ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ - Ա -
Կը շարունակենք դիտել Հայ Եկեղեցին՝ պատմութեան հին էջերու մէջ, պատմական վկայութիւններու լոյսով։
Այսօր կ՚ուզենք ներկայացնել 5-րդ դարու իրադարձութիւններէն հատուածներ, մանաւանդ դարուն երկրորդ մասէն, որ շատ ծանր եւ յուզումնալից ժամանակաշրջան մը եղած է հայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։
Մեսրոպ Մաշտոցի մահուընէ յետոյ, անոր փափաքին համաձայն կաթողիկոսութեան տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ երէցը՝ որ 5-րդ դարու նշանաւոր թարգմանիչներէն մէկն էր։ Մաշտոցի կամքը օրէ՛նք կը դառնայ եւ ժամանակի վիճակաւոր եպիսկոպոսները այս կարգադրութիւնը կ՚ընդունին ինչպէս ի յարգանս Մաշտոցի, նո՛յնպէս նաեւ Յովսէփի արժանաւորութիւններուն համար։
Չկամենալով թերեւս կաթողիկոսական ընտրութեան պատճառով պարսիկներու միջամտութիւնը տեսնել Հայ Եկեղեցիի ներքին գործերուն մէջ, ինչպէս Բրիքշոյի եւ Շմուէլի ժամանակ եղաւ, կամ թերեւս ուրիշ մէկ պատճառով, Յովսէփ երէցը մինչեւ վերջը տեղապահ ու երէց մնաց, թէեւ գործեց իբրեւ կաթողիկոս։
Ըսինք, որ 5-րդ դարու մանաւանդ երկրորդ մասը Հայ ազգային կեանքի շատ ծանր ժամանակաշրջանը եղած է։ Յազկերտի բռնած քաղաղականութիւնը Հայ աշխարհի նկատմամբ՝ ձուլել Հայ ժողովուրդը կրօնքով պարսիկներու հետ՝ օրըստօրէ կը հասնէր իր նպատակին եւ յաջողութիւն կը գտնէր։
Հաւատուրացներ ու չարագործներ հետզհետէ կը բազմանային։ Վարք ու բարքի մէջ ապականութիւնը ընդարձակ ծաւալ ստացած էր։ Եւ զանազան ախտերով վարակուած էին ո՛չ միայն աշխարհականներ, այլ եւ հոգեւորականութեան բարձր ներկայացուցիչներ։
Մինչ աղանդաւորներ իրենց բազմաթիւ հետեւորդներով կը քանդէին տիրող եկեղեցիի դաւանութիւնը, եւ բարոյական կարգը եւ մեծապէս կը նպաստէին պարսիկներու ընդհանուր քաղաղականութեան։
Եկեղեցիի դիրքը բարձրացնելու, չարիքները կարճելու եւ հոգեւորական դասակարգը ազնուացնելու համար 444 թուականին, Յովսէփ Կաթողիկոս (Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի. 440-452) գումարեց Շահապիվանի նշանաւոր ժողովը «ի հրամանէ միաբանութեան», որուն ներկայ էին ո՛չ միայն քսան եպիսկոպոսներ, նշանաւոր երէցներ, քահանաներ ու սարկաւագներ, այլ եւ Վասակ մարզպանը, Վահան հազարապետը, Վարդան Մամիկոնեանը, Արշաւիր Կամսարականը եւ այլ բազմաթիւ նախարարներ, գաւառապետներ ու զօրավարներ։
Ժողովի աշխարհական տարրը կը պահանջէ կրկին հաստատել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, Ներսէսի, Սահակի եւ Մաշտոցի կարգերը, եւ աւելցնել այն, ի՛նչ որ լաւ է։ Այսպէս՝ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու այս խառն ժողովը «օրէնսդիր» կը հանդիսանայ ընդհանուր ազգին համար եւ յանցանքներու համար պատիժներ եւ տուգանք կը սահմանէ։ Ուստի դրամական տուգանք կը սահմանէ ազնուականներու եւ եկեղեցականներու համար, իսկ ծեծ՝ շինականներու, այսինքն գիւղականներու համար։
Շահապիվանի կանոններու մէկ մասը դրուած է «ամուսնական զեղծում»ները նկատի ունենալով՝ անոնց առաջն առնելու եւ որոշ օրինական աստիճաններ սահմանելու. կ՚արգիլուի անչափահաս ու մերձաւոր ամուսնութիւններ, ի՛նչ որ առաջ եւս եղած էր, եւ կը սահմանուի ազգակցական արենակցութեան համար չորրորդ ծնունդ (կանոն. 13)։
Ժողովը խստիւ կը պատուիրէ թէ՛ աշխարհականներուն եւ թէ՛ հոգեւորականներուն չերթալ բնա՛ւ վհուկներու եւ կախարդներու մօտ. կ՚արգիլէ նաեւ շահասիրական նպատակներով սուրբերու մասունքներ տեղափոխել եւ միամիտ ժողովուրդը խաբել։ Ժողովը կանոն կը սահմանէ նաեւ հաւատուրացներու համար եւ այսպիսիներուն «մահուան պատիժ» կը նշանակէ, եթէ դարձի չգան։
Այսպիսի խի՛ստ պատիժով կ՚երեւի ժողովը կամեցաւ այդ վատ ախտին առաջն առնել՝ որ պարսիկներու քաղաքականութեան պատճառով հետզհետէ տարածուած եւ մեծ ծաւալ ստացած էր։
Վերջապէս Ժողովը խիստ ու ծանր պատիժներ սահմանած է մծըղնէից աղանդին համար՝ որոնք իրենց թիւր վարդապետութեամբ ու վատ բարոյականութեամբ կը քանդէին տիրող Եկեղեցին։
Բայց այսպիսի կանոններով կեանքը բարելաւել շատ դժուար էր, մանաւանդ որ պարսիկներու գործունէութիւնը կար ու կը շարունակէր, որ ո՛չ միայն հաւատուրացութիւնը կը խրախուսէր, այլ եւ ամուսնական ազատութիւն, որոնց դէմ իսկ աշխատեցաւ կռուիլ Շահապիվանի Ժողովը։ Ուստի այս Ժողովէն հազիւ քանի մը տարի վերջ կատարուեցան այնպիսի խոշոր դէպքեր, որոնք մեր կեանքը հիմն ի վեր խանգարեցին, փոփոխութեան ենթարկեցին։
Ահաւասիկ այդ դէպքերը եւ իրադարձութիւնները Հայ պատմութեան մէջ յայտնի են «Առաջին կրօնական պատերազմ» կամ «Վարդանանց պատերազմ» անունով։ Ուրեմն կ՚արժէ պատմականօրէն վերյիշել զանոնք։
Պարսիկներու Յազկերտ Բ. թագաւորը իր բովանդակ թագաւորութեան շրջանին կը հետեւէր այն քաղաքականութեան, թէ իր տէրութեան ապահովութեան համար անհրաժե՛շտ է հպատակ ազգերը ձուլել պարսիկներու հետ, եւ այն՝ կրօնական հիմքերով։ Եւ այս ծրագիրը իրագործելու համար ան, նախ կը յարձակի Յունաց տէրութեան վրայ, երբ այդ տէրութիւնը զբաղուած էր արեւմուտքի մէջ պատերազմով, եւ համոզուելով որ յոյները կարող չեն իր նպատակի իրագործման արգելք հանդիսանալ՝ ան այնուհետեւ համարձակ կ՚աշխատի «պարսկացման ծրագիր»ը առաջ տանիլ, եւ այդ պատճառով կը սկսի Հայոց աշխարհէն՝ որ անոր պետութեան ամենանշանաւոր եւ կարեւոր մասը կը կազմէր այդ շրջանին։
Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն յետոյ թէեւ Հայաստան պարսիկներու հպատակ էր եւ հարկատո՛ւ, բայց ներքին ազատութիւն կը վայելէր, երկիրը կը կառավարուէր հայ մարզպանով…
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 22, 2016, Իսթանպուլ