ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 2016-ի տարեմուտին համայն աշխարհի հայութեան տեղեկացուց, թէ որոշած է ընդարձակել իր գործունէութեան ծիրը ու նոր երանգներ աւելցնել անոր վրայ։ Որպէս հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցը՝ ՀԲԸՄ-ի որդեգրած նոր նպատակներուն շուրջ հանրային կարծիքը կը լուսաբանուի լայնօրէն։ Այս կարեւոր անկիւնադարձի սեմին աշխարհի հայութեան ամենազդու դէմքերէն մին՝ ռուսահայ գործարար ու բարերար Ռուբէն Վարդանեանն ալ ընտրուած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Ստորեւ կը հրատարակենք համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
*
Երկու տարիներու վրայ երկարող սերտողութեան, քննարկումներու, վերլուծումի եւ պատրաստութեան երկար աշխատանքներէ ետք, քաջալերուած 2015-ի միջոցառումներուն առիթով աշխարհի տարածքին հայերու ցուցաբերած ուժեղ զօրակցութենէն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը այսու հանրութեան կը ներկայանայ, մեկնարկելու համար իր ազգային առաքելութեան վերամշակուած եւ ընդարձակուած ծիրը ներկայացնող յանդուգն ծրագիրը:
Իր հիմնադրութենէն ասդին, հարիւր տարիներ շարունակ համաշխարհային այս բարեսիրական հայկական մեծագոյն կազմակերպութիւնը, պաշտպանած եւ պահպանած է հայ ինքնութիւնը եւ ժառանգութիւնը սփիւռքի տարածքին, տիրական ներկայութիւն մը ըլլալով աւելի քան երեսուն երկիրներու մէջ: 1991-ին Հայաստանի անկախութենէն ետք, ՀԲԸՄ իր առաքելութիւնը ընդարձակեց հայրենիքի մէջ բարեսիրական եւ մշակութային ու կրթական հիմնարար ծրագիրներով:
ՀԲԸՄ-ի այս նոր նախաձեռնութիւնը, որ կը նպատակադրէ բռնութեամբ կոտորակուած ու սփիւռքի տարածքին տարտղնուած հայ ազգի վերակազմումը, նոր դարաշրջան մը կը սկսի աշխարհի տարածքին հայութեան կազմակերպումին ուղղութեամբ:
ՀԲԸՄ այս ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ, հիմնուած Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ իր իրականացուցած յաջող նախաձեռնութիւններու փորձառութեան վրայ:
2015-ը նշանաւորուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակով: Ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարածքին իրականացուած լայնածաւալ ձեռնարկներով, հայ ժողովուրդը հպարտօրէն եւ արժանապտուութեամբ, շահած ըլլալով աշխարհի համակրանքը եւ զօրակցական բարի տրամադրութիւնները, իր ետին կը թողու ցաւագին 100-ամեակը:
Հարիւր տարուան վերապրումի, գոյապահպանումի, վերականգնումի եւ բարգաւաճումի ի խնդիր ոգի ի բռին պայքարէ ետք, որուն ընթացքին բազմաթիւ կազմակերութիւններու հերոսական աջակցութիւնը ունեցաւ ան, հայ ժողովուրդը կը գտնուի պատմական անկիւնադարձի մը առջեւ: Որպէս վերականգնած հաւաքականութիւն, դար մը շարունակ իրականացուցած իր ձեռքբերումներուն գիտակից՝ հայութիւնը յանձնառութեամբ կը փարի 100-ամեակի նշանաբանին՝ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Միաժամանակ ան կը դիմագրաւէ ազգովին իրապէս կենսունակ եւ բարգաւաճ ըլլալու մարտահրաւէրը: Մարտահրաւէր՝ որ կ՚ընդգրկէ նաեւ սրբադասուած մարտիրոսներու յիշատակին եւ վերապրողներուն ընձեռուած ազնիւ աջակցութիւններուն արժանի երախտաւորները ըլլալու պատասխանատուութիւնը:
Որպէս հիմք ունենալով իր ազգային փայլուն գործունէութիւնը, ՀԲԸՄ ինքնավստահութեամբ առաջ կ՚ընթանայ 21-րդ դարու յատուկ մարտահրաւէրներուն դէմ, որպէսզի ապահովէ հայ ազգին համար կայուն ապագայի մը հիմերը, որոնց կորիզը կը կազմէ Հայաստանը:
Այս վիթխարի նպատակի իրագործումին համար ՀԲԸՄ պիտի իրականացնէ ծրագրային հետեւեալ քայլերը.
Վերաշխուժացնել հայկական սփիւռքը՝ անոր մէջ հրահրելով հայ ազգը վերակազմելու ձգտումը:
Ընդարձակել Միութեան ազգային առաքելութեան ծիրը, իր ընկերային-մշակութային պատմական նպատակներուն առընթեր՝ ընդգրկելով հայրենիքի տնտեսական զարգացումը:
Արհեստավարժ տարրերով աւելի եւս զօրացնել իր կազմակերպչական կառոյցները եւ անոնց աշխատունակութիւնը:
Ծաւալել շեշտուած աշխատանք, ապահովելու համար նիւթական խոշոր ներդրումներ եւ հիմնադրամներ, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն նոյն ձգտումներով գործող կազմակերպութիւններու հետ՝ Միութեան միջոցները եւ կարելիութիւնները զօրացնելու եւ ընդարձակելու նպատակով:
Ընդարձակել եւ վերաշխուժացնել աշխարհատարած մեր գործօն կամաւորներու եւ համակիրներու ցանցերը:
Ներուժի համադրեալ ուժեղացում ապահովել այլ կազմակերպութիւններու հետ ընկերակցութեամբ՝ արագ եւ ծաւալուն ձեռքբերումներ իրականացնելու համար:
Իր այս նոր կողմնորոշումով, ՀԲԸՄ կը վերականգնէ 20-րդ դարու սեմին իր հիմնադիրներու սկզբնական ռազմավարութիւնը եւ տեսլականը, որ պարտադրաբար փոփոխութեան ենթարկուած էր Ցեղասպանութեան պատճառով:
Այս նախաձեռնութեան ուղղութեամբ իբր առաջին քայլ, ՀԲԸՄ հպարտութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ռուբէն Վարդանեան ընտրուած է Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ:
Ռուբէն Վարդանեան Հայաստան ծնած յաջող գործարար մըն է, որ համաշխարհային համբաւ կը վայելէ որպէս Ռուսաստանի տնտեսական մարզի եւ զարգացող շուկաներու փորձագէտ ու միջազգային բարերար: Գործարարական իր գլխաւոր իրագործումներէն է հռչակաւոր Troika Dialog ներդրումային դրամատունը, զոր ինք կերտած էր 1991-էն 2012 տարիներուն, ապա զայն ծախելով Ռուսաստանի մեծագոյն դրամատան՝ Sberbank-ին: 2001-ին Ռուբէն Վարդանեան համահիմնադիրներէն էր «Հայաստան 2020» զարգացման հեռանկարային տեսլականի մշակման ծրագրին, ընկերակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Դոկտ. Նուպար Աֆէյեանի: Աւելի ետք, իրականացաւ «Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնարկ»ը 2007-ին, որ անհատական-հանրային համատեղ ընկերակցութիւն մըն է: Ի վերջոյ՝ նաեւ IDeA Initiatives for Development of Armenia - «Հայաստանի Զարգացման նախաձեռնութիւններու հիմնարկ»ը: 2013-ին հիմնուած այս հզօր կազմակերպութիւնը 300 արհեստավարժներ ընդգրկող պաշտօնէութեամբ, կը գործէ Հայաստանէն դուրս եւ ընկերային տնտեսական ծաւալուն ծրագիրներ կը յայտնաբերէ, կը ծրագրէ ու կը գործադրէ Հայաստանի մէջ: Անցնող տարիներուն, հիմնարկը աւելի քան 300 միլիոն ամերիկեան տոլարի ներդրում կատարած է, իրականացնելով շարք մը ակնառու ծրագիրներ, ինչպէս՝ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը, Դիլիջանի UWC-ի (United World Colleges) անդամ «Միջազգային գոլէճ»ը եւ «Դիլիջանի քաղաքային վերանորոգման ծրագիր»ը:
2015-ին, համահիմնադիրներ Դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի (Carnegie Foundation) եւ Դոկտ. Աֆէյեանի ընկերակցութեամբ, Պրն. Վարդանեան մեկնարկեց 100 LIVES Հարիւր կեանքեր ծրագիրը, միաժամանակ հիմնելով նաեւ համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը՝ Aurora Prize for Awakening Humanity: Այս մրցանակը, որուն տուչութիւնը առաջին անգամ պիտի կատարուի Երեւանի մէջ 2016-ի Ապրիլին, 1 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի նուիրէ աշխարհաքաղաքացիներու եւ կազմակերպութիւններու, որոնք իրենց կեանքերը վտանգելով կը փրկեն ուրիշներ, որոնք դժբախտութեան մատնուած են: Այս մրցանակը հիմնուած էր 2015-ին, որպէս վերապրածներու կողմէ երախտագիտական արտայայտութիւն բոլոր անոնց, որոնք հայ կեանքեր փրկած էին: Մրցանակը կը միտի նաեւ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ներկայիս տիրող մարդկային անարդարութեան երեւոյթներու վրայ եւ ճանաչումի արժանացնել արդի մարդասիրական քաջարի արարքներ:
Այս առթիւ, ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր խանդավառութիւնը արտայայտեց ըսելով. «Ես մեծ հաճոյքով եւ հպարտութեամբ կ՚ողջունեմ Ռուբէն Վարդանեանը՝ որպէս Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ: Ուրախ եմ, որ մեր նախաձեռնութիւններուն ի նպաստ յատկանշական քայլ մը կը հանդիսանայ ասիկա: Աւելի քան քսան տարիներ ճանչցած ըլլալով Պրն. Վարդանեանը, զինք կը նկատեմ յաջողած հայու տիպարը՝ իր բազմաթիւ իրագործումներով, անհատական արժանիքներով եւ անխախտ ուղղամտութեամբ: Իր գործով ան կը մարմնաւորէ հայ ազգի ապագային նկատմամբ տեսիլքի, նպատակասեւեռ կիրքի եւ նուիրումի համադրութիւն մը: Որպէս արդի գործարար եւ բարերար, Ռուբէն Վարդանեան կը դրսեւորէ խանդավառող ներուժ եւ նորարար փայլուն յղացքներ IDeA-ի միջոցաւ, որուն գործակից է նաեւ ՀԲԸՄ-ը: Ի Վերջոյ, որպէս Ռուսաստանի քաղաքացի, ան կենսական կապ մը կը հանդիսանայ մեզի համար, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մեր կարեւոր համայնքներուն հետ: Համոզուած ենք, որ ան կարեւոր դեր պիտի կատարէ մեր ազգային առաքելութեան նոր տեսլականի իրագործումին ուղղութեամբ: Ուրախութեամբ կ՚ողջունենք իր մասնակցութիւնը»։
Այս առթիւ յայտարարուեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի եւ IDeA-ի միջեւ սերտ գործակցութիւն մշակելու տրամադրութիւնը՝ Հայաստանի մէջ իրագործուող ծրագիրներու ուղղութեամբ: Առ այդ, Պերճ Սեդրակեան եւ Վազգէն Եագուպեան IDeA-ի հոգաբարձական կազմի անդամ ընտրուեցան, միանալով նոյն մարմնին մաս կազմող միութեան Կեդրոնական վարչական կազմի անդամներէն Նուպար Աֆէյեանին:
Իր կարգին, IDeA-ի հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան ըսաւ. «Ինծի համար պատիւ եւ առանձնաշնորհում կը նկատեմ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամակցութիւնս: Այս կազմակերպութիւնը անցնող հարիւր տարիներուն, հայ ազգի գոյապահպանումին ամենայատկանշական մղիչներէն մին հանդիսացած է, հետեւողական եւ ազնիւ գործունէութեամբ, զորս ծաւալած է ան աշխարհի տարածքին իր բազմաթիւ համայնքներուն միջոցաւ: ՀԲԸՄ-ը լաւագոյնս դիրքաւորուած է ըլլալու համար հայրենիքի բարգաւաճման գլխաւոր լծակներէն մին, ինչպէս նաեւ ուղղութիւն տալու 21-րդ դարու հայ տիպարի կերտումին: Ես խորապէս յանձնառու եմ իմ ճիգերս, փորձագիտութիւնս, բարեսիրական կարելիութիւններս եւ կշիռս ի գործ դնելու ի նպաստ այս ազնիւ կազմակերպութեան աշխատանքին: Խանդավառ եմ նաեւ ՀԲԸՄ-ի եւ IDEA-ի միջեւ զարգացող համագործակցութեամբ եւ մեր ծրագրային կողմնորոշումով, որ կը միտի հզօր ուժ յառաջացնել աշխարհի տարածքին հայ ժողովուրդի յառաջդիմութեան համար»։
Այս յայտարարութեան առիթով, Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Նուպար Աֆէյեան յաւելեալ լուսաբանութիւններ կատարեց: Ան ըսաւ. «Երկու տարի առաջ անդամակցելով ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովին, հաճոյքը ունեցած եմ մօտէն աշխատակցելու Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ բազմաթիւ այլ անդամներու հետ, ՀԲԸՄ-ի ապագայի ուղղուած տեսլականի ծիրը լայնցնելու ուղղութեամբ: Սերտօրէն գործակցած ենք նաեւ Ռուբէնին եւ IDeA հիմնարկին հետ, մշակելու համար այն ուղեգիծը, զոր պիտի իրականացնէ ՀԲԸՄ-ի նոր գործընթացի ծրագիրը: Այդ միջոցին, մենք գործակցական արդիւնաւէտ կապեր հաստատեցինք նաեւ ստեղծագործական ճարտարագիտութեան ԹՈՒՄՕ հիմնարար կեդրոններու հիմնադիր եւ ՀԲԸՄ-ի Վարչական ժողովի անդամ Սէմ Սիմոնեանի հետ: Այժմ երբ իմ երկար տարիներու գործակից Ռուբէն Վարդանեան կը միանայ ՀԲԸՄ-ի Վարչական ժողովի կազմին, բոլորս խանդավառ ենք անցնելու կազմակերպչական փոխակերպումի մեր ծրագրի յաջորդ հանգրուանին: Խթանուած 100-ամեակի ընթացքին հայութեան ցուցաբերած ներուժով, մենք գիտակցութեամբ կը դիմագրաւենք մեր դիմաց եղող մարտահրաւէրները եւ պատեհութիւնները»։
«Ասիկա ծաւալուն գործակցութիւններու եւ յառաջընթացի խանդավառ նոր հանգրուան մը կը հանդիսանայ ՀԲԸՄ-ի հանար», հաստատեց Միութեան փոխ-Նախագահ Սէմ Սիմոնեան ու ըսաւ. «Ես յատկապէս խանդավառ եմ ԹՈՒՄՕ կեդրոններու, Դիլիջանի Միջազգային գոլէճի եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ընձեռած կարելիութիւններով, որոնք նոր մղում կ՚ապահովեն ՀԲԸՄ-ի կրթական ծրագիրներուն»։