ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մարդիկ, ընդհանրապէս, իրենց փոխյարաբերութիւններուն մէջ չափ ու կշիռով չեն վարուիր։ Եւ առհասարակ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը շահագործեն, չարաչար կը գործածեն բարեացակամութիւնները եւ թոյլտուութիւնները իրենց շուրջիններուն։ Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը՝ պիտի տեսնէք մարդիկ, որոնք կը պարծենան «մարդ ճանչնալով» եւ կը կարծեն ամէն ինչ լուծել այդ «ճանչցած մարդ»ուն շնորհիւ։ Եւ ահաւասիկ հո՛ս է մարդկային տկարութիւններէն մին՝ չափազանցութիւնը, որ շատ անգամ վնասակար հետեւանք կ՚ունենայ՝ խաթարելով եւ նոյնիսկ քանդելով բարեկամութիւններ եւ վստահութիւններ։
«Ես մա՛րդ կը ճանչնամ…», եւ ուրեմն՝ «ամէն ինչ կրնամ լուծել, ամէն ինչ կրնամ կարգադրել անոր շնորհիւ…»։Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, ո՜րքան նուաստացուցիչ պարագայ մըն է, ո՜րքան ցաւառիթ մտայնութիւն մըն է ասիկա՝ բարեկամութիւնը եւ վստահութիւնը շահագործել, եւ մէկէ մը աւելի՛ն պահանջել, ամէն ինչ պահանջելու իրաւունքը ունենալ կարծել…։
Այս յանդգնութեան, այս չափ ու կշիռ չգիտնալու պատճառը՝ ինքնագիտակցութեան պակա՛սն է։
Եւ երբ մարդ չի գիտեր իր տեղը, դիրքը, կարողութիւնը, տարողութիւնը, մէկ խօսքով՝ չի ճանչնար ինքզինք, ահաւասիկ ասիկա պատճառ կ՚ըլլայ յուսախաբութիւններու, հիասթափութեան եւ ենթական անակնկալ երեւոյթով մը կը դիմաւորուի։ Ինքզինք ճանչնալ, ինքզինք գիտնալ կը նշանակէ՝ չափը ու կշիռը գիտնալ, պահանջքներու սահմանը, տարածութիւնը եւ չափը լա՛ւ որոշել եւ ըստ այնմ շարժիլ։
Անշուշտ, որ մէկու մը վստահիլ եւ վստահած մէկէ մը օգուտի սպասել բնական զգացում մըն է, եւ սակայն այդ զգացումը այն ատեն իրաւացի եւ արդարացի կ՚ըլլայ, երբ անկը համապատասխանէ պահանջատէր դիրքի վրայ գտնուող անձին պահանջելու իրաւունքին, այսինքն արդար եւ իրաւատէր ըլլալուն։ Այս ալ կ՚որոշուի, ինչպէս ըսինք, ինքնաճանաչութեամբ։ Արդարեւ, «ինքզինք ճանչնալ» առաքինութիւն է, ազնուութիւն է, վեհանձնութի՛ւն է։
Ուստի յանդիմանութեան ցաւառիթ հակազդեցութիւններու հետ չդիմաւորուելու համար պէ՛տք է զգոյշ ըլլալ՝ պահանջքին բովանդակութիւնը, էութիւնը, պահանջողին անձին եւ դիրքին հետ ունեցած համեմատութիւնը եւ համապատասխանատուութիւնը լա՛ւ որոշել եւ մանաւանդ պահանջք ներկայացուած անձը շիտակ, վայրը եւ ժամանակը պատեհ ու պատշաճ կերպով ընտրել…։
Այլապէս անիրաւ պահանջողը պէ՛տք է յանձնառու ըլլայ՝ արդար զայրոյթի հետեւանքով ամէն նախատինքի։
Մեր խորհրդածութիւնները շարունակենք Սմբատ Սարկաւագ Խանուէլեանէ գրառնուած առակով մը։
«Խլուրդը՝ դաշտամուկը կը սիրէր թափառիլ գետնատակ զով անցուղիներու մէջ՝ որոնք փորած ու մաքրած էին իրեն ծնողներն ու պապերը։
«Ան կը բարձրանար վերին սրահները եւ կ՚իջնէր ներքին խոռոչները՝ որոնք ուտելիքի պահեստներ էին։
«Իր կալուածները եւ հարստութիւնը ուսումնասիրելով՝ ան անգամ մը անծանօթ սողանցք յայտնաբերեց եւ որոշեց պարզել, թէ դէպի ո՞ւր կը տանին զինք այդ ուղիները։ Յանկարծ.- Կանգ ա՛ռ, նախազգուշական ձայն մը լսուեցաւ, որ շարունակեց.- այդ ճանապարհը վտանգաւոր է։
«Բայց հետաքրքրութենէ դրդուած՝ խլուրդը աւելի՜ եւ աւելի վեր կը բարձրանար, եւ վերջապէս, թաթերով հողը ետ տալով, ան տեսաւ իր առջեւ բացուող կապո՜յտ-կապո՜յտ անհունը։ Բայց այդ վերջին բանն էր, որ խեղճ խլուրդը տեսաւ իր կեանքին մէջ։ Արեւը իր պայծառ ճառագայթով հարուածեց կիսակոյր խե՜ղճ խլուրդը՝ ներգործելով անոր աչքի ճեղքերուն եւ վերջնականապէս կուրացուց զայն։
«Ահա ա՛յդպէս ալ, սիրելի՜ բարեկամներ, սուտը կրնայ միա՛յն թաքստոցներու, որջերու մէջ հանգիստ ապրիլ՝ միայն հոն պահուըտելով։ Երբ ան լոյս աշխարհ կու գայ, տեղւոյն վրայ կը մեռնի, կ՚ոչնչանայ՝ ճշմարտութեան լոյսով կուրանալով…»։
Սիրելի՜ներ, այս առակը մեզի ցոյց կու տայ ագահութեան անդարմանելի ու անդառնալի վնասները։
Հեռո՜ւ, այն ամէնքը՝ որոնց հաճոյքը զգայականին մէջ է, որոնց համար հոգեկանը շատ բարձր է, որոնց համար միտքը անախորժ, անհաճոյ տիրապետող մըն է, եւ որոնց համար բոլորովին անծանօթ է հաւատքը…։
Հեռո՜ւ, այն բոլորէն՝ որ լոյսը կ՚ատեն՝ որ մարդուս երկրի վրայ ապագան կը յայտնէ։
Հեռո՜ւ անոնցմէ՝ որոնց մտածումները երկիրը կը շօշափեն սահմանափակ ժամանակով եւ չեն կրնար հոն բարձրանալ՝ ո՛ւր գերերկրային փայլ մը կը հրաւիրէ։
«Ագահութիւն», լայն առումով կը նշանակէ՝ արծաթսիրութիւն, աւելի՜ եւ շատ աւելի՛ ունենալ, անյագութիւն, եւայլն։ Ագահ մարդը նախ անկեղծ չի կրնար ըլլալ՝ խաբեբայ է, յափշտակող, ինքնամոլ եւ եսասէր, ինքնակեդրոն. իրաւունք չի ճանչնար, բայց միայն ի՛ր շահը կը հետապնդէ, միակ նպատակը իր օգուտն է՝ որուն ետեւէն կը վազէ։ Ագահ մարդը ողորմութիւն, գթութիւն չի ճանչնար, գութ, կարեկցութիւն չունի, եղբայրասիրութիւնը օտար արժէք մըն է իրեն համար եւ մարդասիրութիւնը, այլասիրութիւնը բոլորովին խորթ է իր կեանքի ընդհանուր հասկացողութեան։
Ագահութեան հակառակն է՝ ողորմութիւն եւ այլասիրութիւն, աղքատասիրութիւն։ Ագահութիւնը մոլութիւն մըն է՝ ա՛խտ մը, որ այն աստիճան վտանգաւոր եւ վնասակար է, որ Սուրբ Գիրքը զայն կ՚անուանէ՝ «կռապաշտութիւն», այսինքն՝ ծառայութիւն պարապ եւ զուր բաներու։ Եւ այս իսկ պատճառով ալ Սուրբ Գիրքը կը պատգամէ եւ կ՚աւանդէ՝ «գանձերը կուտակել ու դիզել ո՛չ թէ այս աշխարհի մէջ՝ երկրի վրայ, ուր ցեցը, ուտիճը եւ ժանգը կը փճացնեն եւ գողերը կը գողնան, այլ՝ երկինքի մէջ՝ ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ալ ժանգը կրնան ոչնչացնել եւ ոչ ալ գողեր կրնան գողնալ եւ կորզել ու բռնագրաւել» (ՄԱՏԹ. Զ 19-21)։
Ուստի անյագ ըլլալ, երբեք չկշտանալ՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հասարակական կեանքին համերաշխութեան եւ խաղաղութեան սպառնացող, վտանգ բերող չափազանութիւններ եւ անչափաւորութիւններ են։ Արդարեւ, ո՛ւր որ չափաւորութիւն, կշռուածութիւն, բարեխառնութիւն չկայ, հոն կարելի չէ՛ սպասել խաղաղութեան, անդորրութեան եւ հանդարտութեան։ Եւ եթէ մարդ երջանիկ ըլլալ կ՚ուզէ՝ պէտք է գիտնայ պարզ եւ չափաւո՛ր ըլլալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 26, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024