Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆ ՌԱՏԻՈՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆ
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն նշանակուեցաւ Արման Սաղաթելեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս որոշումը առնուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօ ընկերութեան խորհուրդին կողմէ։
1975 թուականին Երեւանի մէջ ծնած Արման Սաղաթելեան 2013-2015 թուականներուն եղած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարը։ Քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու Սաղաթելեան անցեալի մէջ եղած է «Փան Արմենիան մետիա կրուփ»ի փոխ-ընդհանուր տնօրէն։ Ան եղած է նաեւ «Արմռատիօ FM 107» ռատիօկայանի տնօրէն։
Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016