յովսէփ Կաթողիկոս գումարեց եւ 20 կանոն սահմանեց։
3.- Արտաշատի Ժողով՝ 449-ին, ուր որոշուեցաւ Յազկերտ Բ.-ի թղթին պատասխան գրել։
4.- Դուինի Ա. Ժողով՝ 506-ին, որ Բաբկէն Կաթողիկոս գումարեց Վրաց ու Աղուանից մասնակցութեամբ եւ Քաղկեդոնի Ժողովը մերժեց։
5.- Դուինի Բ. Ժողով՝ 551-ին, որ գումարեց Ներսէս Բ. Աշտարակացին, բարեկարգութեան կանոններ ու հայոց տոմարը հաստատելու համար։
6.- Դուինի Գ. Ժողով՝ 555-ին, որ գումարեց Ներսէս Բ.-ը՝ Խուժիկ Նեստորականներու դէմ մաքառելու համար։
7.- Կարնոյ Ժողով՝ 632-ին, ուր Եզրաս Կաթողիկոս՝ միակամեայց վարդապետութիւնը ընդունեց։
8.- Դուինի Ե. Ժողով՝ 645-ին, որ գումարեց Ներսէս Շինողը՝ բարեկարգութեան համար։
9.- Դուինի Զ. Ժողով՝ 649-650 թուականներուն, հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն միութեան համար՝ որ մերժուեցա՛ւ։
10.- Պարտաւի Ա. Ժողով՝ 709-ին, որ Եղիա Կաթողիկոս գումարեց Աղուանից Ներսէս Բակուր Կաթողիկոսին դէմ։
11.- Դուինի Է. Ժողով՝ 719-ին, որ գումարեց Յովհաննէս Իմաստասէրը՝ եկեղեցիի բարեկարգութեան ու Պաւղիկեանց դէմ։
12.- Մանազկերտի Ժողով՝ 726-ին, ուր հայ եւ ասորի եկեղեցիներու միութիւնը հաստատուեցաւ։
13.- Պարտաւի Բ. Ժողով՝ 768 թուականին, որ գումարեց Սիոն Կաթողիկոս եւ կանոններ սահմանեց։
14.- Շիրակուանի Ժողով՝ 862 թուականին գումարուեցաւ Զաքարիա Կաթողիկոսի ձեռքով, ուր յունաց Փոտ պատրիարքի առաջարկութիւնը մերժուեցաւ՝ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու միութեան նկատմամբ։
15.- Հարքի Ա. Ժողով՝ 1002-ին, որ Թոնդրակեցի աղանդաւորները նզովեց։
16.- Սեւ Լերան Բ. Ժողով՝ 1114-ին, որ գումարեց Գրիգոր Գ. Պահլաւունի, եւ Դաւիթ Աղթամարցին հակառաթոռ հրատարակեց։
17.- Հռոմկլացի Ժողով՝ 1179-ին, Գրիգոր Տղայի օրով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու միութեան պատճառով գումարուեցաւ։
18.- Տարսոնի Ժողով՝ 1196 թուականին գումարեց Ապիրատ Կաթողիկոս միմիայն Կիլիկեցի հայ եկեղեցականներով, հայ եւ յոյն եկեղեցիներու միութեան համար։
Ժողովը, յունաց ինն առաջարկութիւնները ընդունեց, բայց իր կողմէ եւս պայմաններ առաջարկեց։
19.- Սսի Բ. Ժողովը՝ 1207 թուականին Դաւիթ Արքակաղնեցիի նախագահութեամբ, որ ընդունեց Զաքարիա իշխանի քանի մը առաջարկութիւնները։
20.- Սսի Գ. Ժողովը՝ 1243 թուականին Կոստանդին Բարձրբերդցիի նախագահութեամբ եւ բազմաթիւ եկեղեցականներու մասնակցութեամբ՝ ուր քսան եւ հինգ կանոններ սահմանուեցան։
21.- Սսի Դ. Ժողովը՝ 1251 թուականին, նոյն Կոստանդին Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուեցաւ՝ «Սուրբ Հոգիի Բխման» մասին Լատիններու պատասխանելու համար։
22.- Սսի Զ. Ժողովը՝ 1307 թուականին գումարուեցաւ, հայ եկեղեցիի դաւանութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցուց եւ ընդունեց անոր միութիւնը լատին եւ յոյն եկեղեցիներու հետ։
23.- Ատանայի Ժողովը՝ 1316 թուականին, որ հաստատեց Սսի Զ. Ժողովի որոշումները եւ աշխատեցաւ վերջացնել ներկայ խռովութիւնները։
24.- Սուրբ Էջմիածնի Ժողովը՝ 1441 թուականին, որ Հայրապետական Աթոռը Վաղարշապատ փոխադրեց եւ Կիրակոս Վիրապեցին կաթողիկոս ընտրեց։
Անշուշտ այսքան չէ Հայ Եկեղեցիի ժողովները՝ որոնցմէ մասամբ կարեւորները ուզեցինք յիշել։
Յաճախ կը կրկնենք՝ կարգ ու կանոնը անհրաժեշտ է հաստատութեան մը գոյապահպանման ու գոյատեւման համար։ Կարգապահութիւնը (discipline) եւ օրինապահութիւնը կարելի է ապահովել՝ օրէնք եւ կանոններու հնազանդութեամբ, համակերպութեամբ։ Ուստի հոն՝ ո՛ւր օրէնքի եւ կանոնի անհնազանդութիւն կայ, հոն կա՛յ անիշխանութիւն, որ կը տանի անհամաձայնութեան, անմիաբանութեան։
Եւ երբ հաստատութեան մը մէջ օրէնքի եւ կանոնի նկատմամբ անտարբերութիւն գոյութիւն ունի, հոն իւրաքանչիւր անհատ, եթէ կարելի է ըսել, «իր օրէնք»ը գործադրել կ՚ուզէ, իր ենթակայական եւ կամայական ընթացքով կ՚ուզէ շարժիլ եւ ահա կը սկսի անիշխանութիւն, անմիաբանութիւն։
«Օրէնք մեկնաբանել» ուրիշ բան է՝ «իր օրէնք»ը պարտադրել՝ ուրի՛շ։ Օրէնքը հի՛մն է ընկերութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 14, 2016, Իսթանպուլ