ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ - Գ -

Բայց մին­չեւ այս բա­նա­կին եր­կիր հաս­նի­լը՝ ար­դէն նա­խա­րար­նե­րու ու­րա­ցու­թեան համ­բա­ւը հա­սած էր եւ ընդ­հա­նուր շփո­թու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած։ Մինչ վի­ճա­կա­ւոր ե­պիս­կո­պոս­ներն ալ ի­րենց վի­ճակ­նե­րը վե­րա­դար­ձած էին, քո­րե­պիս­կո­պոս­նե­րը՝ գիւ­ղերն ու ա­ւան­նե­րը, եւ կը դրդէին թէ՝ գիւ­ղա­ցի­նե­րը եւ ա­զատ­նե­րը պէ՛տք է պաշտ­պա­նեն ե­կե­ղե­ցին ի­րենց հա­ւա­տու­րաց իշ­խան­նե­րուն դէմ՝ կռուին եւ պատ­ժեն զա­նոնք։

Նա­խա­րար­նե­րը շատ շփո­թած էին։ Ա­նոնք երբ տե­սան հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ ի­րենց մեր­ձա­ւոր­նե­րը՝ այս ընդ­դի­մա­դիր բարձր ու ազ­նիւ ո­գին շուա­րե­ցան։ Բայց միւս կող­մէ, չէին հա­մար­ձա­կեր իս­կոյն միա­նալ այս զայ­րա­ցած ամ­բո­խին հետ եւ պար­սիկ­նե­րու դէմ ապս­տամ­բու­թեան դրօշ բարձ­րաց­նել, այլ կ՚աշ­խա­տէին հա­մո­զե­լով ու բա­ցատ­րե­լով ի­րենց կա­տա­րած գոր­ծը՝ ժո­ղո­վուր­դը հան­դար­տեց­նել։

Սա­կայն մո­գե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ա­նոնց ան­համ­բեր փա­փա­քը՝ քրիս­տո­նէա­կան տա­ճար­նե­րը փա­կե­լու եւ ա­նոնց տեղ ատ­րու­շան­ներ շի­նել՝ ժո­ղո­վուր­դին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու գրգռմուն­քը ա­ռա­ւել եւս կը սաս­տակց­նէին։ Եւ այդ «ար­դար զայ­րոյթ»ը ա­ռա­ջին ան­գամ բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ՚ար­տա­յայ­տուի Ան­գղ գիւ­ղի Ղե­ւոնդ ե­րէ­ցի ձեռ­քով, երբ մոգ­պե­տը փորձ մը կ՚ը­նէ, ժո­ղո­վուր­դին տրա­մադ­րու­թիւ­նը հասկ­նա­լու հա­մար։

Վա­սակ մարզ­պա­նը, կեր­պով մը կ՚աշ­խա­տի խա­թա­րել ու կա­սեց­նել, բայց հայ նա­խա­րար­նե­րէն ո­մանք այս դէպ­քէն օգ­տուե­լով կը ստի­պեն Վար­դա­նը յայտ­նա­պէս ապս­տամ­բու­թեան դրօշ բարձ­րաց­նել, կար­ծե­լով, թէ այդ ապս­տամ­բու­թիւ­նը կորս­տա­բեր կ՚ըլ­լայ ի­րենց անձ­նա­կան թշնա­մի Վա­սա­կի հա­մար։

(Պէտք է յի­շել, թէ՝ «Վա­սակ» ա­նու­նը գոր­ծա­ծուած է հա­յե­րու մէջ սկսեալ Ա­ռա­ջին դա­րէն մին­չեւ 19-րդ դար։ «Vaso» բա­ռէն կրճա­տուած է՝ որ կը նշա­նա­կէ. «ինք­նիշ­խան, ա­զատ»։ Այս ա­նու­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը դադ­րած է, քա­նի որ «վա­սակ» ա­նու­նը սկսած է գոր­ծա­ծուիլ իբր «մատ­նիչ» եւ «դա­ւա­ճան» բա­ռե­րուն հո­մա­նիշ)։

­Վար­դան սկիզ­բէն կը տա­տա­նուէր ապս­տամ­բիլ, բայց ա­ւե­լի վերջ յօ­ժա­րե­ցաւ, եւ միա­բան ու հա­մա­ձայն նա­խա­րար­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու հետ՝ աշ­խա­տե­ցաւ Վա­սա­կին եւս նոյն մտքի կող­մը շա­հիլ։ Վա­սակ եւ նոյն­պէս կը տա­տա­նուէր եւ կը տա­րա­կու­սէր, բայց ստի­պուած միա­բա­նած է ե­կե­ղե­ցա­սէր իշ­խան­նե­րու հետ եւ եր­դում կա­տա­րած է՝ «ա­րիւն թա­փել քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի եւ մեղ­քե­րու թո­ղու­թեան հա­մար»։

­Հայ աշ­խար­հի մե­ծա­մեծ­նե­րու այս միա­հա­մուռ ուխ­տը մե­ծա­պէս քա­ջա­լե­րած է հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ ընդ­հա­նուր ո­գե­ւո­րու­թե­նէն դրդուած հայ զօր­քի մէկ մա­սը իս­կոյն ատ­րու­շան կոր­ծա­նած է, յան­ցանք մը՝ որ մե­ծա­պէս ու խստու­թեամբ կը պատ­ժուէր Պարս­կաս­տա­նի մէջ։ Նաեւ բա­ւա­կան թի­ւով մո­գեր ալ կո­տո­րուե­ցան այդ ընդ­հա­նուր ո­գե­ւո­րու­թե­նէն դրդուած։ Այս­պէս ա­հա­ւա­սիկ, սկսաւ հա­յոց ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թիւ­նը։

Այ­նու­հե­տեւ Պար­սիկ­նե­րու ձեռ­քէն մի առ մի առ­նուե­ցան նշա­նա­ւոր բեր­դեր, եւ կոր­ծա­նուե­ցան կրա­կատ­նե­րը։ Բայց հետզ­հե­տէ հասկ­նա­լով գոր­ծին ծան­րու­թիւ­նը՝ Վար­դան անհ­րա­ժե՛շտ գտաւ յոյ­նե­րու, ինչ­պէս եւ «յու­նա­բա­ժին հայ»ե­րու օգ­նու­թեան դի­մել, մա­նա­ւանդ որ պար­սիկ­ներ ար­դէն ա­հա­գին պատ­րաս­տու­թեամբ Ա­ղուան­նե­րու երկ­րէն Հա­յոց եր­կի­րը մտնե­լու կը պատ­րաս­տուէին։

Ուս­տի ամ­բողջ հայ աշ­խար­հի կող­մէ «պա­ղա­տա­կան նա­մակ» գրուե­ցաւ յու­նաց Թէո­դոս կայ­սեր, որ օգ­նէ ու պաշտ­պան կանգ­նի հայ աշ­խար­հին։

Բայց Թէո­դոս կայս­րը ճիշդ այդ ժա­մա­նակ վախ­ճա­նե­ցաւ, եւ ա­նոր յա­ջորդ Մար­կիա­նոս կայս­րը ա­ռան­ձին դես­պա­նու­թեամբ վստա­հե­ցուց Յազ­կեր­տը, թէ բնա՛ւ պի­տի չօգ­նէ հա­յե­րուն։

Յոյ­ներ անլ­սող գտնուե­ցան ի­րենց ա­րե­նա­կից ու հա­ւա­տա­կից հայ եղ­բայր­նե­րու ձայ­նին ու յու­նաց բաժ­նի հայ իշ­խան­նե­րը, եւ այս­պէս Պար­սիկ­նե­րու բաժ­նի հա­յե­րը մի­միայն ի­րենց ու­ժին ու կա­րո­ղու­թեան թո­ղուե­ցան։

Տա­կա­ւին հայ դես­պան­ներ չէին վե­րա­դար­ձած, երբ Վար­դան թէ՛ իր հայ­րե­նի­քը, եւ թէ միան­գա­մայն Ա­ղուան­նե­րու եր­կի­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար, եւ այս­տեղ ծանր հա­րուած մը հաս­ցուց Պար­սիկ­նե­րուն։

Սա­կայն այս յաղ­թու­թեան խնդու­թիւնն ու ու­րա­խու­թիւ­նը նսե­մա­ցաւ, երբ լուր հա­սաւ, թէ ի՛նչ­պէս Վա­սակ ընդ­հա­նուր ուխ­տէն հրա­ժա­րե­լով ու հե­ռա­նա­լով, եւ ի­րեն կող­մը գրա­ւե­լով նաեւ ե­րե­ւե­լի ու նշա­նա­ւոր նա­խա­րար­ներ՝ Պար­սիկ­նե­րու հետ միա­տեղ, ա­նոնց միա­նա­լով, ե­կե­ղե­ցի­ներ կո­ղոպ­տել, քա­հա­նա­ներ բան­տար­կել եւ հա­յե­րու բեր­դե­րը Պար­սիկ­նե­րու յանձ­նե­լու սկսած է։

Վար­դան իր զօր­քով շտա­պեց Ա­րա­րա­տեան աշ­խար­հը՝ 450 թուա­կա­նի վեր­ջե­րը. իսկ Վա­սակ քա­շուե­ցաւ Սիւ­նեաց եր­կի­րը։

Ի­րենց դրու­թիւ­նը ճշդու­թեա՛մբ Յազ­կեր­տին ի­մաց­նե­լու եւ գոր­ծը խա­ղա­ղու­թեա՜մբ վեր­ջաց­նե­լու հա­մար՝ Վար­դա­նանք, նշա­նա­ւոր պար­սիկ մը ու­ղար­կե­ցին Պարս­կաս­տան՝ երկ­րի ներ­կայ խռո­վու­թեան բո­վան­դակ պատ­ճա­ռը Վա­սա­կին վրայ ձգե­լով։

Միւս կող­մէն, Վա­սա­կը եւս պատ­գա­մա­ւոր ու­ղար­կեց՝ բո­լոր ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ ե­կե­ղե­ցա­կան դա­սը հա­մա­րե­լով։

Իսկ Յազ­կերտ՝ հասկ­նա­լով երկ­րի վի­ճա­կը, թո­ղու­թեան հրո­վար­տակ հա­նեց, կրօ­նի կա­տա­րեալ ա­զա­տու­թիւն շնոր­հեց եւ յափշ­տա­կուած կա­լուած­նե­րու վե­րա­դար­ձու­մը ա­պա­հո­վեց։

Ար­քա­նե­րու ար­քա­յի այս հրո­վար­տա­կը ի­րեն կու­սա­կից քա­հա­նա­նե­րու ձեռ­քով տա­րա­ծեց Վա­սակ, բո­վան­դակ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ յոր­դո­րե­լով մա­նա­ւանդ հայ գեղ­ջու­կին ու իշ­խան­նե­րուն՝ հե­ռա­նալ Վար­դա­նէն եւ ա­նոր հետ չկոր­սուի՛լ։

Եւ ար­դա­րեւ՝ շա­տե­րը հե­ռա­ցան…։

Բայց շու­տով պար­զուե­ցաւ, որ «թո­ղու­թեան հրո­վար­տակ»ը պատ­րանք մըն էր պար­զա­պէս եւ թէ 451 թուա­կա­նին՝ Զատ­կին՝ պար­սիկ­նե­րը ա­պա­հո­վուած էին որ յոյ­նե­րը, ո­րոնց կը վստա­հէին հա­յե­րը, պի­տի չօգ­նէին ի­րենց ո՛չ մէկ կեր­պով, մեծ բա­նա­կով մը մտան հա­յոց եր­կի­րը։

Վար­դան կոչ ը­րաւ ժո­ղո­վուր­դին՝ հայ­րե­նի­քը ե՛ւ ե­կե­ղե­ցին պաշտ­պա­նե­լու հա­մար եւ հա­սա­րակ շի­նա­կան­ներ, իշ­խան­ներ, կտրիճ­ներ հա­ւա­քուե­ցան Ա­ւա­րայ­րի գիւ­ղին մօտ…։

- Յա­ջոր­դով՝ «Վար­դա­նանք Պա­տե­րազ­մը»՝ որ է ա­ռա­ջին կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016