Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը Երեւանի մէջ պիտի սարքէ մամլոյ ասուլիս մը, որով պիտի կատարէ անցեալ դիւանագիտական տարուան ամփոփումը։ Այս մամլոյ ասուլիսին պիտի յաջորդէ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուած լրատուամիջոցներու ղեկավարները, լրագրողները, լուսանկարիչները եւ տեսագրիչները։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շուտով պիտի փոխադրուի իր նորակառոյց շէնքը, ուր պիտի ընթանան 2016-ի աշխատանքները։
Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016