ՏՔԹ. ԱՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ»
Մոնրէալի ՄքԿիլ համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի ուռուցքաբանութեան բաժնի տարեկան գիտաժողովին, ձեռամբ բաժնի ղեկավարին, 2015 տարուան լաւագոյն ուսուցիչի ու դաստիարակի պարգեւը ստացաւ Տքթ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան:
Բաժնի նախագահը` Տքթ. Էտուարտօ Ֆրանքօ, ներկայացնելով պարգեւատրեալը, որ վիրաբուժութեան եւ ուռուցքաբանութեան աջակից փրոֆեսէօր է, տուաւ անոր ամփոփ կենսագրականը` նշելով յաճախած համալսարանները, ստացած բարձրագոյն վկայականները, վարած բազմաթիւ պաշտօնները, նաեւ` ստացած զանազան մրցանակներն ու պարգեւները: Տքթ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան անդամ է Գանատայի Բժշկական խորհուրդի քննութիւններու յանձնախումբին եւ Բժիշկներու եւ վիրաբոյժներու արքայական գոլէճի մասնագիտական յանձնախումբին: Ան հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու եւ հրատարակութիւններու, յատկապէս` հիմնուած իր իսկ կատարած գիտական հետազօտութիւններուն վրայ: Ներկայիս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է քաղցկեղով հիւանդներու խնամքի որակի բարելաւման, առողջապահական տեղեկաբանութեան միջոցներու համարկումին` դարմանական աշխատանքին մէջ եւ բժիշկներու ձեռնհասութեան գնահատումին ու հիւանդներու բուժման առընչութեան վրայ:
Ներկայիս ան կը գործէ ՄքԿիլ համալսարանի առողջապահական կեդրոնին մէջ` որպէս վիրաբոյժ-ուռուցքաբան եւ գիտահետազօտող: