ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ - Բ -
Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն յետոյ թէեւ Հայաստան պարսիկներու հպատակ էր եւ հարկատու, բայց «ներքին ազատութիւն» կը վայելէր. երկիրը կը կառավարուէր հայ մարզպանով (մարզպան= պարսից արքայի ներկայացուցիչ՝ կուսակալ, նահանգապետ), զինուորական ուժը ամբողջապէս հայ նախարարներու ձեռքն էր, եւ քրիստոնէական եկեղեցին բարձր դիրք գրաւած էր։ Մէկ խօսքով՝ Հայաստան այնպիսի դրութեան մէջ էր, որ միացեալ ուժերով միշտ կարող էր ազա՛տ ըլլալ պարսից տէրութենէն՝ եթէ մանաւանդ յունաց օգնութիւնն ալ ստանար։
Ահաւասիկ այս «վտանգաւոր» եւ նոյնքան ալ շատ դժուար դրութեան առաջն առնելու համար՝ Յազկերտ աշխատեցաւ եկեղեցիին զօրութիւնը ոչնչացնել, ե՛ւ նախարարները տկարացնել այլեւայլ խարդախ միջոցներով, եւ ժողովուրդին վիճակը տնտեսականապէս ճնշելով կրօնափոխ ընել զանոնք։
Ապահովուած յունաց եւ Քուշանաց կողմէն՝ Յազկերտ 442-էն մինչեւ 449 թուական շարունակ մասնակի հալածանքներ կը յարուցանէր քրիստոնեաներու դէմ՝ անոնք կ՚արհամարհէր ու կը բռնադատէր եւ կամ կը պարտադրէր ոմանք ոսկիով եւ արծաթով, առատ պարգեւներով, ոմանք ագարակներով եւ մեծամեծ գիւղերով, ոմանք պատիւներով եւ մեծամեծներու իշխանութեամբ։ Յազկերտ ամէն միջոց կը գործածէր…։
Եւ Յազկերտ այսպէս կը վարուէր ո՛չ միայն Պարսկաստանի, այլ իր բովանդակ տէրութեան քրիստոնեաներուն հետ։ Ահաւասիկ այս ընթացքին եւ ուղղութեան դէմ ու հակառակ կ՚աշխատի գործել Շահապիվանի ժողովը՝ գումարուած 444 թուականին՝ մասնաւորապէս մահուան պատիժ սպառնալով հաւատուրացներուն։
Վերջապէս ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու պատրուակով Յազկերտ, Դենշապուհ իշխանը առանձին եւ յատուկ պաշտօնով Հայաստան կ՚ուղարկէ եւ այդպէսով կ՚աշխատի իրականացնել իր նպատակը։
Դենշապուհ իշխանին առաջին գործը կ՚ըլլայ եկեղեցականներու վայելած ազատութիւնները կարճել եւ ամէնքը հպատակ ու հարկատու դարձնել եւ այդպէս ճնշե՛լ։
Իսկ նախարարներու միութիւնը ու միաբանութիւնը ջլատելու համար՝ անոնք իրարու հետ խռովեցնելու միջոցներու դիմեց, ինչպէս դաւանութեան իրաւունքը եկեղեցականներու ձեռքէն առնել ու մոգպետի յանձնել, վերջապէս ժողովուրդին աւելի ծանր հարկերով նեղել, որպէսզի անոնք աղքատանան, տկարանան եւ ստիպողաբար դիմեն ու հպատակին մոգպետին օրէնքներուն։ (Մոգ=պարսիկ քուրմ՝ հեթանոս կրօնի պաշտօնեայ, մոգպետ=քրմապետ գլխաւոր մոգ)։ Բայց հայ ժողովուրդը համբերութեամբ կը տանէր այս բոլոր զրկանքները եւ կեղեքիչ հարկահաններուն գոհացում կու տար, քանի որ «արքաներու արքայ»ն տակաւին անոր կրօնական համոզմունքին, հաւատալիքներուն, անոր եկեղեցիին յայտնապէս ձեռք չէ՛ր տուած։ Մօտեցաւ եւ այս րոպէն։
449 թուականի վերջերը Միհրներսեհը Յազկերտի կողմէն նամակ մը ուղարկեց հայոց նշանաւոր նախարարներուն եւ բացարձակօրէն առաջարկեց թողուլ քրիստոնէութիւնը եւ զրապաշտական վարդապետութիւնը ընդունիլ։ (Զրապաշտութիւն=կռապաշտութիւն)։
Այս նամակին պատասխանելու համար 450 թուականին սկիզբները հայոց իշխաններու հրաւէրով ժողով մը գումարուեցաւ Արտաշատի մէջ։ Ժողովին ներկայ գտնուեցան 18 եպիսկոպոսներ, բազմաթիւ երէցներ ու վանականներ, իսկ հայ իշխաններէն անոնք՝ որոնք ներկայ էին եւ Շահապիվանի ժողովին, այսինքն՝ Վասակ Սիւնին, Վրիւ Խորխոռունին, Վարդան Մամիկոնեանը, Արշաւիր Կամսարականը, Վահան Ամատունին եւ այլք, ընդամէնը 18 հոգի։
Ժողովը ընդհանուր հաճութեամբ ու ստորագրութեամբ «մերժողական պատասխան» ուղարկեցին Միհրներսեհին՝ յայտնելով պատրաստականութիւն իրենց հաւատքին համար մինչեւ իսկ նահատակուի՛լ։
Հայոց համարձակ ու ժխտողական պատասխանը մեծապէս զայրացուց արքաներու արքան եւ անոր հրամանով անմիջապէս Պարսկաստան կանչուեցան նամակը ստորագրող հայ նշանաւոր իշխանները։
Տարակոյսի մէջ կ՚իյնան հայ իշխանները՝ երթալու կամ չերթալու վերաբերութեամբ, եւ ուրեմն վերջապէս կ՚որոշեն երթա՛լ երդում տալով ճշմարտապէս հաստատո՛ւն մնալ իրենց կրօնին վրայ։
Անոնց հետ կը միանան Աղուաններ եւ Վրացիներ։
450 թուականին, Ապրիլ ամսուն հայ իշխանները կը ներկայանան արքաներու արքային՝ որ կրկին բացարձակապէս անոնցմէ կը պահանջէ՝ իբրեւ հաւատիմ ու արդարամիտ ծառայութեան նշան զրադաշտի կրօնը ընդունիլ։
Նախարարներու լռութիւնը կը խզէ Վարդան, որ իր պապերէն՝ Սահակ Պարթեւէն մանաւանդ կրօնական ընտիր դաստիարակութիւն ստացած էր, եւ ամենայն համարձակութեամբ իր կողմէն կը պատասխանէ՝ թէ պատրա՛ստ է մեռնիլ եւ ո՛չ երբեք իր հաւատքը ուրանալ։
Վարդանի այս համարձակ, անվախ ու անկաշկանդ պատասխանէն եւ Յազկերտի բարկութենէն խռոված նախարարները խորհելու եւ վերջնական պատասխանը տալու համար մի քանի օր պայմանաժամ կը խնդրեն՝ նկատի ունենալով առաջարկուած եւ արծարծուած խնդրին ծանրակշռութիւնը։
Նախարարներու խորհուրդը այս ծանր ու դժուար կացութենէն ազատուելու համար ուրիշ որեւէ ելք չեն կրնար գտնել, բայց եթէ առ երեսս թագաւորին կամքը կատարել եւ ուրեմն Վարդան Մամիկոնեանն ալ եւս կը համոզեն այսպէս վարուիլ։
Այս առաջարկին մեծապէս կ՚ուրախանայ Յազկերտ, երբ նախարարներուն որոշումը կը լսէ եւ անոնց ներկայութիւնը մեծամեծ ընծաներով պատուելէ յետոյ՝ շտապով Հայաստան կ՚ուղարկէ զանոնք բազմաթիւ մոգերու ընկերակցութեամբ՝ պատուէր տալով մէկ տարուան ընթացքին ամբողջ Հայաստանի դարձը գլուխ հանել։
Մոգական բանակը նախարարներու հետ Հայաստան կը հասնին Յունիս 1, 450 թուականին, եւ կը հաստատուին Անգղ գիւղաքաղաքը։
Բայց մինչեւ այս բանակի Հայաստան հասնելը՝ արդէն նախարարներու «ուրացութեան համբաւ»ը շատոնց հասած էր եւ պատճառ դարձած էր ընդհանուր շփոթութեան։ Վիճակաւոր եպիսկոպոսներ ժողովուրդը սկսան դրդել՝ պաշտպանելու եկեղեցին հաւատուրաց իշխաններու դէմ…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 22, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024