ՓԱՐԻԶ-ԹԵՀՐԱՆ ՆՈՐ ԷՋ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի ա­ւար­տեց դէ­պի Եւ­րո­պա ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րու եզ­րա­փա­կիչ փու­լին շփում­ներ ու­նե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ։ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ ե­րէկ Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հա­սան Ռու­հա­նին։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տե­ւե­ցին ա­ւե­լի քան եր­կու ժամ, իսկ ա­ւար­տին ստո­րագ­րուե­ցան շուրջ ե­րե­սուն փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սեն զար­գաց­նել երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն ընդ­հա­նուր ար­ժէ­քը կը կազ­մէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 15 մի­լիառ եւ­րօ։ «Այ­սօր նոր էջ մը կը բա­ցուի մեր եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Սա օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ ո՛չ միայն մեր եր­կիր­նե­րուն, այ­լեւ՝ ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար», ը­սաւ Ֆրան­սուա Օ­լանտ՝ վեր­ջին տաս­նեօթ տա­րուան ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ան­գամ Ի­րա­նէն նա­խա­գա­հա­կան մա­կար­դա­կով Փա­րիզ տրուած այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ։ Կող­մե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը կ՚ընդգր­կեն գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րը, դրա­մատ­նա­յին հա­տուա­ծը եւ մե­քե­նա­շի­նու­թեան ո­լոր­տը։ Շատ բան կա­խեալ է ա­նոնց հե­տա­գայ ի­րա­գոր­ծու­մէն։ Ար­դա­րեւ, Ի­րա­նի կող­մէ ա­ւե­լի քան հա­րիւր «Էր­պիւս» օ­դա­նա­ւե­րու գնման շուրջ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը ա­ռայժմ կը մնայ մտադ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ար­ձա­նագ­րու­թեան ձե­ւա­չա­փին մէջ, այլ ոչ թէ լիար­ժէք հա­մա­ձայ­նա­գիր։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ծար­ծուե­ցան Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Օ­լանտ յայտ­նեց, թէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք չէ սահ­մա­նա­փա­կուին միայն տնտե­սա­կան հար­ցե­րով, կա­րե­ւոր դեր պէտք է խա­ղայ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։ Նա­խա­գահ­նե­րը յանձ­նա­րա­րե­ցին, որ եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Լո­րան Ֆա­պիուս եւ Ճե­ւաթ Զա­րիֆ կար­գա­ւո­րեն կա­նո­նա­ւոր դի­ւա­նա­գի­տա­կան երկ­խօ­սու­թիւն։

Միւս կող­մէ, Ռու­հա­նի յայտ­նեց նաեւ, թէ Ի­րան յոյս ու­նի լիար­ժէք յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ։  

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016