ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի իր շփումները տեղի պիտի ունենան այս ամսուան կէսերուն։ Վերջին անգամ Էրտողան Ատրպէյճան այցելած էր անցեալ տարուան կէսերուն։ Ներկայիս կը ճշդուին յառաջիկայ այցելութեան մանրամասնութիւնները, ժամկէտն ու տեւողութիւնը։ Պաքուի մէջ Էրտողան պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
APA գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողանի այցելութեան ընթացքին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Ատրպէյճան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստը։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յառաջացած լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Էրտողան առաջին անգամ պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Ան-գարա ներկայիս թափով որոնումներ կ՚իրականացնէ ուժանիւթի այլընտրանքային միջոցներ գտնելու համար, ինչ որ կ՚աւելցնէ Պաքուի դերը։