ՏՈՑ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նը։ Ներ­կա­յիս ար­դէն ան ա­ւար­տած է իր գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ մէկ տա­րին։ Միա­մեայ իր աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քի հի­ման վրայ ան պատ­րաս­տած է զե­կոյց-տե­ղե­կա­գիր մը՝ գրքոյ­կի մը ձե­ւա­չա­փով։ Ան փու­թա­ցած էր մե­զի յանձ­նե­լու այդ գրքոյ­կը։ Թո­րոս Ալ­ճան հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ կ՚աշ­խա­տի Թուր­քիոյ բո­լոր փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րու բան­բե­րը ըլ­լա­լու սկզբուն­քով։ 

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016