ԱՆՃԷՅ ԿԱՍՊՐՉԻԿ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ։ Ան Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Կասպր­չիկ ըն­դու­նուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սա­հա­կեան-Կասպր­չիկ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու շփման գծին վրայ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր։ Հիւր դի­ւա­նա­գէ­տը Կա­րէն Միր­զո­յեա­նին հետ ալ քննար­կեց շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կը եւ եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րուե­ցաւ կա­յու­նու­թեան պահ­պա­նու­մը։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Կասպր­չի­կի գրա­սե­նեա­կին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող դի­տար­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան խնդիր­ներ։ Պաշ­տօ­նա­կան ա­ղիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Կասպր­չիկ Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նին հետ ալ անդ­րա­դար­ձաւ շփման գծի կա­ցու­թեան եւ ա­ռաջ­նա­յին գծին վրայ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող դի­տար­կում­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին այ­ցե­լել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Ըստ ի­րեն, այս այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ ո­րո­շել Զուի­ցե­րիոյ մէջ ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի տե­սակ­ցու­թեան յա­ջոր­դե­լիք քայ­լե­րու ո­րո­շուի­լը։ «Մենք կը հա­ւա­տանք, որ այս երկ­խօ­սու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է շա­րու­նա­կա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016