ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Իսթանպուլ այցելեց խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։ Հայր Սուրբը նշեց, թէ Պոլսոյ Աթոռի նախկին գահակալներէն Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան 1941 թուականին պաշտօնի կոչուած էր որպէս Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ։ Ներկայ տեսչութիւնն ալ երախտագիտական մղումներով մշակած է ծրագիր մը, որով կը նախատեսուի Անթիլիասի դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին մասնակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպել համերգ մը։ Ծրագիրը ձօնուած է նախկին պատրիարքի վախճանման 25-ամեակին։ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան այս կապակցութեամբ շօշափեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կարծիքը եւ ունեցաւ գաղափարի փոխանակումներ։
Ողջունելով Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը՝ Ընդհանուր Փոխանորդը սոյն ծրագրին մտայղացման կապակցութեամբ արտայայտեց իր գնահատանքը։ Ան հաւանութիւն տուաւ, որպէսզի Ս. Զատկի տօնակատարութիւններէն վերջ կեանքի կոչուի այս ծրագիրը։ Որոշուեցաւ, որ Ապրիլ ամսուան կէսին կազմակերպուի սոյն համերգը, որուն համար նախատեսուած աշխատանքները պիտի հասուննան յառաջիկային։