ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՄԷՋ «ՏԱՃԱՐ»Ը
Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «Տաճար» բառը միշտ կը վերաբերի Երուսաղէմի տաճարին՝ որ Քրիստոսէ առաջ 10-րդ դարու կէսերուն շինուեցաւ Սողոմոնի կողմէ, եւ բաբելոնացիներուն կողմէ աւերուեցաւ Քրիստոսէ առաջ 587 թուականին։ Աւելի վերջ երկրորդ անգամ դարձեալ շինուեցաւ Բաբելոնի գերութենէն վերադարձողներու կողմէ, Քրիստոսէ առաջ 520-516 թուականներուն։
Սուրբ Գրոց պատմութեան մէջ «Բաբելոնի գերութիւն» կոչումով ծանօթ է Ք. Ա. 587-538 ժամանակաշրջանը, երբ Հրեաները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի ձեռքով Բաբելոն աքսորուեցան եւ հոն գերութեան մէջ մնացին մինչեւ 538 թուականը, երբ Բաբելոնի անկումէն ետք Պարսկաստանի Դարեհ թագաւորը Հրեայ գերիներուն արտօնեց իրենց երկիրը վերադառնալ։
Հերովդէս Մեծ, որ Ք. Ա. 37-4 թուականներուն իշխեց ամբողջ Պաղեստինի վրայ, եւ Յիսուսի ծննդեան առիթով Բեթլեհէմի մանուկները ջարդել տուաւ, ուզեց տաճարը վերաշինել, քանի շէնքը խախտած ու քայքայուած էր։ Ուրեմն վերաշինութիւնը սկսաւ Ք. Ա. 20 թուականին եւ տեւեց մինչեւ Քրիստոսէ ետք 64 թուական։
Եւ քանի մը տարի ետք՝ 70 թուականին վերջնականօրէն կործանեցաւ Հռոմայեցինու ձեռքով։
Նոր Կտակարանի մէջ խօսքը միշտ կը վերաբերի Հերովդէսի շինած տաճարին՝ որ քառակուսի կառոյց մըն էր, երեք գլխաւոր բաժիններով։
ա) «Գաւիթ»ը՝ ուր կը գտնուէր «զոհարան»ը։
«Գաւիթ»ը Աստուածաշունչի մէջ առհասարակ կը գործածուի ո՛չ թէ «նախասրահ» իմաստով, այլ՝ «ցանկապատուած բակ» իմաստով։ Տաճարին գաւիթը տաճարին շէնքին շուրջ գտնուող ցանկապատուած տարածութիւնը կամ բակն է։ «Իսկ գաւիթը, որ տաճարէն դուրս կը գտնուի՝ ձգէ՛, մի՛ չափեր, որովհետեւ անիկա հեթանոսներուն տրուած է՝ որոնք քառասուներկու ամիս ոտնակոխ պիտի ընեն Սուրբ Քաղաքը» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ԺԱ 2)։
Իսկ «զոհարան»ը կամ «զոհասեղան»ը Երուսաղէմի տաճարին երեք սեղաններն էին։ Մէկը՝ առաջաւորութեան 12 հացերուն համար, երկրորդը՝ խունկ ծխելու համար, իսկ երրորդը՝ զոհասեղանն էր, որուն վրայ զոհերը կ՚այրուէին։ Առաջին երկուքը տաճարին մէջ կը գտնուէին, իսկ «զոհասեղան»ը կամ «զոհարան»ը կը գտնուէր տաճարին դրան դիմաց՝ բակին մէջ։
բ) «Սրբարան»ը կամ շէնքին կեդրոնական մեծ սրահը՝ ուր քահանաներ կը մտնէին, եւ ուր կը գտնուէին խունկերու սեղանը, առաջաւորութեան հացերուն սեղանը, եւ ոսկի աշտանակը։ «Սրբարան» ընդհանուր իմաստով եւ լայն առումով կը նշանակէ՝ «սուրբ տեղ», եւ կը նշանակէ՝ որեւէ «աստուածութեան» նուիրուած պաշտամունքային վայր մը։ Իսկ յատուկ կերպով գործածուած՝ կը նշանակէ. «Վկայութեան Խորան»ը, «Երուսաղէմի Տաճար»ը, «Տաճարին ներքին երկու բաժանում»ները՝ ըլլա՛յ միասնաբար, ըլլա՛յ իւրաքանչիւր բաժինը առանձին, եւ «Աստուծոյ երկնային բնակարանը», ի վերջոյ նոյնի՛նքն Աստուա՛ծ «սրբարան» կոչուած է՝ իբրեւ ապաւէն մեղաւորներուն։
Իսկ «քահանայ» բառը կը ներկայացնէ Հին Կտակարանին մէջ այն «անձ»ը՝ որ իր ժողովուրդին կողմէ պաշտամունք եւ զոհեր կը մատուցանէ Աստուծոյ։
Քահանայութիւնը առանձնաշնորհումն էր Ղեւիի ցեղէն՝ Ահարոնի եւ անոր զաւակներուն։ Քահանաները բաժնուած էին 24 խումբերու՝ որոնք նախօրօք որոշուած կարգով կը ծառայէին տաճարին մէջ։
Նոր Կտակարանը Քրիստոսի Եկեղեցիին կը կապէ այն խոստումը՝ որ Աստուած իր ժողովուրդին ըրած էր, որով Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ըլլար «սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը եւ քահանաներու թագաւորութիւն մը»։ «Ու մեզ ըրաւ քահանաներու թագաւորութիւն մը, ծառայելու Աստուծոյ՝ իր Հօր» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ Ա 6)։
«Առաջաւորութեան հաց» կը կոչուէին այն 12 հացերը՝ որոնք տաճարի մէջ կը դրուէին իբրեւ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ Տիրոջ նուիրուած պատարագ, նուէր կամ ընծայ։
գ) «Բուն Սրբարան»ը, կամ ներքին փոքրիկ սրահը՝ ուր միա՛յն քահանայապետները կը մտնէին տարին մէկ անգամ, եւ ուր կը պահուէր «Ուխտի Տապանակ»ը։
«Ուխտի Տապանակ»ը՝ որ կը կոչուի նաեւ «Տիրոջ տապանակը» կամ «Աստուծոյ տապանակը», ոսկիով պատուած փայտեայ սնտուկ մըն էր։ «Ուխտի Տապանակ»ը մանրամասնօրէն նկարագրուած է Ելից Գիրքին մէջ՝ 25. Գլուխ, 10-16 համարներուն բովանդակութեամբ։
Տապանակին կափարիչը կը կոչուէր «Քաւութիւն», քանի որ Աստուծոյ աթոռը եւ ներկայութիւնը կը խորհրդանշէր, եւ ժողովուրդին մեղքերը քաւելու սահմանուած զոհերուն արիւնը անոր առջեւ կը սրսկուէր։
«Սրսկել», Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ մասնաւորապէս կը գործածուի՝ ծիսական մաքրութեան կապակցութեամբ։ Կը նշանակէ՝ հեղուկ նիւթ մը (արիւն, ջուր, իւղ, եւայլն) ցանել կամ ցօղել մէկու մը կամ բանի մը վրայ։ Որոշ զոհերու արիւնը կամ երինջներու (=մատակ, այսինքն՝ չորքոտանիներու էգը կով) մոխիրով խառնուած ջուրը կը սրսկէին զոպայի (=մանրատերեւ անուշահոտ բոյս՝ բժշկութեան մէջ գործածուող. ֆրանսերէն՝ «Հիսոբ»՝ «Hysope» կամ «hyssope», կամ «hysopus») փունջով մը՝ ենթական կամ առարկան ծիսականօրէն մաքրելու համար։ Արդարեւ Հրէութեան մէջ սրբութեան հասկացողութիւնը աւելի «ծիսական» էր, քան բարոյական։ Ոեւէ մէկը Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալու, կրօնական արարողութիւններու մասնակցելու եւ կարենալ աղօթելու համար՝ պէտք էր «մաքուր» այսինքն՝ «սուրբ» ըլլար։
Անմաքրութեան պատճառ կրնային ըլլալ՝ արգիլուած ուտելիքներ ուտելը, մեռելի կամ կենդանիի մը դիակին դպչիլը, հեթանոսի մը դպչիլը, զուգաւորութիւնն ու ծննդաբերութիւնը, բորոտութիւնն ու մորթային փոխանցիկ հիւանդութիւնները, եւայլն։
Ծիսականօրէն «անմաքուր» մէկը կրնար մաքրուիլ՝ յատուկ լուացումներով եւ ծէսերով։
Տաճարը իբրեւ պաշտամունքային միակ կեդրոն՝ Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշն էր։ Ահա թէ ինչու՝ Քրիստոս իր մարմինը «տաճար» կոչեց. «Յիսուս պատասխանեց.- Քանդեցէ՛ք այս տաճարը, եւ երեք օրէն ես պիտի վերաշինեմ զայն» (ՅՈՎՀ. Բ 19)։
Իսկ առաքելական նամակներուն մէջ քրիստոնէական համայնքը եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը կոչուի «Աստուծոյ տաճար»։
«Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ։ Հետեւաբար եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է, եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը» (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 16-17)։ «Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար…» (Ա ՊԵՏՐ. Բ 3)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 28, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024