ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵԱՀԿ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԴԱՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­նե­րուն հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դի­պու­մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Անտ­րէյ Սո­րո­քի­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին՝ Դեկ­տեմ­բե­րին Պելկ­րա­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին ար­դիւնք­նե­րը։ ԵԱՀԿ-ի նա­խա­րա­րա­կան խոր­հուր­դի վեր­ջին նիս­տի ար­դիւնք­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ քննար­կուե­ցան նաեւ կազ­մա­կեր­պու­թեան շարք մը օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ այս տա­րուան ԵԱՀԿ-ի մօտ Գեր­մա­նիոյ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ Ան նշեց ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին Պեռ­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րուն։

Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան բարձր գնա­հա­տեց ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Անտ­րէյ Սո­րո­քի­նի բեղմ­նա­ւոր աշ­խա­տան­քին հա­մար։  

Միւս կող­մէ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­սօր կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով ամ­փո­փեց ան­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­րին։ Այս մամ­լոյ ա­սու­լի­սին յա­ջոր­դեց պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016