ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան առընթեր ստեղծուած Ազգային հետազօտական համալսարանի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանական ազգային համալսարանի «Տանըլտ Այզէնհաուր» ազգային անվտանգութեան եւ միջոցներու կառավարման ռազմավարական դպրոցի դասախօս Ճէյմս Քիկըլ, Հարուըրտի համալսարանի «Ճոն Քենետի» պետութեան հետազօտութիւններու դպրոցի ազգային անվտանգութեան ծրագրի տնօրէն զօրավար Թէտ Օլսթրէօն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի Եւրոատլանտեան անվտանգութեան կեդրոնի տնօրէն Փրոֆ. Ալեքսանտ Նիքիթին։ Նկատի ունենալով, որ հանդիսութիւնը զուգադիպեցաւ Բանակի օրուան՝ նորաստեղծ համալսարանի գիտաժողովներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Միւս կողմէ, Երեւանի Օփերային մէջ, Բանակի օրուան՝ Հայաստանի զինեալ ուժերու կազմաւորման 24-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Սերժ-Ռիթա Սարգսեան ամոլը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր։ Երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, Սէյրան Օհանեանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։