ԱԼԱ. «ՃԻԶՐԷԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՎԵՐՋԱՆԱԼ ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ»
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա յայտարարեց, որ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութիւնները քանի մը օրուան ընթացքին պիտի աւարտին Ճիզրէի մէջ։
ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որու մասնակցեցան երկրի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան քաղաքներու երեսփոխանները։ Այս ժողովէն վերջ Էֆքեան Ալա պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Ըստ իրեն, Շըրնաքի Ճիզրէ գաւառարկէն ներս 99 տոկոսով վերջացած են աշխատանքները՝ լարուած թակարդներու չէզոքացման եւ փորուած խրամատերու փակման ուղղութեամբ։ Իսկ Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր գաւառակէն ներս, նախարարին բացատրութիւններով, գործողութիւնները տակաւին պիտի շարունակուին։
Մինչ այդ, Վարչապետ Տավուտօղլու Չանքայայի ապարանքին մէջ հիւրընկալեց նաեւ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններէ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի մաքրագործուի ահաբեկչութենէն։