ԱՐՈՆԵԱՆ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏԷՅՎԻՏ ՊԵՔՀԸՄԸ
Երբ Լեւոն Արոնեան կը քայլէ իր հարազատ Հայաստանի փողոցներուն մէջ, բոլորը անոր կը ժպտին, կը ստիպեն, որ ճաշարանին մէջ չվճարէ, ծնողները իրենց երախաները անոր անունով կը կոչեն: Հայ շախմատիստ Լեւոն Արոնեանի մասին գրած է CNN-ը:
Լրատուամիջոցը կը գրէ՝ Արոնեան դերասան, գործիչ կամ ալ աստղագէտ չէ: Ան շախմատիստ է, աշխարհի մէջ լաւագոյն չորրորդը: Այդ մէկը կը նշանակէ, որ փոքրիկ, յետխորհրդային երկրին մէջ ան եւս ազգային հերոս է:
«Երբ առաջին անգամ իմ հարսնցուս ժամանեց Հայաստան, մենք կանգնեցանք պենզինի լցակայանի մօտ: Անոնք ըսին. «Մենք չենք պատրաստուիր ձեզմէ գումար վերցնել», լրատուամիջոցին պատմած է օտար մամուլին կողմէ «Հայաստանի Տէյվիտ Պեքհըմ» անունը ստացած 33-ամեայ Արոնեան:
«Հարսնցուիս համար ատիկա մեծ ցնցումի պէս բան մըն էր, բայց այդ մէկը կը պատահի ամէն անգամ»,ըսած է ան:
Հայաստանի մէջ ճատրակը ընդգրկուած է պարտադիր ուսուցման ենթակայ դպրոցական նիւթերու շարքին: Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ Ճատրակի դաշնակցութեան նախագահն է: Ունենալով երեք միլիոն բնակչութիւն, Հայաստան ամենամեծ թիւով շախմատային կրոսմասյթըրներ ունեցող երկիրներու շարքին է: Վերջին հինգ ողիմպիականներու ընթացքին հայաստանեան հաւաքականը, որ կը գլխաւորէ ազգային կուռք համարուող Արոնեանը, յաղթած է երեք անգամ:
«Ճատրակը նման է միւս մարզաձեւերուն, բայց փոքրիկ վանդակի մէջ դուն ստիպուած ես հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կ՚աշխատի ուղեղդ, ինչպէ՛ս կը հոսի արիւնդ», ըսած է Արոնեան:
Կը նշուի, որ Արոնեան կառավարութեան կողմէ կը ստանայ խորհրդանշական գումար՝ ամսական 120 տոլար, սա միւս երկիրներուն համեմատ շատ փոքր գումար մըն է: Բայց շախմատի նկատմամբ իրական սէրը տեսնելու համար պէտք է շրջիլ Հայաստանի փողոցներով:
«Դուք կը տեսնէք, որ մարդիկ շախմատ կը խաղան սրճարաններուն, պարտէզներուն մէջ, ընտանեկան հաւաքոյթներու ընթացքին», ըսած է Փրոֆ. Արամ Հաճեան, որ Ճատրակի ակադեմիոյ համահիմնադիրներէն է:
Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ ճատրակի նախահայրը Տիգրան Պետրոսեանն է, որ 1960-ականներուն շախմատի աշխարհի ախոյեան էր, եւ ճատրակի նկատմամբ ժամանակակից սիրոյ համար ան է «մեղաւորը»: