ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Ենիգիւղի Փանայիա Յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յառաջ տարուած եւ Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած «Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» խորագրեալ ծրագրի եզրափակման առթիւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ենիգիւղի Յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը գլխաւորէ Լաքի Վինկաս։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչի պաշտօնը աւարտելէ վերջ այս վերջինը ձեռնամուխ եղած էր վերոյիշեալ ծրագրին, որ կը կրէ քաղաքացիական հասարակութեան երկխօսութեան բնոյթը։ Յունաստանէն գործընկեր կազմակերպութեան մը մասնակցութեամբ իրականացած է այս նախագիծը, որուն շրջագծով ծաւալուեցաւ բազմակողմանի աշխատանք։ Այս ծիրին մէջ կազմակերպուած զանազան աշխատանոցները եւ կատարուած հարցախոյզները կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հաւաքական կեանքէն ներս արդի հոսանքները բիւրեղացնելու տեսանկիւնէն։
Մօտաւոր անցեալին, «Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» ծրագրի արդիւնքին ապահովուած եզրակացութիւնները մասնաւոր հաւաքոյթով մը հանրային կարծիքի նկատառման յանձնուած էին՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Գործնական աշխատանքը թէեւ այդ ձեւով հասած էր իր աւարտին, սակայն ծրագրին եզրափակիչ բուն հանգրուանը բնորոշեց Անգարայի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ նաեւ նախագծին հիման վրայ պատրաստուած տեղեկագիրը։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Եւրոմիութեան գծով նախարար ու աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր, խորհրդարանի նախկին նախագահներէն Պիւլենտ Արընչ, Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Մեհմէտ Էլքաթմըշ, նաեւ դիւանակալական եւ ակադեմական շրջնակներէ յայտնի դէմքեր։ Այս առթիւ Լաքի Վինկաս որպէս նուէր Վոլքան Պոզքըրին յանձնեց տեղեկագիրը։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Վոլքան Պոզքըր, որ Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած այս ծրագրին կապակցութեամբ արտայայտեց իր մօտեցումները։ Անգարայի «Տեմոնթի» պանդոկի դահլիճին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին ան շեշտեց, թէ քաղաքացիկան հասարակութեան երկխօսութիւնը Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներուն միջեւ զարգացած է որպէս հարթակ մը՝ ուր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռուին հասարակաց նիւթի մը շուրջ համախմբուելու եւ մշտական երկխօսութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Այս ծրագրի թեքնիկ գործադրութեան պատասխանատուն եղած է Եւրոմիութեան գծով նախարարութիւնը։ Նախարարը ընդգծեց, թէ մարդու իրաւանց, խտրականութիւններու դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան բնագաւառներէն ներս Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ կեանքի կը կոչուին բազում ծրագրեր։ Պոզքըր յիշեցուց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ մզկիթները, եկեղեցիներն ու սինակոկները կը գտնուին խաղաղ համակեցութեան մը մէջ։ Թուրքիոյ տարածքէն ներս դարերէ ի վեր անոնց ձայնը ազատօրէն կը բարձրանայ, առանց մէկզմէկու ազատութիւնը խոչընդոտելու։ «Դարերէ հասած այս միութեան ու միասնականութեան ժառանգութենէն զօրանալով՝ վճռականութեամբ պիտի շարունակենք բարեփոխումներու աշխատանքները, որպէսզի մեր բոլոր քաղաքացիներուն հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները պաշտպանուին ու զարգանան», ըսաւ Վոլքան Պոզքըր։
Ելոյթներէն վերջ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ տեղեկագիրը։ Ծրագրի պատասխանատուները մասնաւորապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այնտեղ ընդգրկուած տուեալի մը վրայ։ Արդարեւ, նախագծին շրջագծով իրականացուած հարցախոյզի մասնակիցներուն 56 տոկոսը նշած է, թէ ընկերային մետիայի մթնոլորտին մէջ մեկնաբանութիւններ ընելու ժամանակ կը զգայ տատամսումներ եւ յաճախ չի բաժներ իր բուն մտածումները։