ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Ու­ժա­նիւ­թի եւ կլի­մա­յի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու գծով յանձ­նա­կա­տար Մի­կուէլ Ա­րիաս Քա­նե­թէ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա բա­նա­լի եր­կիր մըն է ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան ա­ռու­մով։

Իս­թան­պու­լի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէ ներս բարձր մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թեան ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք։ Այս ժո­ղո­վէն վերջ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին նա­խա­րարն ու յանձ­նա­կա­տա­րը։ Այս առ­թիւ Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք յայտ­նեց, թէ Թուր­քիոյ ԵՄ-ի լիի­րաւ ան­դա­մակ­ցու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը ամ­սուան ըն­թաց­քին քննարկ­ման կրնայ բա­ցուիլ ու­ժա­նիւ­թի վե­րա­բե­րեալ գլու­խը։ Ըստ ի­րեն, ու­ժա­նիւ­թի վե­րա­բե­րեալ այս հա­մա­րը 15 գլու­խի քննարկ­ման բա­ցուե­լուն հա­մար 2007 թուա­կա­նէն ի վեր թրքա­կան կող­մը հե­տա­մուտ ե­ղած է հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծըն­թա­ցի մը։ Այդ գլու­խը բա­նակ­ցու­թեան չէ բա­ցուած Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի պատ­ճա­ռով։ Բայց եւ այն­պէս, գոր­ծըն­թա­ցը վերսկ­սած է Յու­նուա­րի 8-ին։ Նա­խա­րա­րը յոյս յայտ­նեց, թէ յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը ամսուան ըն­թաց­քին այս գլու­խի քննարկ­ման բաց­ման նիւ­թը Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ պի­տի փո­խան­ցուի ԵՄ-ի խոր­հուր­դին։

Ըստ Պե­րաթ Ալ­պայ­րա­քի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին քննար­կուած են ու­ժա­նիւ­թի մա­տա­կա­րար­ման եւ անվտան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րուն շուրջ, նե­րա­ռեալ TANAP-ը։ «Եւ­րո­միու­թեան նման Թուր­քիան ալ կա­խ-ւա­ծու­թիւն­ներ ու­նի ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տին մէջ։ Այս տե­սան­կիւ­նէն դի­տար­կե­լու պա­րա­գա­յին՝ Եւ­րո­միու­թեան հետ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ւել եւս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ», ը­սաւ Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք։

Բաց աս­տի, քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած են Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան խորհրդա­ժո­ղո­վին (COP21) ժա­մա­նակ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած նիւ­թե­րը։

Իր կար­գին, Մի­կուէլ Ա­րիաս Քա­նե­թէ նշեց, թէ կը նա­խա­տե­սեն ե­րեք ամ­սուան ըն­թաց­քին ա­ւար­տել նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու պա­րա­գա­յին ու­ժա­նիւ­թի գլու­խը բա­նալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու։ 

Մինչ այդ, Ալ­պայ­րաք Քա­նե­թէն հրա­ւի­րած է մաս­նակ­ցիլ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին ու­ժա­նիւ­թի խորհր­դա­ժո­ղո­վին, որ 9-13 Հոկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016