ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՕԹ ԵՐԳԸ…

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով ամ­փո­փեց ան­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­րին։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, բնա­կա­նա­բար, ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ զբա­ղե­ցու­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ մօ­տա­կայ օ­րե­րուն նոր հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ան յայտ­նեց, թէ հայ­կա­կան կող­մը յանձ­նա­ռու է շա­րու­նա­կել աշ­խա­տան­քը ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հար­ցին ուղ­ղու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար այ­լընտ­րանք չկայ։ Նալ­պան­տեա­նի խօս­քե­րով, Ատր­պէյ­ճան չի յա­ջո­ղիր իր ա­ռա­ւե­լա­պաշտ ու միա­կող­մա­նի դիր­քո­րո­շու­մը ըմբռ­նե­լի դարձ­նել մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար, իսկ հայ­կա­կան կող­մը կը խօ­սի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հետ միեւ­նոյն ձայ­նով։

Ըստ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, միջ­նորդ­նե­րը ստի­պուած են գոր­ծադ­րել բա­զում ջան­քեր ոչ թէ յա­ռա­ջըն­թա­ցի հաս­նե­լու, այլ ի­րա­վի­ճա­կը սրե­լու ուղ­ղեալ Ատր­պէյ­ճա­նի փոր­ձե­րը կան­խե­լու հա­մար։ Նա­խա­րա­րը յի­շե­ցուց, որ ան­ցեալ տա­րի միջ­նորդ­նե­րը ը­րած են քա­նի մը յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, ա­նոնց մէկ մա­սը հա­սա­րա­կու­թեան կար­ծի­քով ան­հաս­ցէ էր։ Ատր­պէյ­ճան կը ձե­ւաց­նէ, որ ա­նոնք ի­րեն չեն վե­րա­բե­րիր։ Ար­դիւն­քին միջ­նորդ­նե­րը ստի­պուած էին ուղ­ղա­կիօ­րէն նշել, թէ ո­րո՛ւ կը վե­րա­բե­րին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը եւ կոչ ը­րին կա­տա­րել ստանձ­նուած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար։ Նալ­պան­տեա­նի դի­տարկ­մամբ՝ յա­ռա­ջըն­թա­ցը ան­կա­րե­լի է, ո­րով­հե­տեւ կող­մե­րէն մէ­կը ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ տա­պա­լե­լու հա­մար հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ներգ­րաւ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան՝ Նալ­պան­տեան յի­շե­ցուց, թէ այդ մա­սին բազ­միցս խօ­սած են միջ­նորդ­նե­րը, այս հան­գա­ման­քը փաս­տա­թուղ­թե­րու մէջ կը յի­շա­տա­կուի։ Ընդ ո­րում, խօս­քը ոչ թէ եզ­րա­փա­կիչ փու­լի մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին է, այլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ամ­բողջ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մաս­նակ­ցու­թեան շուրջ։

«Ատր­պէ­ճա­նի մէջ եօթ երգ գի­տեն, եօթն ալ՝ հա­յե­րու մա­սին», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճան ան­հա­մա­չա­փօ­րէն կ՚ազ­դէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վրայ եւ այդ երկ­րի ոչ-շի­նիչ քայ­լե­րուն հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջըն­թաց չկայ այդ գոր­ծըն­թա­ցէն ներս։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ վեր­ջին օ­րե­րուն  իս­լա­մա­տեա­ցու­թեամբ մե­ղադ­րեց Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Նալ­պան­տեան մաս­նա­ւո­րա­պէս մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց կրօ­նա­կան գոր­ծօ­նի շա­հարկ­ման շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան գիր­կը իյ­նալ եւ իս­լա­մա­տեա­ցու­թեամբ մե­ղադ­րել հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը։ «Դժուար է ե­րե­ւա­կա­յել, բայց ա­նոնք կ՚ը­սեն՝ քա­նի որ Ատր­պէյ­ճան իս­լա­մա­կան եր­կիր մըն է, իսկ հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը իս­լա­մա­տեաց են, այս պատ­ճա­ռով դէմ կը գոր­ծեն Ատր­պէյ­ճա­նին։ Պէտք է գի­տակ­ցին, թէ կրօ­նա­կան գոր­ծօ­նի շա­հար­կու­մը յատ­կա­պէս ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, շատ վտան­գա­ւոր է եւ ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ ա­նոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծեն այս բա­նը։ Զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու մօտ այդ­պի­սի փոր­ձեր ը­րած են։ Այս ան­գամ ուղ­ղա­կի կը մե­ղադ­րեն հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը իս­լա­մա­տեա­ցու­թեան մէջ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ շեշ­տեց, որ այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ Ատր­պէյ­ճան կը մե­ղադ­րէ Հա­յաս­տա­նը՝ իր բո­լոր ձա­խո­ղում­նե­րուն հա­մար։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նալպանեան ընդգծեց նաեւ, որ Երեւան կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։

«ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՉԿԱՅ»

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ նաեւ Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան ա­ռանց­քի առ­կայ կա­ցու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիոյ ոչ-շի­նիչ դիր­քո­րոշ­ման հե­տե­ւան­քով ո­րե­ւէ դրա­կան փո­փո­խու­թիւն չ՚ար­ձա­նագ­րուիր Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ան­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­րուան ըն­թաց­քին, ըստ Նալ­պան­տեա­նի, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած է իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ հայ­կա­կան կող­մի սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րոշ­ման նկատ­մամբ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան խօ­սե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ Ան­գա­րա­յի կող­մէ որ­դեգ­րուած դիր­քո­րոշ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ Ան­գա­րա­յի դիր­քո­րոշ­ման մէջ ո­րե­ւէ նոր բան չկայ։ Նալ­պան­տեա­նի բնո­րո­շու­մով, տա­րօ­րի­նակ են Թուր­քիոյ կող­մէ կրկնուող տե­սա­կէտ­նե­րը, ըստ ո­րոնց հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ան­կա­րե­լի է կար­գա­ւո­րել, քա­նի տա­կա­ւին լու­ծուած չէ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Ան տա­րօ­րի­նակ հա­մա­րեց, որ պայ­ման­ներ յա­ռաջ կը քշուին ո՛չ թէ Հա­յաս­տա­նի, այլ՝ Թուր­քիոյ կող­մէ։ «Սա տա­րօ­րի­նակ է, թէեւ տա­րօ­րի­նակ կ՚ըլ­լայ տրա­մա­բա­նու­թիւն փնտռել Թուր­քիոյ հռե­տո­րու­թեան մէջ», ը­սաւ ան։

Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին։ Ըստ ի­րեն, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րուն մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման, ինչ­պէս նաեւ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղուած նոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ճա­նա­պար­հին Հա­յաս­տա­նի ջան­քե­րը պի­տի ըլ­լան շա­րու­նա­կա­կան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016