ԺԸՆԵՒԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿ ՇԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՆ

Սու­րիոյ տագ­նա­պին հա­մար քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու ընդ­հա­նուր օ­րա­կարգ մը մէջ­տեղ բե­րե­լու կո­չուած ժը­նե­ւեան ժո­ղով­նե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը: Մինչ անց­նող ա­ռա­ջին եր­կու ժո­ղով­նե­րուն Սու­րիոյ մէջ հա­կա­մար­տող կող­մե­րը մեծ յոյ­սեր կը տա­ծէին ժո­ղով­նե­րուն ա­ռըն­թեր, այ­սօր ի­րա­վի­ճա­կը նոյ­նը չէ:

Ու գաղտ­նիք ալ չէ, որ բո­լոր կող­մե­րը կը փոր­ձեն ժա­մա­նակ շա­հիլ: Մինչ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ա­չա­լուրջ կեր­պով ու ա­ռանց յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու Ժը­նեւ կը հաս­նէր, ան­դին ընդ­դի­մա­դիր կող­մեր գրե­թէ պա­ռակ­տուած տե­սա­րա­նով մը ի յա­ռա­ջա­գու­նէ կը յայ­տա­րա­րեն, թէ ժո­ղով­նե­րուն ձա­խո­ղու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն պի­տի ըլ­լայ սու­րիա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը:

Ար­դէն հինգերորդ տա­րին թե­ւա­կո­խող սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նին մէջ եւս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու լե­զուն դար­ձած է հա­կա­մար­տու­թիւ­նը վա­րե­լու նոր ըն­թա­ցա­կարգ մը:

Այս բո­լո­րին հետ պէտք է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նկա­տել, որ տագ­նա­պին մէջ կա­րե­ւոր դեր ստանձ­նած եր­կու գեր­պե­տու­թիւն­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս վեր­ջին հանգ­րուա­նին, սերտ գոր­ծակ­ցու­թեամբ մը յա­ռաջ կը տա­նին աշ­խա­տանք­նե­րը: Այս­տեղ կա­րե­ւոր ա­պա­ցոյց մը ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար պէտք է նշել քրդա­կան ՓԵՏ զի­նեալ խմբա­ւոր­ման մաս­նակ­ցու­թեան պա­րա­գան: Մինչ Մոս­կուա եւ ա­նոր հա­մա­խոհ­նե­րը քրդա­կան կող­մին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը հա­մա­րէին խիստ կա­րե­ւոր, ան­դին Թուր­քիա կտրա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէր քիւր­տե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ զա­նոնք հա­մա­րե­լով ՓՔՔ­-ի սու­րիա­կան ճա­կա­տին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը: Տե­ղի ու­նե­ցած ու­ժեղ լա­րում­նե­րէն ետք, Սու­րիոյ հար­ցե­րով ա­մե­րի­կա­ցի բա­նագ­նաց Մայ­քըլ Ռաթ­նի Լո­զա­նի մէջ կապ կը հաս­տա­տէր ՓԵՏ-ի ղե­կա­վար Սա­լէհ Մուս­լէ­մին հետ եւ ա­նոր «կը թե­լադ­րէ­ր» այս հանգ­րուա­նին ներ­կայ չըլ­լալ Ժը­նե­ւի ժո­ղո­վին ու սպա­սել մին­չեւ յա­ռա­ջի­կայ Փետ­րուար: Բնա­կա­նա­բար ա­մե­րի­կեան այս թե­լադ­րան­քը պէտք է տե­ղադ­րել Մոս­կուա-Ուա­շինկ­թըն ընդ­հա­նուր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րին մէջ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ պա­տե­րազ­մա­կան գետ­նի վրայ սու­րիա­կան բա­նակքրդա­կան ջո­կատ­ներ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ­­՚ար­դիւ­նա­ւո­ր-ւի ռու­սա­կան կող­մին «օրհ­նու­թեամբ»:

Բա­ցի աս­կէ, Քա­թար, Ռիատ եւ Ան­գա­րա ան­հան­գիստ մօ­տե­ցում­նե­րով հան­դէս կու գան, ո­րով­հե­տեւ պար­զօ­րէն ե­րե­ւե­լի է, որ ներ­կայ հանգ­րուա­նին եր­կու գեր­տէ­րու­թեանց փակ սե­նեակ­նե­րուն մէջ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի ուշ մար­մին պի­տի ստա­նան եւ այդ լու­ծում­նե­րը կրնան նոյն­պէս հա­շուի չառ­նել սիւն­նի «մեծ ե­ռեա­կ­»ին ընդ­հա­նուր շա­հե­րը:

Պա­տե­րազ­մա­կան խա­ղա­քար­տը կը թուի ան­ցած ըլ­լալ իր կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­ջին փու­լը եւ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նը պի­տի ըլ­լայ քա­ղա­քա­կան խմո­րում­նե­րուն փու­լը: Եւ­րո­պա­ցի տար­բեր վեր­լու­ծա­բան­ներ տա­րուող գաղտ­նի հան­դի­պում­նե­րուն մա­սին նշում­ներ ը­նե­լով՝ կը յայ­տա­րա­րեն, որ Մոս­կուա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մար Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րա­գոյն հի­մունքն է, ո­րուն վրայ պի­տի կա­ռու­ցուին քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր լու­ծում­նե­րը:

Ինչ­պէս նա­խօ­րօք ալ ը­սած ենք, կըրկ-նե­լու գնով պէտք է շեշ­տադ­րել, որ այ­սօր Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­ցու­մը ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մը չէ:

Եւ­րո­պա­յին հա­մար լուրջ սպառ­նա­լիք հան­դի­սա­ցող գաղ­թա­կան­նե­րու խնդրէն բա­ցի կա­րե­ւոր է, որ չա­փա­ւո­րա­կան սիւն­նի խմբա­ւո­րում­ներ մաս կազ­մեն փո­խանց­ման կա­ռա­վա­րու­թեան մը, որ պէտք է նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւն պատ­րաս­տէ եւ երկ­րին մէջ կա­յաց­նէ խորհրդա­րա­նա­կան եւ ա­պա նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ:

Բնա­կան է, որ սիւն­նի մաս­նա­կից­նե­րու վերջ­նա­կան ցու­ցա­կին պատ­րաս­տու­թիւ­նը կրնայ եր­կար ժա­մա­նակ առ­նել, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ Ան­գա­րա, մա­նա­ւանդ, եւ թէ Ռիատ տա­կա­ւին պատ­րաստ չեն զի­ջում­նե­րու եր­թա­լու:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի սու­րիա­կան բա­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ իր յա­ռաջ­խա­ղաց­քը: Ռու­սաս­տա­նի նե­ցու­կով պայ­մա­նաւորուած զի­նուո­րա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար ի­րենց ե­րե­ւե­լի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի ու­նե­նան տա­րուե­լիք բո­լոր բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն վրայ:

Այն­պէս, որ ե­թէ Ան­գա­րա, բայց մաս­նա­ւո­րա­պէս Ռիատ, այ­սօր պատ­րաստ չըլ­լան զի­ջում­նե­րու, վա­ղը կրնան շատ ա­ւե­լի մեծ վնաս­նե­րով «մաս­նակ­ցի­լ» սու­րիա­կան խնդրի լուծ­ման «ա­ռեւ­տու­ր­»ին:

Թրքա­կան կող­մին հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն կէ­տը կը մնայ իր սահ­ման­նե­րուն մօտ քրդա­կան ինք­նա­վար մար­զե­րու ստեղծ­ման դէմ պայ­քա­րը կամ վե­թոն: Ու այս կէ­տին մէջ է, որ Ան­գա­րա եւ Դա­մաս­կոս կրնան հա­մա­ձայ­նու­թեան եզ­րեր գտնել:

Այս մօ­տե­ցու­մը կրնայ զար­մա­նա­լի թուիլ շա­տե­րու, բայց եւ այն­պէս տե­ղին է յի­շեց­նել, որ մօ­տիկ ան­ցեա­լին Դա­մաս­կո­սը գետ­նի հա­ւա­սար ը­նե­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կող Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կար­գը այ­սօր հա­լած իւ­ղի պէս «կը կլլէ» Է­սա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն բա­նակ­ցու­թեան սե­ղա­նին իբ­րեւ օ­րի­նա­կան կողմ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: Տա­կա­ւին չեմ խօ­սիր այն գաղտ­նի ու չյայ­տա­րա­րուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը տա­րուին Դա­մաս­կոս-Ո­ւա­շինկ­թըն թէժ գի­ծին վրայ: Կա՛մ ա­մե­րի­կեան լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րուն Է­սա­տի թե­ման ան­տե­սե­լուն եւ կամ մեղմ ը­սած ան­ցեա­լին հա­մե­մատ ա­նոր «սա­տա­նա­յաց­մա­ն» գոր­ծըն­թա­ցը կանգ­նեց­նե­լու մա­սին:

Օ­պա­մա­յի ու ա­նոր հե­ռա­նա­լիք վար­չա­խում­բին հա­մար դե­ւը Է­սա­տը չէ, այլ պա­տե­րազ­մը: Ու ե­թէ նախ­քան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հաս­նի­լը Ա­մե­րի­կա Մոս­կուա­յի օրհ­նու­թեամբ եւ կար­գադ­րու­թեամբ կա­րո­ղա­նայ առ­նուազն քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս մը գծել, ա­պա դե­մոկ­րա­տա­կան­նե­րու տա­նե­լիք պայ­քա­րը պի­տի դառ­նայ շատ ա­ւե­լի հեշտ ու տա­նե­լի:

Ի վեր­ջոյ խա­ղա­ղու­թեան սե­ղան բա­ցող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի մեծ միա­ւոր­ներ կը շա­հին քան ա­նոնք, ո­րոնք պա­տեր­զամ­ներ կը հրահ­րեն ու յա­ճախ ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի մի­ջոց­նե­րով կը մտնեն ա­րեան ա­ւա­զան­նե­րու մէջ:

Ու­րեմն այս ֆո­նին վրայ դժուար չէ կան­խա­տե­սել, որ ինչ­պէս Ո­ւա­շինկ­թըն, այն­պէս ալ Թուր­քիա ո­րոշ զի­ջում­նե­րու եր­թայ:

Ան­շուշտ երբ խօս­քը մեծ գոր­ծըն­թաց­նե­րու մա­սին է , ա­նուն­նե­րը կը դառ­նան երկ­րոր­դա­կան ու ան­կա­րե­ւոր: Այ­սինքն Է­սա­տի շուրջ ե­ղող վե­թո­նե­րը նոյ­նիսկ ե­թէ չվե­րա­նան, Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն կրնան նոր ձե­ւա­չափ մը մէջ­տեղ նե­տե­լով Ա­րե­ւել­քի միւս բո­լոր սիւն­նի­նե­րը հա­մո­զել, որ պատ­րաս­տուած ճա­շը այս է ու հրամ­մե­ցէք եւ օգ­տուե­ցէք ե­ղա­ծէն:

Մտա­հո­գիչ կրնայ ըլ­լալ Ռիա­տի պա­րա­գան, ո­րուն ղե­կա­վար­նե­րը մին­չեւ այս պա­հը կը շա­րու­նա­կեն նոյն յա­մա­ռու­թեամբ ընդ­դի­մա­նալ ա­ռանց քննար­կում­նե­րու սե­ղա­նին շի­նիչ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու:

Ու բնաւ զար­մա­նա­լի չէ, ե­թէ Ռիա­տի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բարդ քա­ղա­քա­կան դրու­թեան առ­ջեւ կանգ­նի, ի հար­կէ, ե­թէ ա­մե­րի­կեան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ ա­ճած ըլ­լայ թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը մաս­նա­տե­լու գա­ղա­փա­րը:

Ա­ռանց երկմ­տան­քի բա­ցո­րոշ է, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պին շուրջ տա­րուող քննար­կում­նե­րը նոր հանգ­րուան մը պի­տի բա­նան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին հա­մար:

Բայց կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը այն է, որ տա­ր-ւե­լիք գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ ա­րիւ­նով գծուե­լիք նոր քար­տէս­ներ չըլ­լան: 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016