ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԱՋԱՐԿ

Իս­թան­պու­լի ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հու­թեան ներ­կա­յա­ցուց ա­ռա­ջարկ մը՝ պա­հան­ջե­լով, որ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու խնդիր­նե­րուն շուրջ ի­րա­կա­նա­ցուի խորհր­դա­րա­նա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն մը։ Խորհր­դա­րա­նի դի­ւա­նին ներ­կա­յա­ցուած հիմ­նա­ւոր­ման մէջ ան մատ­նան­շած է փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը, նե­րա­ռեալ ա­նոնց տնտե­սա­կան ձեռ­նար­կի (iktisadi işletme) վե­րա­ծուե­լու մա­սին խնդի­րը։ Հե­տե­ւա­բար, ե­րես­փո­խա­նը նպա­տա­կա­յար­մար գտած է խորհր­դա­րա­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մը կա­տա­րուի­լը։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016