ՀԱ­ՄԱ­ԳՈՒ­ՄԱՐ ԺՈ­ՂՈՎ ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ՐԱ­ՆԻ ՄԷՋ

Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ ո­րո­շու­մով եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հրա­ւէ­րով, 31 Դեկ­տեմ­բեր 2015, Հինգ­շաբ­թի օր, Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի Դահ­լի­ճին մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցա­կան ընդ­հա­նուր հա­մա­գու­մար, ո­րուն  նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

Ժո­ղո­վոյ նպա­տակն էր ամ­բող­ջաց­նել Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ ան­դամ­նե­րու թի­ւը, որ պակ­սած էր Գերպ. Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ.  Ա­նու­շեա­նի հրա­ժա­րու­մով եւ Արժ. Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէ­զէն­լեա­նի վախ­ճա­նու­մով։

Ժո­ղո­վը բա­ցուե­ցաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով ու 2015 թուին վախ­ճա­նած Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէ­զէն­լեա­նի եւ հա­մայն հան­գու­ցեալ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հոգ­ւոցն ի հան­գիստ ար­տա­սա­նուած ա­ղօթ­քով։

Բաց քուէար­կու­թեամբ կազ­մուե­ցաւ Ժո­ղո­վոյ դի­ւան, ո­րուն ընտ­րուե­ցան Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան՝ Ա­տե­նա­պետ եւ Արժ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան՝ Ա­տե­նադ­պիր։

Բարձր. Ս. Հայ­րը յայտ­նեց, թէ Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ­պէս ազ­գըն­տիր Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ ան­դամ բնա­կա­նօ­րէն պի­տի ան­դա­մակ­ցի յե­տա­գայ նիս­տե­րուն։ Իսկ պակ­սած մէկ ան­դա­մի հա­մար պէտք էր ընտ­րու­թիւն կա­տա­րել։ Կա­տա­րուած փակ քուէար­կու­թեամբ, քուէ­նե­րու ա­ռա­ւե­լու­թեամբ Գերպ. Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան ընտ­րուե­ցաւ Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ ան­դամ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016